ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կ՛առաջարկէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնական նստավայրի փողոցը վերանուանել յայտնի իրաւապաշտպան, Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Հենրի Մորկընթաուի անունով:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահները այդ փողոցին վրայ դաժանաբար ծեծած էին խաղաղ ցուցարարներ, ներառեալ հայեր, որոնք հոն հաւաքուած էին 16 Մայիս 2017-ին, Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ բողոքելու համար