Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայ եկեղեցւոյ տօներ. Հոգեգալուստ

May 25, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Հայ եկեղեցւոյ տօներ. Հոգեգալուստ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան յիսուներորդ օրը Հոգեգալստեան տօնն է:

Յիսուսի համբարձումէն ետք աշակերտները վերադարձան Երուսաղէմ, ինչպէս որ անոնց պատուիրած էր Ուսուցիչը:

Օր մըն ալ, երբ աշակերտները Վերնատան մէջ հաւաքուած միասիրտ կ՛աղօթէին, երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ ուժեղ քամիի սուլոցը կը յիշեցնէր, եւ լեցուց ամբողջ Վերնատունը: Նոյն պահուն երեւցան բոցեր, որոնք կրակէ լեզուներու նման էին: Անոնք մէկ-մէկ իջան եւ նստան ներկաներէն իւրաքանչիւրին վրայ:

Վերնատան մէջ հաւաքուածները երկնային շնորհներ ստացան, Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Սուրբ Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:

Այդ օր աստուածային տասը պատուիրանները ստանալու տօնն էր, եւ Երուսաղէմ լեցուն էր հրեաներով ու տարբեր ազգերէ հիւրերով: Կային պարթեւներ, մարեր, յոյներ, հայեր ու ասորիներ:

Երկնային ձայնը լսելի եղած էր ոչ միայն առաքեալներուն, այլ նաեւ Երուսաղէմի ամբողջ բնակչութեան:

Կատարուած հրաշքը լսելով` բոլորը շտապեցին Վերնատուն:

Քրիստոսի աշակերտները, հաւաքուած ժողովուրդը տեսնելով, երկնային պարգեւի համար Արարիչին ուղղուած գոհութեան եւ փառաբանութեան աղօթքներով դուրս եկան անոնց ընդառաջ:

Մարդիկ ուշադրութեամբ կ՛ունկնդրէին տարբեր լեզուներով խօսող առաքեալները եւ կը հասկնային զանոնք, որովհետեւ առաքեալները իրենց համար հասկնալի լեզուներով կը խօսէին:

Մարդիկ զարմացած իրարու հարց կու տային. «Չէ՞ որ ասոնք բոլորն ալ գալիլիացիներ են, ուրեմն ինչպէ՞ս կրնան մեր մայրենի լեզուով խօսիլ: Ինչպէ՞ս կրնան իրենց չիմացած եւ չսորված լեզուներով Աստուծոյ ուղղուած այսպիսի գեղեցիկ փառաբանութիւններ ընել»:

Առաքեալներուն տարբեր լեզուներով խօսիլը կը խորհրդանշէր, որ Աւետարանը պիտի քարոզուի աշխարհի բոլոր լեզուներով եւ բոլոր երկիրներուն մէջ:

Սուրբ Հոգիով գօտեպնդուած, այդ օր երեք հազար հոգի քրիստոնեայ մկրտուեցան եւ միացան նորակազմ եկեղեցիին:

Սուրբ Հոգին անեղ է, անժամանակ ու կատարեալ: Կը բխի Հայր Աստուծմէ, էակից է Հօր ու փառակից Որդիին:

Սուրբ Հոգիով բացուեցան ու փակուեցան երկինքի սահմանները: Սուրբ Հոգին բաժնուած լեզուները կրկին միաւորեց ու վերստին նորոգեց` վկայելով, որ Աստուծոյ առջեւ այլեւս գոյութիւն չունին լեզուական եւ այլ պատնէշներ ժողովուրդներուն միջեւ:

Հոգեգալստեան տօնին, առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կ՛երգուին «Առաքելոյ աղաւնոյ» եւ «Երրորդութիւն անբաժանելի» շարականները, իսկ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն եւ կ՛ընթերցուի Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի աղօթքը:

Հոգեգալստեան տօնով կ՛աւարտի Յինանց շրջանը:

Հոգեգալստեան կիրակիին յաջորդող երկուշաբթի օրը կը սկսի Եղիական շաբաթապահքը` մինչեւ ուրբաթ օր: Անիկա Զատիկէն ետք առաջին շաբաթապահքն է եւ նկատուած է իբրեւ ամառնամուտի շաբաթապահք: Եղիական կոչուած է որովհետեւ շաբաթապահքին վերջին օրը Եղիա մարգարէին յիշատակն է:

 

Previous Post

Վարչապետն Արցախի գործընկերներին կոչ է անում պատրաստակամությամբ մոտենալ Բաքու-Ստեփանակերտ երկխոսության ձևավորման օրակարգին

Next Post

Երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ եւ Յակոբ Բագրատունի տեսակցեցան Արժանթինի դեսպանին հետ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.