ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 227
ՏԱՖԱ կեդրոնատեղիին մէջ համարեա ընդմիշտ յատուկ հրաւիրեալներու երուզեռը աշխոյժ մթնոլորտ մը ստեղծած է, յատկապէս երբ ան կը կրէ քաղաքականէ աւելի արուեստի դրոշմ: Այս շաբթուան մեր յարգելի հիւրն էր լիբանանահայ երաժիշտ, կիթառահար, դասախօս Մկրտիչ Միքայէլեան, որ փափաքած էր հրաժարեալ երեսփոխանուհի Փոլա Եագուպեանին անձամբ յանձնել իր հիմնադրած ՙԱրարատ՚ հնգեակի կատարողութեամբ, եւ ԳՈՀԱՐ համոյթի հովանաւորութեամբ լոյս աշխարհ եկած` ՙՕրեր՚ եւ ՙԱրարատ՚ երաժշտասկաւառակները:
Հետաքրքրական էր ծանօթութիւնը Մկրտիչ Միքայէլեանի նման արւեստագէտի մը, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի տարածքին, արուեստի աշխարհին մէջ հսկայական ներդրում ունեցած էր որպէս կիթառի դասախօս Լիբանանի պետական երաժշտանոցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան դպրեվանքին եւ համակարգողը` ՙԲարսեղ Կանաչեան՚ երաժշտական քոլէճի կիթառի բաժանմունքին: Ան հիմնադիրն է եւ գեղարուեստական ղեկավարը Համազգայինի Կիթառի անսամպլին եւ ՙՏաւիղ՚ նուագախումբին:
Մկրտիչ Միքայէլեանի արուեստը հասկնալէ առաջ` փորձենք ըմբռնել անոր ներշնչման տուն տուող ազդակը, որ արուեստի որեւէ արտադրութեան հուժկու, ինքնատիպ եւ մնայուն գեղեցկութեան յատկանիշ մը կ’ընծայէ: Հետեւաբար, Միքայէլեանի ներշնչումը ներքին է, անոր համար է որ հոգիէն կը ծորէ ու կ’արտադրէ հսկայական աշխատանք: Ան իր աշխատանքային ծիրէն ներս իւրայատուկ դրոշմ ձգած է հեղինակելով ՙՀայոց Պատարագ եւ Հայկական Երգեր Կիթառի Համար՚ գիրքը, որ լոյս տեսած է 2002 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ: Ան համերգներով շրջագայած ու հանդէս եկած է Լիբանանի, Հայաստանի, Գանատայի, Շուէտի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Յունաստանի մէջ: Լիբանանահայ արուեստագէտը թողարկած է նաեւ դասական կիթառի երաժշտութեան երեք սկաւառակներ եւ բազմիցս հրաւիրուած է որպէս դատական կազմի անդամ Գիւմրիի Վերածնունդի փառատօնին, ինչպէս նաեւ Յունաստանի ՙՓարոս՚ կիթառի միջազգային փառատօնի կիթառի մրցոյթին:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով Միքայէլեանի անցած արուեստի ճանապարհին, կþանդրադառնանք որ 2019ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած կիթառի միջազգային մրցոյթին, լարային գործիքներու կիթառի անսամպլի անուանակարգին մէջ Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարած կիթառի անսամպլը շահած է Ա. Մրցանակ: Անսամպլը նաեւ հրաւիրուած է ԳՈՀԱՐ երաժշտական դպրոց, ուր դասընթացքներ տուած է նաեւ ուսանողներուն:
Մեր ազգային երաժշտութեան հորիզոնին վրայ, մեզ յուզող ազգային հարցերու տեսանկիւնէն դիտուած, կ’արժեւորուին երաժշտական-ազգային այն մեղեդիները, որոնք կատարման յատուկ միջավայր կը պահանջեն եւ հեղինակային մշակումներու համադրմամբ, յատուկ մեկնութիւն կը ստանան: Ահա թէ ինչու ՙԱրարատ՚ հնգեակը կը նպատակադրէ հայկական եւ օտար երգերու կատարմամբ ու մշակումներու հաւաքածոներով ներկայանալ արուեստասէր հանրութեան: Երաժշտութեան արուեստի մարզէն ներս առաջին անգամ ըլլալով կիթառի հետ երկու ջութակ, ալթօ սաքսոֆոն եւ թաւջութակի կատարողութեամբ կը ներկայացուին երաժշտական հարուստ հաւաքածոյ մը, որպէսզի կատարուած մշակումները առաւել եւս հարստացնեն ու գունաւորեն երաժշտական արուեստի մարզը
ՙԱրարատ՚ սկաւառակին մէջ ներգրաւուած են օտար եւ հայկական երաժշտական իւրայատուկ կտորներ, որոնք գեղեցկօրէն մշակուած են Միքայէլեանի կողմէ: ՙՆուռ՚ բաժնին մէջ իրենց արժանի տեղը գրաւած են ՙՔամանչա՚, ՙԿարմիր Ֆիսթան՚, ՙՏօնաճազ՚ եւ ՙԹթմաճազ՚ եղանակները. Իսկ ՙԱրարատ՚ երգացանկին մէջ յատուկ մշակումով մեզի կը ներկայանան ազգագրական երգերու երաժշտութիւն ինչպէս` ՙԿաքաւիկ՚, ՙԲարտիները խշշացին՚, ՙԱմպի տակից՚, ՙՋուր կու գայ վերի սարէն՚:
ԳՈՀԱՐ համոյթին հովանաւորութեամբ լոյս աշխարհ եկած երկու սկաւառակները` ՙՕրօր՚ն ու ՙԱրարատ՚ը, որոնք հարուստ են նա՛եւ միջազգային դասական կտորներով, լատինական, սպանական եւ ժամանակակից երաժշտութեամբ, երանանուէր խաղաղութիւն բերող զգացումներով կը պատեն ու կը պարուրեն ունկնդիր հասարակութիւնը: Հայ եւ օտար մշակութային ժառանգութեան կարեւոր բաղադրիչներ են անոնք մեզի հրամցուած, յատկապէս օրօրոցային երգերը, հայոց մէջ երբեմն անոնք կը դառնան միջոց բազմաթիւ երգեր երգելու եւ նաեւ ստեղծելու, որովհետեւ հիմնականին մէջ օրօրներու հետ կþերգուի նաեւ ազգագրական եւ երբեմն ալ գուսանական երգեր, որոնք ակամայ մեզ հետ կը ճախրեն դէպի հայկական աւանդական երաժշտական աշխարհ:
Մկրտիչ Միքայէլեան արւեստագէտի նըկարագրին մէջ ապրող պոհեմին յաւելեալ երանգ ու խորհուրդ տուաւ իր արուեստագիտուհի տիկինը` Լիանան, որ հայրենի երկնակամարի տակ թրծուած իր տաղանդով, որպէս օփերայի մեներգչուհի զիրար ամբողջացընելով կազմեցին ՙՄիքայէլեան տուեթ՚ը, եւ արուեստասէր հանրութեան կը խոստանան համերգներով հանդէս գալ Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ:
ՙՄիքայէլեան տուեթ՚ի տաղանդէն ծնունդ առած իւրաքանչիւր երաժըշտական կաթիլ պիտի լեցնեն հայ օճախներու կանթեղները` մեր հաւատքի եւ ազատութեան բիւրաւոր նահատակներուն ու պիտի վառին` իրենց անոյշ լոյսին կենդանութիւնը տարածելով վիրաւոր հայաշխարհի հոգիներէն ներս, որպէսզի կարենանք մեր ապագայի խաւարը լուսաւորել:
Պէյրութ