ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի չորեքշաբթի, 9 փետրուար 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտին եւ այդ ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու մասնակցութեան:
Յ. Բագրատունի խօսեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահին եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւորի թղթածրարին մասին:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի հետագային: