ՊԱՅՔԱՐ 159
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ- թիւ 11
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
«Սպանդի եւ կործանումի դէպքերը, որոնք կը շարունակուին Կովկասի մէջ, ռուսական արժանապատուութեան կը դպչին եւ անոր պատիւը ոտնակոխ կ’ընեն աւելի քան Ճաբոնէն կրած ռուսական պարտութեան [1904-1905 ռուս-ճաբոնական պատերազմին- https://en.wikipedia.org/wiki/Russo-Japanese_War] ամօթի պատճառած անպատուութիւնը», կը գրէ «Քուրիէ Էորոբէյէն» ֆրանսական թերթը, որուն յօդուածը արտատպած է եգիպտական արաբատառ «Ալ Աալամ Ալ Իսլամի» թերթը, իր 29 Սեպտեմբեր1905-ի թիւ 30-ին մէջ, «Պաքուի Ոճիրը» վերնագրին տակ: Սոյն արաբերէն թերթին յօդուածը լոյս տեսած է Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմած ու հրատարակած արաբերէն լեզուով «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքի, «1897-1908 Հայերը Եւ Երիտասարդ Թուրքերը» խորագիրով երրորդ հաւաքածոյի 565-579-րդ էջերուն մէջ: Ոչ թէ հայերը սիրելու կամ պաշտպանելու համար է որ յօդուածագիրը վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ, այլ մեկնելով Ֆրանսայի շահերէն ինքնըստինքեան կը դիրքորոշուի Ռուսիոյ դէմ: Յօդուածագիրը իր վրդովումը կը յայնտնէ այն իրողութեան նկատմամբ, թէ ռուսական ցարական իշխանութիւնը իր տիրապետութեան տակ ապրող երկու ժողովուրդներ՝ հայերն ու թաթարները իրար դէմ հանած է եւ ամենայն սառնասրտութեամբ արիւնահեղութիւնը դիտած: Կրօնական ծայրահեղ մոլեռանդութեամբ լեցուած թուրքերու երկրին՝ Օսմանեան Պետութեան մէջ տեսնել նման դէպքեր մասամբ մը հասկնալի է, սակայն Ռուսիոյ մէջ այսպիսի դէպքեր դժուար կը բացատրուին: Յօդուածագիրը կը դատապարտէ ռուսերը ըսելով թէ անոնք քրիստոնեայ հայերը իսլամ թաթարներու գութին ձգեցին եւ ձեռնածալ դիտեցին բոլոր կոտորածները: «Ոչ միայն այդքան՝ այլ ռուսերը կ’օգնեն թաթարներուն եւ քիւրտերուն որպէսզի հայեր կոտորեն, այն հայերը, որոնք չափազանց հաւատարիմ գտնուած են ռուսերու հանդէպ անոնց Կովկաս մտնելու ատեն», կ’աւելցնէ յօդուածին հեղինակը, որ հայոց դէմ ռուսերուն գործածը բացայայտ սխալ եւ մեծ ոճիր կը նկատէ:
Նախքան ռուսերու Կովկաս մուտքը, այդտեղի քաղաքներն ու գիւղերը խոր յետամնացութեան եւ տգիտութեան մէջ կ’ապրէին ու ճանապարահէնները ամէնուրէք օր ցերեկով իրենց սեւ գործը կը տեսնէին: Ռուսերու Կովկաս մուտքին նպաստողը հայերն էին, որ անոնց իշխանութեան ընթացքին ծաղկեցուցին ու շէնցուցին այդ շրջանը եւ որոշ կենսամակարդակի հասցուցին: Սակայն ռուսերը չէին պաշտպաներ հայերը եւ զանոնք իսլամ թաթարներու դէմ անպաշտպան կը ձգէին անիրաւօրէն, պարզապէս հայոց յեղափոխական նկրտումներէն վախնալով: Այս իրողութիւնը ռուսերը իրենք անգամ կը խոստովանին, կ’ըսէ «Քուրիէ Էորոբէյէն» ֆրանսական թերթին յօդուածագիրը:
Թաթարները հայերէն վրէժ կը լուծէին այն բանին համար, որ հայերը օգնած էին ռուսերուն Կովկաս մուտքի ընթացքին: Ոչ միայն այսքան, այլ հայերը երկար տարիներ ռուսերուն հետ սերտ գործակցութեամբ նպաստած էին Կովկասի քաղաքներու եւ գիւղերու ծաղկումին ու յառաջդիմութեան, անտեսելով բոլոր դժուարութիւնները եւ ժրաջան աշխատանք թափելով: Թաթարները այս յառաջդիմութենէն մեծապէս օգտուած էին եւ Կովկասի միւս ժողովուրդներուն հետ հարստութիւն դիզած՝ ռուսերու ընծայած խաղաղ ու շէն պայմաններուն մէջ: Վիճակը բոլորովին տարբեր էր երբ Կովկասը կը գտնուէր պարսկական կամ օսմանեան բռնատիրական իշխանութեանց տակ: Կովկասի բնակչութիւնը կը տառապէր յետամնաց իշխանութեանց բռնատիրութեան տակ, աղքատութեան, թշուառութեան եւ տգիտութեան ճիրաններուն յանձնուած:
Վերոյիշեալ խլրտումներէն առաջ հայոց եւ թաթարներու փոխ յարաբերութիւնները բնական վիճակի մէջ էին, իրար հանդէպ հասկացողութեամբ ու հաւատարմութեամբ վերաբերուելով: Ոչ մէկ թաթար անհատ կամ հաւաքականութիւն կրնայ ըսել թէ հայոցմէ գէշ վերաբերմունք տեսած է: Այս լոյսին տակ կարելի է ըսել որ ռուսական իշխանութեան պարտականութիւնն էր պահպանել հայոց եւ թաթարներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը: Սակայն եւ այնպէս ռուսական իշխանութիւնը պառակտում յառաջացուց երկու ազգերու միջեւ՝ զգուշացնելով հայերը յեղափոխական շարժումներու դիմելէ: Ասկէ ելլելով ցարական իշխանութեան հակահայ քաղաքականութեան պատճառով, ռուսական կրթութեամբ հայկական դպրոցները փակուեցան: Ասոնք այն դպրոցներն էին, որոնք ռուսերու հանդէպ սէր ու հաւատարմութիւն կը ջամբէին հայոց նոր սերունդին: Այս դպրոցները հայ մանուկներու սրտերուն մէջ կը ցանէին Ռուսիոյ հանդէպ սէր, յարգանք եւ գիտակցութիւն՝ Ռուսիան իբրեւ քրիստոնեաներու պաշտպան ներկայացնելով Արեւելքի մէջ: Ոչ միայն դպրոցներու փակման պարագան, այլ իշխանութիւններու կողմէ Հայոց եկեղեցիին հարստութեան բռնագրաւումը շատ վատ հետեւանք ու ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ ոչ միայն հայոց, այլ նաեւ ամբողջ երկրին վրայ:
Յօդուածագիրը կ’ըսէ թէ Աստուած ռուսերը անպատիժ չթողուց, այլ անոնք ճաբոնցիներու ձեռքով ենթարկուեցան սովի եւ սարսափի: Ահա այս իրողութեան հետեւանքով երբ Փորցմաութի մէջ Ճաբոնի եւ Ռուսիոյ միջեւ խաղաղութեան դաշինք կնքուեցաւ, ցարական հրովարտակ մը կ’աւետէր Հայոց եկեղեցիին ինչքերու, ստացուածքներու եւ հարստութեան վերադարձուիլը հայոց: Սակայն եւ այնպէս ռուսերը շարունակեցին գրգռել թաթարները հայոց դէմ եւ յաջորդ օրն իսկ երբ հայկական դպրոցները իրենց դռները բացին, թաթարները տասնեակներով հայ աշակերտներ սպաննեցին առանց պատճառի: Ասոր դրդապատճառը այն էր թէ Օսմանեան Պետութիւնը թաթարներուն յաւելեալ օգնութիւն եւ նեցուկ տրամադրեց հայերը ջարդելու համար: Միւս կողմէ ցարական Ռուսիա կրկին ձեռնածալ դիտեց պատահող դէպքերը եւ դոյզն չափով իսկ ճիգ չթափեց հայոց կոտորածը դադրեցնելու համար, այլ Կովկասի ցարական կառավարիչը՝ Վորոնցով Տաշքով քաջալերեց թաթարները եւ զէնքով ու զինամթերքով օգնեց անոնց հայերը կոտորելու գործին մէջ:
Հայոց դէմ թաթարներու կողմէ գործուող ոճիրներուն եւ ոտնձգութիւններուն լայնօրէն արձագանգեցին եւրոպական թերթերը պարզապէս անոր համար, որ գործուող սպանդներուն ահաւորթւթիւնը մեծ էր եւ անոնց ձգած ազդեցութիւնն ու հետեւանքները անդարմանելի՝ գոնէ մօտիկ ապագայի ընթացքին: Յօդուածագիրները մեծ դժուարութեան առջեւ կը գտնուէին եւ չէին կրնար հաշտուիլ սարսափի ու աւերածութեան ահաւորութեան տարողութեան հետ: Հեղինակը կ’ըսէ թէ եւրոպացի մտաւորականներ իրենց գրութիւններով ռուս պատասխանատուներու խստօրէն պատժուիլը կը պահանջէին, անմեղ հայոց դէմ անոնց գործած ոճիրներուն համար:
Քաջալերուած ռուսական իշխանութեան նեցուկէն թաթարները սանձարձակօրէն սկսան բացի հայերէ ուրիշ քրիստոնեաներ՝ նոյնիսկ ռուսեր ալ հալածել Կովկասի մէջ: Անոնք ռուսերու, պուլկարացիներու, շուէտացիներու, անգլիացիներու եւ ֆրանսացիներու ինչքերը գրաւեցին եւ անոնց եկեղեցիները կրակի տուին: Հայոց դէմ կատարուող դաւադրութեան մէջ կամովին մտան օսմանցիները եւ պարսիկները, որոնք իրենց տիրապետութեան տակ ապրող քիւրտերէն 4000 զինեալ պաշըպօզուքներ ղրկեցին Կովկաս՝ հայերը կոտորելու: Այս պատահարի պատասխանատուութեան մէջ մեծ բաժին ունի ցարական Ռուսիոյ իշխանութիւնը, որ իր սահմանները բացաւ քիւրտ ոհմակներուն առջեւ: Թուրքերն ու քիւրտերը թաթարներու հետ իրենց այս ոճրային արարքը «սուրբ պատերազմ» կոչեցին, պարզապէս բոլոր իսլամներու համակրութիւնը շահելու համար, սակայն ի զո՜ւր, որովհետեւ ինչպէս կը տեսնենք եգիպտական թերթերու իսլամ յօդուածագիրները այդ օրերուն մեծաւ մասամբ համակրեցան հայոց, յստակօրէն հայոց դէմ թաթարներու, քիւրտերու եւ թուրքերու յարձակումները անարդար ու անօրինական նկատեցին, արձագանգ դառնալով ճշմարտութեա՛ն միայն:
«Քուրիէ Էորոբէյէն» ֆրանսական թերթի յօդուածագիրը կարեւոր իրողութիւն մը կը շեշտէ իր յօդուածին մէջ: Արդարեւ Գերմանիոյ կայսր Վիլհելմ Բ.ը Կովկասի հայոց ջարդերու օրերուն բացէ ի բաց յայտարարած էր, թէ ինք բարեկամ է Օսմանեան Պետութեան սուլթանին եւ 300 միլիոն հաշուող բոլոր իսլամ ժողովուրդին, այն պայմանով որ իսլամ աշխարհը գնէ գերմանական արտադրանքները: Աւելի հեռու երթալով ան քաջալերած էր հայերու դէմ թաթարներու յարձակումներն ու ոճիրները:
Հայերը աւելի տրամաբանական ու խելացի գտնուեցան եւ թաթարներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու ձեռնարկեցին: Անոնք հիմնեցին միութիւններ՝ կազմուած երկու ազգերու ներկայացուցիչներէ եւ սկսան հանգցնել բորբոքած կրակը դրական ջանքերով:
Այս բոլոր իրադարձութիւնները պարզելէ յետոյ, եգիպտական արաբատառ «Ալ Աալամ Ալ Իսլամի» թերթի յօդուածագիրը հետեւեալ եզրակացութիւնը կ’ընէ. «Այս դէպքերու լոյսին տակ, մարդ հարց կու տայ թէ ի՞նչ վիճակի մատնուած է հայ ազգը նեղութիւններու եւ աղէտի մէջ ըլլալով: Կովկասի մէջ ռուսերը, քիւրտերն ու թաթարները հայեր կը կոտորեն եւ կը փորձեն զանոնք բնաջնջել: Իսկ Օսմանեան Պետութեան մէջ ահաւասիկ կը շարունակուին հայոց հալածանքներն ու կոտորածները եւ Եւրոպան ձեռնածալ կը դիտէ» (էջ 576):
Այս տուեալներէն ինքնաբերաբար կը պարզուի այն տխուր իրականութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէին Կովկասի հայերը, իսկ հետաքրքրականը այն է, որ եգիպտացի արաբ լրագրողները հայոց տառապանքը նկարագրելով հայերուն կը նեցակցէին, հակառակ հայոց հետ ունեած կրօնական տարբերութեան: