ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 238
Վերջին տարիներուն, յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու օրակարգը դարձաւ Հայաստանի արտաքին ռազմավարութեան ամենակարեւոր հանգոյցներէն մէկը, ըստ ոմանց՝ ամենակարեւորը: Քաղաքական բեմին վրայ յայտնուեցան տեսաբաններ՝ «Երրորդ ուժ»-ի բացառման պաշտպաններ: Թուրքիան շոյելու նպատակով Ռուսիոյ դէմ կեցուածքները սովորական դարձան հայրենական մամուլի էջերուն մէջ, լուրջ հարուած հասցնելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:
Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի եւ մերթընդմերթ Սփիւռքի մամուլի էջերէն, մեր բեմերէն դարձեալ կը հնչեն Թուրքիոյ հետ խօսելու, յարաբերութիւնները զարգացնելու կոչեր, տեսութիւններ: Ոմանք այն պատրանքը ստեղծած են, կարծէք Անգարայի իշխանութիւնները իրենց արեւելեան սահմաններէն գրկաբաց Հայաստանի պատուիրակութիւնը սպասէին…:
Հայաստանի վերածնած հանրապետութիւնը համեմատաբար նոր կը մշակէ Թուրքիոյ նկատմամբ պաշտօնական քաղաքականութեան դրոյթները, այն ինչ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ձեւաւորուած է դարեր առաջ՝ արեան մէջ խեղդել հայ ժողովուրդը, ինքնուրոյնութեան եւ անկախ պետականութիւն հաստատելու անոր փորձերը: Թուրքիա վաղուց մշակած է իր ռազմավարութիւնը:
Հայրենական մամուլը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքեան կարգ մը հոսանքներ, յաճախ կը շեշտեն Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Սակայն անոնք կը մտածե՞ն երբեք, թէ թուրքերը որքա՞ն տրամադրութիւն կը ցուցաբերեն այս ուղղութեամբ..: Պէտք է յստակացնել. ոչ թէ Թուրքիան, այլ Հայաստանը պիտի կառուցէ Թուրքիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը:
Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք հայրենի յաջորդական իշխանութիւններ դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատելու քանի մը լուրջ փորձեր կատարեցին Թուրքիոյ հետ: Այս ոչինչ խոստացող քաղաքականութեան ձախողութենէն ետք ոմանք տակաւին մինչեւ օրս կառչած կը մնան իրենց տեսակէտին:
Թուրքիոյ այսօրուան ռազմավարութիւնը խարսխուած է փանթուրանիզմի եւ փանթուրքիզմի գաղափարներով, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ վճռորոշ դեր խաղալու ձգտումներով, թրքալեզու եւ թրքաբնակ տարածութիւններու մէջ ազդեցութեան հեռանկարներով: Փաստօրէն Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ յստակ բանաձեւուած է անոր ռազմավարական ուղղուածութիւնը: Հայաստան տակաւին առաջին քայլերը կ’առնէ:
Թուրքիա, Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար, վերջինէս կը պահանջէ հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութենէն: Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ Ազրպէճանին օժանդակութիւնը քաղաքական հեղինակութեան հարց դարձած է Թուրքիոյ համար:
Հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ճանապարհին ամենակնճռոտ օրակարգը անկասկած Թուրքիոյ կողմէ Հայոց դէմ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Թուրքիա՝ օսմանական, իթթիհատական, քեմալական կամ ազգայնական, պիտի չճանչնայ Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Անոր ճանաչումը անխուսափելիօրէն լուսարձակի տակ պիտի բերէ տնտեսական, նիւթական, բարոյական եւ այլ հատուցումներու թղթածրարները: Բացի այդ, ինչպէս պատմաբան Իվ Թերնոնը ընդգծած է, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային՝ իր պատմութիւնը վերաշարադրելու առջեւ պիտի գտնուի Թուրքիան…
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութիւններուն մէջ սկզբունքային տեղ կը գրաւեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ Փանթուրանական ծրագրերուն իրագործումը:
Անցնող դարու 90-ականներուն Լոնտոնի մէջ նոր նախաբանով վերահրատարակուեցաւ Թեքիթ Ալթիի « Թրքական եւ Փանթուրանական իտէալները» գիրքը: Վերջինս առաջին անգամ լոյս տեսած է 1915-ին: Գերմանացիները անմիջապէս գերմաներէնի թարգմանած են զայն: 1916-ին հրատարակուած է անգլերէն կրկնօրինակը:
1930-ին, Զարեւանդի (Զաւէն Նալպանտեան, 1890 -1973) «Միացեալ Անկախ Թուրանիա կամ ի՞նչ կը ծրագրեն թուրքերը» գիրքին մէջ գրուած է, որ փանթուրքիզմը կրնայ իրականութիւն դառնալ ռուսական կայսրութիւնը քայքայուելու պարագային, որուն համար անհրաժեշտ է վերացնել հայկական ամբարտակը: Հայկական ամբարտակը անհրաժեշտ է քանդել, որպէսզի թրքալեզու ժողովուրդները միանան իրարու հետ:
Ծանօթ է, որ թրքալեզու 24 ժողովուրդներէն 23-ը կ’ապրին նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ: Այս վտանգաւոր եւ մտահոգիչ իրողութեան առջեւ ինքնաբերաբար կը յառաջանայ հայ-ռուսական աշխարհաքաղաքական շահերու ընդհանրութիւն մը: Եթէ այսօրուան Ռուսիան այդպէս չի մտածեր այս մէկը, Ռուսիոյ մէջ կան ուժեր, որոնք տարբեր մօտեցում, կեցուածք ունին այս ուղղութեամբ:
Հայաստան եւ Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու երեք հիմնական փորձ կատարած են 1991-էն մինչեւ օրս: Երեքն ալ ձախողած են Թուրքիոյ նախապայմաններուն պատճառով:
Փանթուրքիզմի ծրագիրը իրականանալու որոշակի կարելիութիւններ ստեղծուած են այսօր:
1993-ին Թուրքիա միակողմանի փակեց Հայաստանի հետ օդային եւ ցամաքային սահմանները: Օդային սահմանը վերաբացուցեաւ 1995-ին՝ միջազգային ճնշումներու տակ: Ցամաքային սահմանը վերաբանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար շարք մը նախապայմաններ կը ներկայացնէր Թուրքիան՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութիւնը յանձնել Ազրպէյճանին, հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն եւ Թուրքիոյ նկատմամբ պահանջներէն, պաշտօնապէս ընդունիլ Թուրքիոյ այսօրուան սահմանները՝ ճանչնալ Կարսի եւ Մոսկուայի համաձայնութիւնները, հրաժարիլ Արեւմտահայաստանէն, Նախիջեւանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն…
Առաջինը՝ 1992-93 թուականներուն հայ եւ թուրք դիւանագէտներ արձանագրութեան մը վրայ կ’աշխատէին, երբ հայկական ուժերը իրենց հսկողութեան տակ վերցուցին Քարվաճառը: Առ ի պատասախան՝ Թուրքիա փակեց Հայաստանի հետ սահմանը:
Երկրորդը՝ 2005-07 թուականներուն փոխարտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցան: Թուրքիան դարձեալ բանակցութիւններու օրակարգ բերաւ ծանօթ նախապայմանները, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի թղթածրարը:
Երրորդը՝ 2008-09 թուականներուն ծայր առաւ ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը: Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ապտուլլա Կիւլ համապատասխանաբար այցելեցին Երեւան եւ Պուրսա՝ միասին դիտելու Հայաստան- Թուրքիա ֆութպոլի հանդիպումները: Հոկտեմբեր 2009-ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան վիճայարոյց եւ խիստ քննադատութիւններու առարկայ, սակայն միջազգային հանրութեան կողմէ ողջունելի երկու արձանագրութիւնները: Թուրքիան հրաժարեցաւ արձանագրութիւնները վաւերացնելէն՝ դարձեալ սեղանին վրայ բարձրացնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան հաստատուիլ միայն այն պարագային, երբ Երեւանը ընդունի Թուրքիոյ նախապայմանները: Այսօր արդէն կը տեսնենք, անոնց վրայ աւելցած է Հայաստանի հարաւէն դէպի Նախիջեւան անցքերը բանալու նախապայմանը՝ Թուրքիան կապելու Փաքիստանին…: Այժմու Թուրքիոյ մէջ, երբ գագաթնակէտին հասած են ազգայնական տրամադրութիւնները, դժուար թէ իրավիճակը տրամաբանօրէն քննարկող որեւէ հոսանք յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլերուն դիմել փորձէ..՝
Թուրքիոյ մօտենալու փոխարէն՝ կարելի է դիւանագիտական յարաբերութիւնները խորացնել Թուրքիոյ բռնատիրութեան դէմ պայքարող Կիպրոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի, Յունաստանի նման պետութիւններու հետ, աւելի յաճախակի արծարծել քրտական հարցը, որպէսզի Անգարան շահագրգռուած ըլլայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի հետ:
Թուրքիան իր փայլուն դիւանագիտութեամբ այն սակաւաթիւ պետութիւններէն է, որոնք, ճարտարօրէն օգտագործելով մեծ տէրութիւններու միջեւ հակասութիւնները, յաջողած են պահպանել ինքնուրոյն պետական քաղաքականութիւն:
Կար ժամանակ, երբ Մոսկուա իբրեւ ռուս-թրքական սահման կը ճանչնար հայ-թրքական սահմանագիծը: Այսօր փոխուած են աշխարհաքաղաքական պայմանները: Փուլ եկած է Խորհրդային Միութիւնը: Այսօրուան Մոսկուան չունի երէկի Խորհրդային Միութեան հզօրութիւնն ու հեղինակութիւնը: Արեւմուտքը եւ Թուրքիա շատ համոզիչ ապացոյցներ ունին այս ուղղութեամբ, վկայ՝ Պելառուսի, Ուքրանիոյ, Սեւ ծովու, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը թուլացնելու Արեւմուտքին փորձերը: Թուրքիոյ համար երբեք ձեռնտու չէ ունենալ հզօր Ռուսաստան:
Այսօրուան Ռուսիան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ներքին եւ արտաքին բազմազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Քաջ գիտնալով իր ռազմաքաղաքական կարողականութիւնը՝ Մոսկուա բաժնեկցութեան իւրօրինակ գործակցութիւն մը կը պահպանէ Մ. Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ:
Հայաստանի իշխանութիւնները հաշուի պարտին առնել, որ Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ Մ. Նահանգներ-Ռուսիա եւ Թուրքիա-Մ. Նահանգներ փոխյարաբերութիւններէն:
Յատուկ քննարկութեան նիւթ կը մնայ Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ ներկայի քաղաքականութիւնը: Ռուսիոյ թուլացումէն զիջումներ պիտի կորզեն Մ. Նահանգները եւ Թուրքիան, այս մէկը անպայման Հայաստանի հաշուոյն: Բոլոր ժամանակներու՝ ցարական, համայնավար կամ՝ ժողովրդավար Ռուսիոյ համար աշխարհաքաղաքական պարիսպ հանդիսացող Կովկասը կարծէք չունենար իր երէկի ռազմավարական նշանակութիւնը:
Անդրկովկասէն կը նահանջէ՞ այսօրուան Ռուսիան…: Ո’չ, ամենեւին: Հայաստանի համար խիստ անհրաժեշտ է հիմնական դաշնակից պահպանել Ռուսիան, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ անհնար է առաջնահերթութիւնները համընկնեցնելու որեւէ յայտարար գոյացնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: