ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2014-2015 տարեշրջանի Պրէօվէի եւ Բ. պաքալորէայի դասարաններու աշակերտները գոհացուցիչ արդիւնքներ արձանագրեցին ամավերջի պետական քննութիւններուն: Մասնակից ընդհանուրը 55 աշակերտներէն յաջողեցան 49-ը, որոնց մէջ երեքը՝ “լաւ”, մէկը՝ “շատ լաւ” յիշատակութեամբ:
Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացան 33 աշակերտներ, որոնցմէ 30-ը յաջողեցան. կենսաբանութեան բաժինէն յաջողեցան բոլոր 9 աշակերտները, գրական բաժինէն՝ 14-էն 13 աշակերտներ, ընդհանուր գիտութիւններու բաժինէն՝ 10-էն 8 աշակերտներ: “Լաւ” յիշատակութիւն արձանագրեց Սերժ Թոսունեան (ընդհանուր գիտութիւններ):
Պրէօվէի քննութիւններուն ներկայացան 22 աշակերտներ, որոնցմէ 19-ը յաջողեցան: “Շատ լաւ” գնահատական ստացաւ Էլի Թորանեան, “լաւ” յիշատակութիւն արձանագրեցին Լիլիթ Մկրեան եւ Յովսէփ Գըլընճեան:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը այս յաջողութեան առիթով կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար:
Տնօրէնութիւն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի