ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ուրբաթ, 11 հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, նախագահութեամբ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան, առաջնորդարանի «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը` Արամ Ա. հայրապետի 2019 տարին «Հայ մամուլի տարի» հռչակելուն առիթով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային վարչութեան ատենադպիր Լենա Պահատուրեանը, որ անդրադարձաւ առաջին տպագիր թերթին` «Ազդարար»-ին, որ լոյս տեսած է 1794 հոկտեմբեր 14-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ: Ան շարունակեց` ըսելով, թէ մասնագէտներ հետազօտութիւններ կատարելէ ետք եկած են այն եզրակացութեան, որ առաջին հայ մամուլէն մինչեւ այսօր 5000 մեծ ու փոքր պարբերականներ հրատարակուած են: Հետեւաբար ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կրնանք այսօր յայտարարել, որ այդ 5000 պարբերականներուն մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ Կիպրոսի փոքր գաղութը, ուր իր առաջին ամսաթերթը` «Խարազան»-ը լոյս տեսած է 1900 թուականին, եւ մինչեւ օրս կղզիին մէջ հրատարակուած են ու կը շարունակուին լոյս տեսնել զանազան տպագիր եւ ելեկտրոնային թերթեր ու պարբերականներ:
Ապա վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Արմենակեան Ազգային վարչութեան խօսքը արտասանեց եւ շեշտեց, որ Ազգային վարչութիւնը այս ձեռնարկը կազմակերպելու ընթացքին բծախնդրութեամբ մօտեցաւ վեհափառ հայրապետի` հայ մամուլի պատգամին եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց պատգամին: Ան նաեւ յայտնեց, որ պիտի պարգեւատրուի Կիպրոսի մէջ միակ տպագիր «Արձագանգ» թերթը եւ յուշանուէրներ պիտի ստանան ելեկտրոնային եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատուները: Ատենապետը շարունակեց` ըսելով, որ «Հայ մամուլի տարի» հռչակելով` Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ կ՛ուղղէ լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնն ու գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնիլ հայ մամուլին:
Ազգային վարչութեան խօսքէն ետք Նայիրի Մուրատեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մայրենի լեզու» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան բանախօսը, որ յատուկ կերպով հրաւիրուած էր Լիբանանէն, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանն էր, որ պատշաճ եւ սպառիչ ձեւով ներկայացուց հայ մամուլի դերն ու տեղը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ապագայի մարտահրաւէրները: Ան նաեւ ներկայացուց միջազգային քաղաքականութեան մէջ կիպրական հարցի յարաբերակցութիւնը, կիպրահայ քաղաքական գործօնի դերը եւ այդ բոլորին մասին իրազեկուելու համար կիպրահայ լրատուամիջոցներուն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կիպրահայ մամուլը յաւելեալ արժէք նկատեց համահայկական լրատուադաշտին մէջ:
Ապա պարգեւատրուեցաւ Կիպրոսի մէջ ներկայիս միակ տպագիր մամուլը` «Արձագանգ»-ը, որուն յաջորդեց ելեկտրոնային եւ ընկերային ցանցերու ու մամլոյ մշակներուն յուշանուէրներու յանձնման արարողութիւնը` ձեռամբ` թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին եւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:
«Արձագանգ» ամսաթերթի համար պարգեւը ստացաւ խմբագիր Արթօ Դաւիթեան: Ապա` կիպրացի, բայց հայերէնին լաւ տիրապետած ու կիպրահայութեան պատմութեան հմուտ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած ու հրատարակած Ալեքսանդր Հաճիլիրան, որմէ ետք յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան եւ յուշանուէրներ ստացան ելեկտրոնային կայքերու եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատուները. «Այբուբեն»` Կարօ Գոչունեան, «Ազատ խօսք» կայքի խմբագիր Երան Գույումճեան, «Կիպրահայեր»` Սիմոն Այնեճեան, «Կիպրոսէն լուրեր»` Վիգէն Սարգիսեանն ու Մարինէ Դաւիթեանը: Լիբանան հրատարակուող «Արարատ» օրաթերթի եւ «Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի կիպրական քաղաքացիութիւն ստացած անդամներ` Աւետիս Փոշօղլեան եւ Պայծիկ Գալայճեան:
Աւարտին, սրբազան հայրը կատարեց փակման խօսքը եւ կեդրոնացաւ մամուլի տարի հռչակման առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած համահայկական համաժողովի նշանակութեան եւ կարեւորութեան, դրուատեց ներկայ պայմաններուն մէջ յատկապէս տպագիր մամուլի գործիչներուն տարած աշխատանքը եւ ապա կեդրոնացաւ կիպրահայ մամուլի այսօրուան իրավիճակին: Ան յայտնեց, որ համախորհուրդ Ազգային վարչութեան հետ` ուզած են հոկտեմբերին կատարել սոյն միջոցառումը, որ կը զուգադիպի Թարգմանչաց տօնին: Ան ըսաւ, որ եկեղեցի, դպրոց, մամուլ, միութենական կեանք կարեւորագոյն յենասիւներն են մեր հաւաքական կեանքին, ապա խօսքը փակեց` շեշտելով արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնն ու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Կիպրոսի թեմին անունով ան անակնկալ մը ըրաւ ու պարգեւատրեց Շահան Գանտահարեանը` իբրեւ հայ առաջատար մամուլի գործիչ, որ կը համակարգէ նաեւ մամուլի համահայկական աշխատանքները:
Յայտնենք, որ յուշանուէր տրուած փայտեայ խաչքարերը ամիսներու աշխատանքն ու ձեռագործն էին Հայաստանի Վէդի գիւղաքաղաքի Սիսաւան գիւղի բնակիչ վարպետ Մաքսիմ Գէորգեանի ու իր որդւոյն` Արմէնին:
Երեկոն փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով: