Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հայ մտաւորականութեան կը մնայ Թեհլիրեանի յուշերու նոր հրատարակութեան հնչեղութիւն ապահովելը»

January 23, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
«Հայ մտաւորականութեան կը մնայ Թեհլիրեանի յուշերու նոր հրատարակութեան հնչեղութիւն ապահովելը»

«Ազդակ»-Ի 55-րդ Առցանց Լսարան` Սողոմոն Թեհլիրեանի
Յուշերուն Անգլերէն Թարգմանութեան Առիթով

«Ազդակ»-ի 55-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 19 յունուար 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Նիւթ` Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերուն թարգմանութիւնը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Յիշենք, որ հրատարակութեան ներկայացումը տեղի ունեցաւ 5 դեկտեմբեր 2022-ին, «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ, «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Նշենք, որ Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են լիբանանահայ Պետօ Տէմիրճեանին կողմէ, իսկ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձնած էր «Կոմիտաս» հիմնարկը` Արա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ:

Մամլոյ լսարանի առաջին զեկուցողն էր Պետօ Տէմիրճեան, որ ներկայացուց այն տուեալներն ու հանգամանքները, որոնք պատճառ դարձան դիմելու այս նախաձեռնութեան: Այնուհետեւ իր Սերպիա այցելութենէն մինչեւ Թեհլիրեանի մասին զանազան հրատարակութիւններու մէջ տեղ գտած պատմական աղաւաղումները սրբագրելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով` Տէմիրճեան պարզաբանեց այս աշխատանքի նախաձեռնութեան, համագործակցութեան եւ հրատարակութեան բոլոր հանգամանքները: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին բովանդակութիւնը:

«Կոմիտաս» հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն Արա Սարաֆեան շեշտը դրաւ գործին գիտական մօտեցումին վրայ. աւելցուց, որ այս գործի բանալին կը նկատէ «Վէմ»-ի մէջ լոյս տեսած Երուանդ Փամպուքեանի յօդուածը Թեհլիրեանի յուշերուն մասին, որ կը բացայայտէ ամբողջ եղելութեան բուն պատմականը: Սարաֆեան շեշտը դրաւ հարցի անծանօթ մնացած ծալքերը բանալու, ծածկանունները բացայայտելու եւ նոր ծանօթագրութիւններ հրապարակելու աշխատանքի վրայ: Ապա ան կատարեց համեմատական վերլուծում Թեհլիրեանի բանտային գրառումներուն, հրատարակուած յուշերուն, ոստիկանական եւ դատավարական արխիւներուն եւ յարակից նիւթերու: Այնտեղ նկատի կ՛առնուին նոյնութիւններ, հասարակաց տեղեկութիւններ, տարբերութիւններ, պակսող բաժիններ:

Թարգմանական, բովանդակային, գիտական ուղղութիւններու համապարփակ ներկայացումներէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց քննարկում`  հայութեան արժանապատուութիւնը վերականգնած պատմական կարեւորագոյն իրադարձութեան վերաբերող խիստ շահեկան այս հրատարակութեան առիթով:

Դասախօսութիւն-քննարկումի ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին եւ «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի համապատասխան ալիքին վրայ: https://www.youtube.com/watch?v=bTY0vD8i-Qc

Previous Post

ՀՀ ԱԳ նախարարը Եվրախորհրդարանի կոմիտեի ելույթում կանդրադառնա Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետևանքով ծագած ԼՂ հումանիտար ճգնաժամին

Next Post

Golden oldies: how romantic comedies set out to attract the more mature lover

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.