ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական կողմը Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ-Շեխեր շրջաններու խաչմերուկին վրայ, 19 Մարտին, հայկական կողմին յանձնեց Վարանդային (Ֆիզուլի) տարածաշրջանէն յայտնաբերուած` ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ ցարդ անհետ կորսուած համարուող յաւելեալ 15 (նախնական տուեալներ) զինուորական ծառայողներու աճիւններ:
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:
Անոնց ինքնութիւնը պիտի ճշդուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք։
13 Նոյեմբեր 2020էն 19 Մարտ 2021, Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներէն յայտնաբերուած կամ Ատրպէյճանէն փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը (նախնական տուեալներ) 1518 է: