Վարուժ Թէնպէլեան– ՀԱՅ ԵՄ
Հայ ժողովուրդի քաղաքական հասարակաց առաջադրանքները կ՝ամբողջացնեն բոլոր տուեալները ի մի խմբելու համար հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները անխտիր ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Բայց հակառակ ճակատագիրի նոյնութեան ու տեսլականներու միասնականութեան, ցարդ կարելի չէ եղած իրագործել հայկական սպասուած ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒՈՒԹԻՒՆԸ:
Այս նշումներով չենք առաջադրեր միատեսակ մտածողութեան մը կամ միակուսակցական դրութեան մը հաստատումը մեր իրականութեան մէջ, ինչ որ ոչ միայն փափաքելի չէ, այլեւ անկարելի: Հարցը կը վերաբերի ազգային հասարակաց շահերու շուրջ համախոհութեան մը ստեղծման եւ այդ համախոհութեան շրջագիծին մէջ, հաւաքական աշխատելաձեւի մը յառաջացման, ուր կուսակցական շահերը, որոնք ընդհանրապէս կ՝առնչուին իշխանութեան, միշտ տեղի կու տան ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՇԱՀԵՐՈՒ առջեւ:
Միասնականութիւնը չ՝ենթադրեր նաեւ քաղաքական ընդիմադրութեան լռեցումը: Ընդհակառակն, առողջ ընդիմադրութեան գոյութիւնը ցուցանիշ է տարբեր տեսակէտներու գոյակցութեան եւ առ այդ՝ սատար քաղաքական մշակոյթի զարգացման:
Հայ իրականութեան մէջ ալ գոյութիւն ունին իշխանութեան հարցեր: Անխուսափելի եւ պատմական անհրաժեշտութիւն է այդ: Բայց ինչ որ մերժելի է, իշխանութեան ինքնանպատակ ձգտումն է: ՎԷՃԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲՆԱԿԱՆ ՈՒ ԱՌՈՂՋ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ ԵՆ երբ կը ծագին ու կը դարմանուին ազգային շրագիծի, ազգային հաստատութիւններու եւ ազգային շահերու լայն պարունակին մէջ:
Երբ կը խօսուի միասնականութեան մասին, անիկա չի վերաբերիր որոշ մակարդակներու վրայ կատարուած ֆոլքլորիք ժողովներուն, որոնք աւելի հանդէսներու կը նմանին քան քաղաքական հանդիպումներու: ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՏԵՍԼԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԶԱՐԳԱՆԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ:
Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներն ալ կը հաւատան Հայաստանի եւ Արցախի մարզի հզօրացման ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ Հայասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջներուն, գէթ բոլորն ալ այդպէս կը յայտարարեն, հետեւաբար ամէն հարց պէտք է երկրորդական նկատուի ազգային գերագոյն իտէալներու առջեւ: Դժբախտաբար այդպէս չէ իրականութիւնը:
ՄԵԾ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆՔ, ԲԱՅՑ ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉՈՒՆԻՆՔ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ՆԱԵՒ ՉՈՒՆԻՆՔ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հաստատութիւնները կ՝օգնեն քաղաքական մշակոյթի ստեղծման, բայց իսկական մշակոյթը կը ստեղծուի կեանքի փորձով, ապրումով, քաղաքական առօրեայ նիստ ու կացով ո’չ միայն ղեկավարական, այլեւ ժողովրդային ու փողոցի մակարդակներուն վրայ՝ մանաւանդ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԼԾԱԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄՈՎ ՆԵՐՔԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՄՇԱԿՈՒՄՈՎ ԱՐՏԱՔԻՆ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ:
Ճիշդ է շատ բան փոխուած է արդէն, որովհետեւ ՀԱԼԱԾԱԿԱՆ ՄԵՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՈՐՈՇ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱԾ Է ՄԵԶԻ, իսկ այս առումով ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԷՋ ԲԱՑԱԾ Է ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, բայց տակաւին սկիզբն ենք քաղաքական ինքնուրոյն եւ տեսլապաշտ մշակոյթի ստեղծման ճամբուն:
Մինչ թրքական եւ ազերիական սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ՝ արտագաղթի եւ սփիւռքի օտարացման վտանգները դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնան մեր գլխուն վրայ, անդին մենք չենք կրնար, իրաւունք չունինք կողմանակի հարցերով զբաղելու: Անմիաբանութեան դրսեւորումները քաղաքական տհասութիւն միայն կ՝արտայայտեն եւ կ՝ընթանան ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ: