Այսօր, ազգովին կը նշենք Ատրպէյճանի վարչակարգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմական գործողութիւններու առաջին տարելիցը: Ինչպէս միշտ, այսօր ե՛ւս, յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան մարտնչած մեր բոլո՛ր հայ զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն կողքին ենք: Ինչպէս նաեւ կողքին ենք բոլոր անոնց, որոնք Արցախեան 44օրեայ պատերազմին հետեւանքով կորսնցուցին իրենց սիրելի զաւակը, հայրը, ամուսինը, զոհաբերեցին իրենց առողջութիւնը, լքեցին իրենց պապենական տունն ու հողը եւ տակաւին կը դիմագրաւեն պատերազմի հետեւանքով իրենց առաջ դրուած բազմազան խոչընդոտներ: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն: Աւելի ե՛ւս, կը շարունակենք սատարել մեր սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին:
Անցնող մէկ տարուան ընթացքին ազգովին ապրեցանք մեծ վիշտ, ցաւ ու կորուստներ, որոնք այսօր եւս զգալի են, երբ համայն հայութեան գոյութեան սպառնացող դարաւոր թշնամիին հետ, նոր համաձայնագիրներ ստորագրելու փորձերը կը շարունակուին:
Կառչած մնալով Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան եւ յատկապէս անոր գործունէութեան՝ «Յատուկ յատկացումներ կատարել՝ սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթելու պատերազմներու, համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ եւ օգնել հաշմանդամներու, հիւանդներու, կարօտեալներու, ռազմագերիներու եւ տեղահանուածներու» կէտին, 27 Սեպտեմբեր 2020ին սկիզբ առած Արցախի պատերազմի առաջին իսկ օրէն, ՀՕՄը իր ամբողջ ներուժը օգտագործեց, որպէսզի անմիջական օժանդակութեան աշխատանքները ի գործ դնելով՝ ձեռք երկարէ վիրաւոր Արցախին ու մեր հայրենակիցներուն։
ՀՕՄի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր իրագործած ծրագիրները զանազան ոլորտներու մէջ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին կու գան փաստելու ՀՕՄի հաւատքն ու սէրը հայրենիքի բարօրութեան նկատմամբ։ Այսօր, կը գտնուինք տխուր իրականութեան դէմ հանդիպման, սակայն հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, ՀՕՄի աշխատանքը յամառօրէն կը շարունակուի Արցախի մէջ։ 44օրեայ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդած ամիսներուն, ՀՕՄը շարունակեց թիկունք կանգնիլ հայ զինուորին, ազատամարտիկին, մանուկին, ընտանիքին եւ բոլոր կարօտեալներուն, որոնք ակնթարթի մը մէջ տեղահան եղան եւ կարօտ մնացին իրենց հայրենեաց տան։
Կեդրոնական վարչութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւններուն եւ մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ ՀՕՄի միաւորներուն ու համակիրներուն ճիգերով, կարելի եղաւ օժանդակութիւն տրամադրել հազարաւոր կարօտեալներու։ Վերջին ժամանակաշրջանին իրագործուած ծրագիրներուն կողքին, այսօր, Կեդրոնական վարչութիւնը կը մշակէ նոր ծրագիր՝ օժանդակելու համար հայ գերիներու եւ անյայտ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք 27 Սեպտեմբեր 2020էն սկսեալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՕՄի կողմէ իրագործուած մարդասիրական աշխատանքներու պատկերը․
– ՀՕՄի Գանատայի, Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերու, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Յունաստանի հայ համայնքներուն եւ ՀՕՄի միաւորներուն գործակցութեամբ, դէպի Հայաստան եւ Արցախ ուղարկուեցան ընդհանուր 3,297,500 տոլարի արժողութեամբ բեռներ, որոնք բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ եւ Արցախի քաղաքներու մէջ ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն։ Բեռները կը պարունակէին դեղորայք, վերարկուներ, հագուստներ, կօշիկներ, անկողինի պարագաներ, բժշկական իրեր, քնապարկեր, ուսապարկեր, մանկական կեր, կաթ, սայլակներ, քայլակներ, սննդեղէն եւ այլ։
– ՀՕՄի տարեկան «Ամանոր» ծրագիրը ընդլայնելով, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուաւ յառաջացնելու Յատուկ Ամանոր ծրագիրը, ըստ որուն 4034 մանուկներ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստացան նուէրներ, գրենական պիտոյքներ, դաստիարակչական խաղեր եւ բաճկոններ։
– Ի մտի ունենալով արցախահայ ընտանիքներուն զանազան պէտքերը, ՀՕՄը յաջողութեամբ իրականացուց «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» բարեսիրական ծրագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընդհանուրը հազար ընտանիքիներու իւրաքանչիւրին տրամադրուեցաւ 1000ական տոլար՝ չորս ամսուան ընթացքին (ամսական 250 տոլար)։ Ընդհանուր 1 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուեցաւ այս ծրագիրին։
– Պատերազմի սկզբնական շրջանին, երբ ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու պաշտօնեաները իրենց քաղաքներէն հեռացած ու ապաստան գտած էին Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ, ՀՕՄի կողմէ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի յատկացուեցաւ նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի նոյնիսկ մասամբ կարելի ըլլայ հոգալ անոնց առօրեայ ծախսերը։ Ընդհանուր 24,596 տոլար տրամադրուեցաւ պաշտօնէութեան օժանդակելու նպատակով։
– ՀՕՄը կ՛աշխատի նաեւ Երեւանի «Հերացի Թիւ 1» հիւանդանոցի Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական կեդրոնին օժանդակութիւն տրամադրելու գծով, որպէսզի յատուկ մասնագիտական ժամանակակից սարքեր տրամադրուին վիրաւոր զինուորներուն անհրաժեշտ բուժման համար։ Ցարդ, ՀՕՄի միաւորներուն յատուկ աշխատանքով եւ ՀՕՄի նիւթական աջակցութեամբ, կեդրոնը օժտուած է՝ anesthesia machine, orthopedic surgical table, arthrex arthroscopy tower եւ արհեստական շնչառութեան սարքերով։ Ընդհանուր 184,000 տոլար յատկացուած է Վերականգնողական կեդրոնին։
– Պատերազմի սկզբնական օրերուն, ՀՕՄին կողմէ անմիջական նիւթական յատկացումներ կատարուեցան 33 զոհուած եւ 41 վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն։ Ընդհանուր՝ 52,400 տոլար։
– Ընդհանուր 5123 տոլար յատկացուեցաւ Զուարթնոց շրջանին մէջ 165 ապաստանեալներու սնունդի ծախսերը մէկ ամիսով հոգալու համար։
– «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» անուան տակ, ՀՕՄը կը շարունակէ որբերու խնամակալութեան ծրագիրը։ Արցախի վերջին պատերազմին առաջին իսկ օրէն, ՀՕՄը աշխատանքի անցնելով պատրաստեց անչափահաս մանուկներ ունեցող զոհուած զինուորներու նոր ցանկեր, որպէսզի հովանաւորներու աջակցութեամբ կարելի ըլլայ ծրագիրի նոր փուլի գործադրումը։ Այսօրուան տուեալներով, Հայաստանէն եւ Արցախէն, առաւել քան 1600 անչափահաս մանուկներ արձանագրուած են ՀՕՄին մօտ։ Տարեկան 330 տոլար նուիրատուութեամբ կարելի է մէկ մանուկ հովանաւորել մինչեւ որ ան լրացնէ 18 տարիքը։
– ՀՕՄը չէր կրնար անտարբեր մնալ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք անյայտ կորսուածներու հարցով։ Արցախեան պատերազմին հետեւանքով անյայտ կորսուածներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակով, ՀՕՄը «Հոգատարութեան Արկղներ»ու (care packages) ծրագիրը կը նախաձեռնէ։ Իւրաքանչիւր անյայտ կորսուածի ընտանիքին պիտի յատկացուի արկղ՝ հոգալու համար անոնց ամէնօրեայ պէտքերը։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՕՄի համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ կ՛իրագործուին անմիջական օժանդակութեան ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։
«Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով, ՀՕՄի աշխատանքները կը շարունակուին նոյն թափով։ Մարդասիրական ծրագիրներուն մասնակից դառնալու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը փոխանցել ՀՕՄի Արցախի Օժանդակութեան ֆոնտին (https://ars1910.org/give)։
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
27 Սեպտեմբեր