Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հանգուցեալ դեսպան Ռուբէն Շուգարեանի ժառանգութիւնը

May 14, 2022
in Յօդուածներ
0
Legacy of the Late Ambassador Rouben Shougarian

https://diasporarm.org-Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, բայց 2020 թուականի պատերազմէն առաջ, դեսպան Ռուբէն Շուգարեան, որ կեանքէն հեռացաւ երիտասարդ հասակին, 57 տարեկանին՝ 2020-ի սկիզբը, գրած է.
«Հայաստան ամբողջովին չկրցաւ իրականացնել մինչեւ 1997 Ռուսաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պայմանագիրին ստորագրումը, բայց դեռ կրնայ իրականացուիլ, եթէ նոյն սխալները չկրկուին: Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է պատշաճօրէն համապատասխանեցնել շարք մը արտաքին եւ ներքին նախադրեալներ:

Անկախութիւնը վերականգնելէ քսանհինգ տարի անց, իր ինքնիշխանութեան ամրապնդման աշխարհաքաղաքական այլընտրանք ստեղծելու երկրորդ փորձէն առաջ Հայաստան պէտք է համոզուի, որ հետեւեալ խնդիրները համարժէք լուծում ստացած են.

1. Հայաստան պէտք է իր տունը կարգուկանոն հաստատէ: Սա, անկասկած, դժուար գործ է, որ կարելի չէ իրականացնել մէկ օրուան մէջ: Այնուամենայնիւ, տակաւին յոյս կայ, որ ձեւաւորուող քաղաքացիական հասարակութիւնը այդ ընելու բաւականաչափ արագ ու արդիւնաւէտ միջոցներ կը գտնէ՝ կանգնեցնելու համար մարդոց զանգուածային արտագաղթը եւ վերականգնելու Հայաստանի հեղինակութիւնը՝ որպէս Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան կղզեակի: Փտածութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ պայքարը գոնէ պէտք է հասնի նախագահ Սահակաշվիլիի Վրաստանի մակարդակին՝ անոր առաջին պաշտօնավարման ընթացքին:

2. Պէտք է համաձայնեցուին մշտապէս եւ կրկին հակամարտող պետական ու ազգային շահերը՝ որոշակի նախապատուութիւն տալով առաջինին: Հայաստանի պարագային, չնայած որ ան միատարր երկիր է, այս երկու հասկացութիւնները նոյնական կամ հոմանիշ չեն: Առաջինը կը պատկանի նոր, յետանկախական մտածելակերպին, որ ամբողջովին ձեւաւորուած չէ եղած եւ չէ ընկալուած ազգային մակարդակի վրայ. երկրորդը կը պնդեն աւանդական մտածողութեան ջատագովները: Հասկնալի պատճառներով՝ Սփիւռքը աւելի շատ է վերջինիս բնական կրողը, բայց նոյնիսկ աշխարհի 90 երկիրներու մէջ տարածուած հայկական համայնքներու մէջ պէտք է կամք ըլլայ՝ գտնելու ճիշդ հաւասարակշռութիւն երկուքին միջեւ՝ այդպիսով հաշուի առնելով մինչեւ այսօր սխալ ընկալուած եւ յաճախ թերագնահատուած պետութեան շահը: Հաշտուիլ նոր իրողութեան հետ՝ կը նշանակէ հասկնալ ինքնիշխանութեան բարձրագոյն արժէքը՝ դարերով առանց պետականութեան գոյութիւն ունենալէ ետք:

3. Ազգային ինքնութեան շուրջ լուրջ քննարկում, որ կրնայ յանգեցնել համահաւանութեան՝ այն հարցին շուրջ, թէ ուր կը գտնուի Հայաստան մշակութային եւ քաղաքական առումով, եւ ինչպիսի ընտրութիւն պէտք է կատարել երկրին համար աւելի բարեկեցիկ, կայուն եւ անվտանգ ապագայ ապահովելու նպատակով: Նման քննարկում մը պէտք է գաղափարախօսականացուի (ideologize) եւ կաշկանդուած ըլլայ ազգային անվտանգութեան իրական ու ենթադրեալ մտահոգութիւններու՝ երբեք չփոխուող շարքով. մտահոգութիւններ, որոնք պէտք է լուծուին ուրիշ տեղ: Ինքնիշխանութեան կարելի կորուստը պէտք է դրուի այս շարքի վերեւը՝ որպէս անվտանգութեան հիմնական սպառնալիք: Այս քննարկման արդիւնքը կրնայ ըլլալ երկարաժամկէտ ինքնագիտակցութիւնը, որ, ի վերջոյ, կ’ուրուագծէ Հայաստանի ապագայի իտէալական նպատակը միջազգային հանրութեան համար. ուրուագծում, որ չի խոչընդոտուիր անոր այսօր հասնելու անկարելիութեամբ, բայց ներդաշնակ է ազգի բնական եւ գիտակցուած ընտրութեան հետ»:

Ռուբէն Շուգարեան ամենահմուտ դիւանագէտներէն եւ ազդեցիկ մտաւորականներէն մէկն է, եւ այս հանգամանքը անոր բարձր կարգի որակաւորում կը հաղորդէր՝ ընդհանուր դիտարկումներ եւ առաջարկներ ընելու համար: Ան կը տիրապետէր հսկայական գիտելիքներու եւ փորձի՝ համաշխարհային (Ռուսաստան) եւ տարածաշրջանային (Թուրքիա, Իրան) տէրութիւններու ծաւալապաշտական ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի այն շահերուն մասին, որոնք կը համապատասխանէին Ազրպէյճանի շահերուն: 2018-ի Ապրիլ 15-ին լոյս տեսած իր գիրքին վերջաբանին մէջ Շուգարեան ներկայացուցած է դիւանագիտական բաղադրատոմսեր, որոնք կրնային կանխել գալիք աղէտը: Ցաւօք, իրեն չէին հետեւեր թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդները. այդ յեղափոխութիւնը իրադարձութիւն մըն էր, որուն հետ ան մեծ յոյսեր կը կապէր: Պատմութիւնը սորվեցուցած է իրեն, որ փոքր երկիրները ամենաբարձր գինը կը վճարեն խոշոր երկիրներու հետ կապուած հակամարտութիւններուն համար։ Շուգարեան կոչ կ’ընէր անմիջական գործընկերային յարաբերութիւնները բարելաւելու, առաջին հերթին, սեփական հարեւաններուն հետ:

Աւելորդ է ըսել, որ իր խօսքերը աննկատ մնացին:

Սպիտակ թուղթ. 2020-ի արցախեան պատերազմը եւ Հայաստանի արտաքին ու անվտանգութեան ապագայ քաղաքականութիւնը։

Ռոպերթ Այտապիրեան (Փարիզ)
Ժիրայր Լիպարիտեան (Պոսթըն)
Թալին Փափազեան (Էքս ան Փրովանս)

Յուլիս 2021

Previous Post

Legacy of the Late Ambassador Rouben Shougarian

Next Post

Issue of final status of Nagorno Karabakh fundamental for Armenia: Marukyan releases 6 points presented by Armenian side

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.