Եթէ «հանդէս» բառը գործածեմ, ի՞նչ պիտի հասկնաք։ Ի՞նչ իմաստ ունի «հանդէս»ը ձեզի համար։
Վստահ եմ որ ամէն ոք անմիջապէս պիտի մտաբերէ իր…մանկապարտէզի հանդէսը։
Իրաւունք ունիք։ «Հանդէս» կը նշանակէ հրապարակային տօն, տօնախմբութիւն։ Եւ այս ծիրին մէջ՝ աշակերտական հանդէսները ամէնէն ժողովրդայիններն են, ու բոլորս ալ մաս կազմած ենք ատոնց՝ քանի-քանի անգամներ։ Բայց կան անշուշտ ուրիշ «հանդէս»ներ ալ։
Ըստ երեւոյթին, «հանդէս» բառը կը նշանակէ նաեւ «ցուցադրութիւն», քանի որ ունինք այնքան յաճախակի գործածուող «ցուցահանդէս» գոյականը։ Նկարչական ցուցահանդէս, գիրքերու ցուցահանդէս, ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս, պատմական լուսանկարներու ցուցահանդէս, ազգագրական իրերու ցուցահանդէս, նաեւ՝ զօրահանդէս, սգահանդէս, մարզահանդէս, պարահանդէս, երգահանդէս, դիմակահանդէս, խարուկահանդէս եւ այլն, եւ այլն։ Չեմ ուզեր մոռնալ թագադրութեան հանդէսն ալ (յիշեցէ՛ք Անգլիոյ վեհապետերուն թագադրութեան պերճաշուք հանդէսները Լոնտոնի մէջ…)։
Ունինք «հանդէս գալ» բացատրութիւնն ալ, որ կը գործածուի «հրապարակաւ իր շնորհներն ու ընդունակութիւնները ցուցադրել»ու իմատով։ Զորօրինակ, թերթի մը մէջ կը կարդանք.«Աշակերտները հանդէս եկան արտասանութիւններով, մեներգով ու պարով»։
Սակայն այս բոլորին կողքին՝ «հանդէս»-ը ունի յաւելեալ իմաստ մըն ալ, որ շատ ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն։ Արդարեւ, «հանդէս» կը կոչենք այն որակաւոր պարբերաթերթերը, որոնք բացառաբար նուիրուած կ՛ըլլան գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի։ Այսպէս էին, զորօրինակ, Արշակ Չօպանեանի հրատարակած «Անահիտ»-ը (Փարիզ, 1898-1949), գրագիտուհի Հայկանոյշ Մառքի խմբագրած «Հայ Կին»-ը (1919-1932, Պոլիս) եւ Վիեննայի Մխիթարեան Ուխտի դարաւոր պաշտօնաթերթը՝ «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն, որ անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել 1887-էն իվեր։
Հիմա՝ հարցում մը.- Վերջին անգամ ո՞ր հանդէսին գացեր էիք ու ո՞ր հանդէսը կարդացեր էիք…
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)