Երեքշաբթի՝ 5 Փետրուար 2019 -ին, առաւօտ Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղար Աստուածաշունչի Ընկերութեան եւ հեղինակ՝«Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքին, հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Նիկոսիոյ Նարեկ Ազգային վարժարանի միջնակարգի աշակերտներուն հետ՝դպրոցի գրադարանի սրահին մէջ։
Հանդիպում-զրոյցին նպատակն էր խօսիլ աշակերտներուն հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումի կարեւորութեան, եւ թէ ինչպէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է հայ նոր սերունդը հայերէն լեզուն եւ ինքնութիւնը ամուր պահէ։ Դոկտ.ճէպէճեան խօսեցաւ իր փորձառութիւններուն մասին եւ կարեւոր համարեց ազգային մշակութային արժէքներու նկատմամբ հպարտ ըլլալու կարեւորութիւնը։ «Երբ լաւ հայեր էք՝ վստահ եղէք թէ լաւ քաղաքացիներ կրնաք ըլլալ այս երկրին եւ նաեւ շատ աւելի լաւ կրնաք հասկնալ եւ յարաբերիլ ոչ հայերու հետ։ Ձեր լեզուն լաւ սորվեցէք, նաեւ ձեր ինքնութիւնը եւ մշակոյթը» ըսաւ ան։
Հանդիպումը կազմակերպած էր միջնակարգ դասարաններու հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասատու Տիկ Վիոլէթ Թաշճեանը։ Ան այս տեսակի արտադասարանային ձեռնարկներ կը փորձէ կազմակերպել, որպէսզի աշակերտները աւելի ծանօթանան եւ հմտանան հայկական արժէքներու գիտակցութեան։ Հանդիպումին ներկար էր Տիկ Վերա Թահմազեան՝ Նարեկ Վարժարանի տնօրէնուհի եւ Պրն Վարդան Թաշճեան՝ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ։