Հայաստանի ընդդիմադիր 17 կուսակցութիւնները հանրահաւաք մը կազմակերպեցին այսօր՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ:Անոնք ներկայացուցին պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակէն ելքի իրենց տարբերակը:
Ոստիկանութիւնը պահանջեց դադրեցնել հանրահաւաքը, դիտել տալով, որ ռազմական դրութեան պայմաններու մէջ արգիլուած են խմբային միջոցառումները: Այդ պատճառով, ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 129 քաղաքացի, որոնց 41-ը՝ ազատ արձակուեցաւ:
Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պահանջեցին խորհրդարանի արտահերթ նիստ եւ կառավարութեան հրաժարականը:
ՀՅԴ-ի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան պահանջեց, որ Ազգային ժողովը արտահերթ նիստ հրաւիրէ յառաջիկայ ժամերուն եւ լուծէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: « Հիմա ես կ’առաջարկեմ, որ բոլորս շարժինք դէպի Ազգային ժողով եւ պահանջենք արտահերթ նիստ». ըսաւ Սաղաթելեան:
Լուսաւոր Հայաստան խորհրդարանական խմբակը Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ գումարելու ստորագրահաւաք նախաձեռնեց: Ըստ գործող սահմանդրութեան՝ 33 երեսփոխանի ստորագրութիւն բաւարար է արտահերթ նիստ հրաւիրելու համար: