Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հանրապետական Այլ Ծերակուտական Մը Դէմ Դրաւ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

December 6, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Հանրապետական Այլ Ծերակուտական Մը Դէմ Դրաւ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 5 Դեկտեմբերին, այլ հանրապետական ծերակուտական մը՝ Քեւըն Քրէյմըր (Հ., Տըքոթա), հետեւելով նախագահ Թրամփի վարչակազմին ցուցմունքներուն՝ դէմ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու երրորդ փորձին։

«Նախագահ Թրամփի համար հետզհետէ աւելի դժուար սկսած է դառնալ Ծերակոյտի հանրապետականներուն մէջ Անգարայի համակիր դաշնակիցներ գտնելը, որովհետեւ քանի մը բացառութիւններէ բացի, ծերակուտականներ սկսած են զզուիլ իր կամքը ամերիկացի օրէնսդիրներուն վրայ պարտադրելու Էրտողանի ջանքերէն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Նշենք, որ նոյն օրը, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հակադարձելու նպատակով, բանաձեւին համահեղինակները՝ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հ., Թեքսաս) իրենց պաշտօնակիցներուն երրորդ անգամն ըլլալով առաջարկած էին միաձայնութեամբ հաստատել բանաձեւը, այս անգամ ծերակուտական Քրէյմըր կասեցուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս, Տէյվիտ Փըրտու (Հ., Ճորճիա) եւ Լինզի Կրեհեմ (Հ., Հարաւային Քերոլայնա) արգելք հանդիսացած էին քուէրակութեան։

Մենենտեզի եւ Քրուզի կողքին, բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու կոչ ըրաւ նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատներու ղեկավար Չաք Շումըր (Դ., Նիւ Եորք)։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛աւելցնէ, թէ Քրէյմըրի հաւանական ընդդիմութեան լուրը ստանալէ անմիջապէս ետք, «Ուրացման Ճարտարապետներ» վաւերագրական ֆիլմը արտադրողներէն Տին Քէյն կոչ ըրաւ, որ բանաձեւին դէմ չդնէ, յիշեցնելով ծերակուտականին, որ ան 2017-ին նեցուկ կանգնած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այլ բանաձեւի մը (թիւ 220), սակայն դիմումը ապարդիւն եղաւ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Թրամփի մօտիկ դաշնակից Կրեհեմ ընդունած էր, որ Սպիտակ տան խնդրանքով վեթօ դրած էր բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու Մենենտեզի առաջարկին վրայ:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը, իսկ Ծերակոյտին մէջ թիւ 150 բանաձեւը ունի 24 հովանաւորներ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու առաջարկին նորագոյն մերժումը՝ կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ ծերակուտական Քրէյմըրին դէմ բողոքեն հեռաձայնելով (202) 224-2043 թիւին:

Բանաձեւին աջակցելու համար ծերակուտականներուն կարելի է դիմել՝ այցելելով Հայ Դատի յանձնախումբին հաստատած՝ https://anca.org/genocide կայքէջը:

Previous Post

«Քաղցր Անունովն Յիսուսի…»

Next Post

«Արցախի Ժողովրդի Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չէ Զիջման». Զօհրապ Մնացականեան՝ ԵԱՀԿի Համաժողովին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.