Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան յիշատակի օրուան առիթով, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական Մաղթանք՝
հանդիսապետութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին
Ս. Պատարագի աւարտին, նաեւ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ՝ Սարդարապատի ճակատամարտին, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմին իրենց կեանքը զոհաբերած մեր ազգի քաջարի նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ