Երեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Անկախութեան օրուան նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկը: Ձեռնարկին մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախարարներ, պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղեց Անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով:
Ձեռնարկին համերգային ծրագիրով հանդէս եկան Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը եւ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը: