Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած նամակին քննարկումը:
Նշենք, որ խորհրդարանի կարգին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին նամակը կարդացուած էր օր մը առաջ, որմէ 24 ժամ ետք սկսած էր նամակին բովանդակութեան մասին խորհրդարանին քննարկումը:
Նիստին սկիզբը խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց միասնականութեան` շեշտելով, որ այլապէս Լիբանանը կրնայ վերանալ:
Պըրրի նշեց, որ Լիբանան պէտք է գոյատեւէ իր զաւակներու մակարդակին համաձայն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ միասնական չըլլալու գինը ներկայիս շատ սուղ է, այնքան մը, որ կարելի չէ պատկերացնել:
Ան կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու նոր կառավարութիւնը եւ յօգուտ Լիբանանի գերագոյն շահերուն կատարելու փոխադարձ զիջումներ:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ առաջարկեց մէկ ամսուան ընթացքին ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել, խորհրդարանը լուծել եւ ներկայ կառավարութեան վստահիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը, որմէ ետք հանրապետութեան նախագահը կը հրաժարի: «Այսպիսով կանխած կ՛ըլլանք յեղափոխութիւնը», ըսաւ ան:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ երկրին տագնապը լուծելու միակ ձեւը հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին միջեւ խաղաղ եւ հանդարտ երկխօսութիւնն ու քննարկումները վերադարձնելն է, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել առաքելութեան կառավարութիւն մը, որ հաւասարակշռուած է:
Ան նշեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը համոզուած է, որ 24 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը լաւագոյն տարազն է, որովհետեւ ան չ՛ընդգրկեր նախարարաց խորհուրդին որոշումները սառեցնող մէկ երրորդի դրութիւնը:
Վարչական հարցերու եւ արդարութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել միայն կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելով: Ան նշեց, որ որեւէ այլ լուծում ժամանակի կորուստ կը նկատուի:
Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ սահմանադրութիւնը մեկնաբանելու ժամանակ չկայ` աւելցնելով, որ սահմանադրութիւնը մեկնաբանելու հրաւիրող պլոքը պիտի ըլլայ մեծագոյն տեղի տուողը: «Ժողովուրդը անօթի է, հետեւաբար կարեւոր է, որ ազգային պատասխանատուութեան ոգիով զինուինք», ըսաւ ան:
Ապա խօսք առաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, որ յայտնեց, թէ իր խօսքին մէջ առաջնահերթութիւնը կը վերաբերի նշանակեալ վարչապետը մղելու կառավարութեան կազմութեան եւ ոչ թէ անոր նշանակումը յետս կոչելու:
Պասիլ ընդգծեց, որ նպատակը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելն է, որպէսզի կարելի ըլլայ բարեկարգումները գործադրել:
Պասիլ հաստատեց, որ կարելի չէ բարեկարգումի ամբողջական ծրագիր մը մշակել եւ գործադրել` առանց նախարարաց խորհուրդի, «իսկ աւելի ստոյգ է ըսել, որ երկրին մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւն չի կրնար ըլլալ առանց կառավարութեան: Նշանակեալ վարչապետը Սաատ Հարիրին է, եւ անկախ մեր կեցուածքէն, մենք ընդունեցինք զայն, եւ տիրող արտակարգ պայմաններուն պատճառով Ազգային ուխտին վերաբերող որեւէ հարց չստեղծեցինք: Կարեւորը այն է, որ վարչապետ Հարիրին մղենք կառավարութիւնը կազմելու», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ հարցը համայնքային չէ, այլ սահմանադրական: «Երկրին տագնապը սահմանադրական է, հետեւաբար Հարիրին, կամ հանրապետութեան նախագահը, կամ որեւէ պլոք առանձին չեն կրնար լուծել այդ տագնապը, հետեւաբար անոր լուծումը կարիքը ունի ամբողջ խորհրդարանին, եւ այսօրուան նիստը այդ նպատակով չի գումարուիր», ըսաւ Պասիլ:
Ան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած յստակ օրէնքներ ունի, եւ այդ պատճառով ալ այս կամ այն համայնքը չի կրնար առանձնանալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթով: «Իսկ այն իրականութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւունքն է կառավարութեան նոր կազմը վաւերացնել, ապա ան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ու անոր ծալքերուն համաձայն պէտք է գտնուի, որովհետեւ ան պարզապէս կառավարութեան նոր կազմի շրջաբերականը հրապարակողը չէ», ընդգծեց ան:
Պասիլ նշեց, որ նախարարութիւնները կը բաժնուին համայնքներուն համաձայն, իսկ նախարարներու թեկնածուներու անուններուն շուրջ համաձայնութիւն կը յայտնեն կամ չեն յայտներ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ երկուքին համաձայնութիւնը ապահովել: «Այսպէս է, որ կառավարութիւնը կը կազմուի: Կարելի չէ առանց յարանուանութիւնը կամ թեկնածուն առաջադրող կողմը իմանալու անուններ նկատի ունենալ», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը իրաւունք ունի գիտնալու թեկնածուներուն անունները եւ կառավարութեան կազմութեան բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի իմանայ, թէ որո՛նք են կառավարութեան զօրակցող
խորհրդարանական պլոքները: «Հետեւաբար, երբ նշանակեալ վարչապետը կառավարութեան ամբողջական կազմ մը ներկայացնէ` կրնանք ուղղուիլ կազմութեան լուրջ քայլերու: Իսկ 6 ամիսէ ի վեր կը խօսուի հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած կառավարութեան ամբողջական կազմի մը մասին, սակայն իրականութեան մէջ ո՛չ հանրապետութեան նախագահը, ո՛չ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, ո՛չ Հըզպալլան, ո՛չ ալ ֆրանսացիները կամ ոեւէ բարի կամեցող կրցած է նշանակեալ վարչապետէն ստանալ կառավարութեան ամբողջական կազմի մը պատկերացումը` իմանալու համար, թէ ո՞ւր է հարցը կամ տարակարծութիւնը եւ աշխատելու անոր լուծման ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ կը գտնուինք հանրապետութեան նախագահի մը դիմաց, որ երեսփոխաններուն կ՛ըսէ, թէ ունինք նշանակեալ վարչապետ մը, որուն կը մերժեմ եւ պիտի չարտօնեմ, որ ան կառավարութիւն կազմէ:
«Մենք կը գտնուինք հանրապետութեան նախագահի մը դիմաց, որ կը խանգարէ երկրին քաղաքական կեանքը եւ ջրէ որեւէ յոյս, որ փլուզումէ կը փրկէ Լիբանանն ու լիբանանցիները», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ ինք պիտի չկազմէ հանրապետութեան նախագահին կամ քաղաքական որեւէ ուժի փափաքին համապատասխանող կառավարութիւն մը:
«Պիտի կազմեմ մասնագէտներու` ոչ կուսակցականներու կառավարութիւն մը, որ արդէն իսկ Լիբանանի տրամադրուելիք որեւէ տեսակի զօրակցութեան նախապայմանի վերածուած է», շեշտեց Հարիրի:
Ան իր խօսքը փակեց հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է «ազատ արձակէ» իր մօտ գտնուող կառավարութեան կազմը, որպէսզի ան հասնի խորհրդարան:
«Խորհրդարանին, լիբանանցիներուն եւ Աստուծոյ առջեւ յանձնառու կը մնամ ստանձնած պատասխանատուութեանս: Կը հաստատեմ, որ անխոնջ եւ առանց ձանձրոյթի պիտի գործեմ` երկրին նպաստներ եւ զօրակցութիւն ապահովելու` փլուզման դէմ պայքարի ի խնդիր: Կոչ կ՛ուղղեմ հանրապետութեան նախագահին եւ անոր քաղաքական խմբակին, որ իրենց իշխանութեան վերջին տարուան ընթացքին դուրս գան նեղլիկ շահեր ապահովելու նպատակներէն: Լիբանան նոր փորձի մը, նոր ձեւի մը, եւ ձախողութենէ տարբեր արդիւնքի մը արժանի է», եզրափակեց Հարիրի:
Ապա Պըրրի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի նամակին ընթերցումէն եւ քննարկումէն ետք, խորհրդարանը յանձնարարեց նշանակեալ վարչապետին` սահմանադրական կարգին հիման վրայ կազմելու նոր կառավարութիւն մը` հանրապետութեան նախագահին հետ համաձայնաբար:
«Մենք ժողովուրդը կը ներկայացնենք, եւ ժողովուրդը ամէն բանէ առաջ կարիք ունի կառավարութեան: Հետեւաբար խորհրդարանը ճիգ պէտք չէ խնայէ այս իմաստով ջանքեր ի գործ դնելու, որպէսզի լիբանանցիներուն համար յոյսի նշոյլ մը ստեղծէ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նիստին աւարտին Պըրրի եւ Հարիրի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ ետք Պըրրի դռնփակ այլ հանդիպում մը ունեցաւ Պասիլի հետ:
Պըրրի-Պասիլ հանդիպումէն ետք, խորհրդարանի նախագահը դարձեալ հանդիպում մը ունեցաւ Սաատ Հարիրիի հետ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ Պըրրի կ՛աշխատի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի նոր մեկնարկի մը ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Պըրրիի ջանքերուն մասին տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան: