Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահին Տեսակցութիւնները- Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մաքրոնի Հետ

September 19, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Macron tells donor conference: ‘Lebanon’s future is at stake’

Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ երէկ նախագահ Աուն ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան դատական, դիւանագիտական եւ քաղաքական հարցեր:

Աուն-Նաժըմ Հանդիպում

Նախագահ Աուն ընդունեց Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ծանրաբեռնուած բանտերու հարցը լուծելու համար շարք մը բանտարկեալներու յատուկ ներում շնորհելու առաջարկը, ինչպէս այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

Դիւանագիտական գետնի վրայ, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Ալի Սատիք Ալին, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` տարբեր մարզերու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման ուղղութեամբ թափած ճիգերուն համար:

Երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ

Քաղաքական գետնի վրայ, նախագահ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ասաատ Տըրղամը, որուն հետ քննարկեց երկրին  կացութիւնը եւ Աքքարի իրավիճակը`յատկապէս ապահովական  տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ շրջանի կարիքները:

Աուն-Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Հանրապետութեան նախագահը երէկ նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարի վերջին զարգացումները: Երկու նախագահները համաձայնեցան, որ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել տարբեր մակարդակներու վրայ` ամենակարճ միջոցին կառավարութեան ծնունդը ապահովելու նպատակով:

Ֆրանսայի նախագահը յոյս յայտնեց, որ նախագահ Աուն ի գործ դնէ բոլոր ջանքերը` հասնելու համար դրական արդիւնքի` նշելով, որ ինք եւս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ:

Previous Post

Գրողի անկիւն. Ապտակը

Next Post

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.