Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը հզօր է` աւելցնելով, որ ապագան կը պատկանի Դիմադրութեան եւ այն տարազին, որ գծուած է Հասսան Լաքքիսի եւ «Հասսան» անօդաչու թռչող սարքին կողմէ: «Իսկ գալիքը շատ աւելի նշանակալից պիտի ըլլայ, եւ Դիմադրութեան կարողութիւններուն դիմաց Իսրայէլ պիտի շշմի», ըսաւ ան:
Սաֆիէտտին նշեց, որ եթէ ամերիկացին Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելով եւ զայն ելեւմտական ու տնտեսական շրջափակումի ենթարկելով կը փափաքի հանգիստ պարգեւել թշնամի Իսրայէլին եւ փարատել անոր մտահոգութիւնները, «ապա պէտք է արձանագրել, որ մեր անօդաչու թռչող սարքերը բաւական մտահոգած են Իսրայէլը», շեշտեց ան:
Սաֆիէտտին ընդգծեց, որ ամերիկեան բոլոր յոյսերը ի դերեւ պիտի ելլեն, իսկ Հըզպալլային մարտահրաւէր կարդացողը պիտի ձախողի ու կոտրուի, ամէնուրեք: