ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս 22 Դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ:
Պաշտպանութեան նախարարին հետ հանդիպումին քննարկուեցան ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին կազմակերպութեան գործունէութեան գերակայ ուղղութիւնները: Սուրէն Պապիկեան շեշտեց, որ հայկական կողմի առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան ՀԱՊԿի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ կատարելագործումը, ինչպէս նաեւ՝ ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման հարցերը:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը ներկայացուց Զասին՝ շեշտելով, որ անիկա Հայաստանի համար առաջնային նշանակութիւն ունեցող մարտահրաւէր է:
Գրիգորեան եւ Զաս կարեւոր նկատեցին շուտով սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին սկսելու պայմաններու ապահովումը:
Անոնք քննարկեցին նաեւ ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ժամանակաշրջանին իրականացուելիք ծրագիրները, անդրադարձան հայ-ատրպէյճանական, տաճիկ-ղըրղզական, տաճիկ-աֆղանական սահմաններու լարուածութեան թուլացման նպաստելուն: