Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) ռազմական օգնութիւն կրնայ տրամադրել Հայաստանին՝ անոր տարածքային ամբողջականութիւնը իսկական սպառնալիքի ենթարկուելու պարագային: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը:
Զաս ըսաւ, թէ նման սպառնալիքի եւ կամ որեւ ներխուժումի պարագային Հայաստանի իրաւունքն է դիմել ՀԱՊԿ-ին: