Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հաստատուած է Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակի Տարբերանշանը

January 25, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Հաստատուած է Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակի Տարբերանշանը

24 Յունուարին, Արցախի խորհրդարանին մէջ, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի` Ղարաբաղեան շարժման 30-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուած է 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուած են տարբերանշանի (լոկո) մրցոյթին արդիւնքները:

Բանալով նիստը` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ արդէն իսկ տրուած է ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն սկիզբը, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն Փետրուար ամիսով, այլ կ՝ընդգրկեն ողջ 2018 թուականը եւ կ’ունենան համաժողովրդական բնոյթ` սփռուելով Արցախի ողջ տարածքով:

Պետական յանձնաժողովը կ՝առաջարկէ ձեռնարկներու իրականացման թիրախաւորուած եւ նպատակային ծրագիր, որուն իրականացման համար պիտի ներգրաւեն հանրային, քաղաքական ու գիտական շրջանակները, պաշտպանութեան բանակը, արտաքին աշխարհն ու հայկական Սփիւռքը:

Այնուհետեւ յանձնաժողովի անդամները քննարկած եւ ամփոփած են Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակի ձեռնարկներու տարբերանշանի մրցոյթին արդիւնքները: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացմամբ`  10-31 Դեկտեմբեր 2017-ին  յայտարարուած մրցոյթին ընթացքին, 26 մասնակիցի կողմէ, յանձնաժողովին ուղարկուած է 77 տարբերանշանի էսքիզ: Քննարկման ընթացքին յաղթող ճանչցուած է Նինա Շահուերդեանի ներկայացուցած տարբերանշանը եւ Արմէն Ղուկասեանի նախագիծը` պաստառներու համար:

Ձեռնարկներու ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ յոբելինական յուշամետալի, թեմային վերաբերեալ գիրքերու եւ պրոշիւրներու, լուսանկարչական ալպոմի, նամականիշի թողարկում, փաստագրական ֆիլմերու, տեսահոլովակներու պատրաստում, հանրապետութեան ողջ տարածքին ցուցահանդէսներու, տարբեր մրցոյթներու, մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում:

Յոբելինական ձեռնարկները պիտի սկսին 10-15 Փետրուարին` պահպանելով երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակացոյցը: Հանդիսաւոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին 20 Փետրուարին:

Նիստին ընթացքին՝ յանձնաժողովի անդամներ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեանը ներկայացուցած են համալիր ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախատեսուած ոլորտային ծրագիրները:

Ամփոփելով նիստը, յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին աշխատանքները յոբելինական ձեռնարկներու բեմագրերուն շուրջ:

Previous Post

Արցախի ՊԲ-ն Ետ Շպրտած Է Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձը. Հակառակորդը Կորուստներ Ունի

Next Post

Հրանդ Տինքի Սպանութեան Հերթական Դատավարութեան Պիտի Դատուին Տրապիզոնի Ոստիկանութեան Պաշտօնեաներ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.