ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 134
Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն է: Տասնամեակներ շարունակ բեմերէն, մամուլով կ’արձանագրենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ պարտադրելու մեր իրագործումները: Տարօրինակ չթուի, եթէ յայտնենք՝ օրին Թուրքիա ընդունած է յանցագործութիւնը: Փաստերը պերճախօս են, հաւանաբար նոյնքան ալ տարօրինակ մեզմէ շատերուն համար…: Թուրքիա նոյնիսկ իրաւականօրէն ընդունած է իր յանցագործութիւնը, վկայ՝ 1919-ի ռազմական ատեանին դատավարութիւնները: Պէտք է գիտակցիլ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիայէն պահանջելով, կերպով մը կը մոռնանք էականը՝ հատուցումները:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ Թուրքիոյ հասարակական- քաղաքական կեանքին մէջ շարունակական զարգացումներ տեղի կ’ունենան: Խորքային Թուրքիոյ հետեւողական եւ մշակուած պայքարը ցեղասպանութեան փաստին ճանաչման դէմ, միւս կողմէ՝ կեղծիքի վրայ յենած քաղաքականութեան սնանկութիւնը:
Մերթ պատմական, մերթ՝ իրաւական կեղծ փաստարկներով, խորքային Թուրքիան կը շարունակէ ուրանալ պատմական ճշմարտութիւնը:
Ըմբռնելով պատմական հակափաստարկներու սնանկութիւնը՝ ցեղասպանութեան կազմակերպիչները կը փորձեն իրենց դիրքորոշումը պատմական հարթութենէն տեղափոխել իրաւական դաշտ՝ ցեղասպանութեան գնահատականին դէմ բերելով իրաւական բնոյթի ձեւական փաստարկներ: Ոմանք կատարուած յանցագործութիւնը չեն որակեր «ցեղասպանութիւն» այն պատճառաբանութեամբ, թէ իրագործման ժամանակ գոյութուն չունէր «ցեղասպանութիւն» հասկացութիւնը…: Ուրիշներ, վկայակոչելով ՄԱԿ-ի 1949-ի Ուխտը, կ’ապաւինին « օրէնքը չունի յետադարձ ուժ…» սկզբունքին, եզրակացնելով՝ չկայ օրէնք, չկայ յանցագործութիւն: Անոնց կարծիքով պատժելիութիւնը կը վերաբերի ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿ-ի Ուխտէն ետք պատահած յանցագործութիւններուն
Եթէ միջազգային ընտանիքը, մինչեւ 1949-ի Ուխտը, հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութեան դէմ չունէր պատժական որեւէ սահմանում, իրաւական գետնի վրայ կեցուածք ճշդած էր անոր դէմ՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ զարհուրելի ոճիրի եւ յանցագործութեան:
Թուրք պետականութիւնը կը մոռնայ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ներկայացնէ Անթանթին մաս կազմող պետութիւններուն՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կողմէ 24 մայիս 1915-ին հրապարակուած համատեղ պաշտօնական հռչակագիրը, ուր իբրեւ «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն» կ’որակուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ աւելցնելով, որ թրքական կառավարութիւնը պատասխանատու կը մնար կատարուած յանցագործութեան համար:
Վերոյիշեալ հռչակագիրը ճակատագրական նշանակութիւն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանի միջազգային իրաւունքին համապատասխան՝ միջազգային հանրութիւնը կը հաստատէր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային յանցագործութիւն կը հանդիսանար եւ պատասախանատուութեան կը հրաւիրէր Թուրքիան:
Վերոյիշեալ հռչակագիրին իրաւական նշանակութիւնը ճիշտ գնահատելու համար տեղին է զայն համեմատել Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, 1943-ին, Խորհրդային Միութեան, Անգլիոյ եւ Մ. Նահանգներու կողմէ Մոսկուայի մէջ ստորագրուած նոյնատիպ հռչակագիր մը, որ հետագային իրաւական հիմնաքարը դարձաւ «Հոլոքոսթ»-ի համար նացիստական Գերմանիոյ պատասխանատուութեան:
Աւելի խորանալով, յայտնենք, որ օրին Թուրքիա ընդունած է Ցեղասպանութեան փաստը: 1919 թուականին Իսթանպուլի մէջ կազմուեցաւ զինուորական դատարան մը՝ պատժելու համար հայերու նկատմամբ յանցագործութիւններուն պատասխանատուները: Այդ ժամանակ թրքական իշխանութիւններ կը գրէին.«…Թուրք ժողովուրդը իր գլուխը կը խոնարհէ. հայ ժողովուրդին համար կը խոնարհի տխրութեամբ, իր համար՝ ամօթով»:
Զինուորական ատեանը մահավճիռ արձակեց երիտթուրք կարգ մը ղեկավարներու դէմ: Դատավճիռը չգործադրուեցաւ, սակայն իրաւական առումով ատեանը հաստատեց յանցագործութեան փաստը եւ պատասխանատուութեան ենթարկեց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները:
Նախքան ՄԱԿ-ի 1949-ի Ուխտը կատարուած յանցագործութիւնները ցեղասպանութիւն չհամարելով՝ կասկածի տակ կ’առնուի ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ Նիւրենպերկի դատավարութիւնը՝ հրեաներու ոչնչացումը: Իրաւական գետնի վրայ մակերեսային պատճառաբանութիւններ գլորելու Թուրքիոյ անտեղի փորձերը, միեւնոյնն է, չեն դիմանար տրամաբանութեան:
Հետեւաբար, հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն, այսօրուան Թուրքիան իբրեւ օսմանեան Թուրքիոյ իրաւայաջորդը կը կրէ ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու պատասխանատուութիւնը:
Ցեղասպանութեան Ուխտը իր սահմանումը հիմնաւորած է միջազգային իրաւունքի եւ ցարդ կատարուած յանցագործութիւններու վրայ: Անոր հիմնադիրը՝ Ռաֆայէլ Լեմքին, ցեղասպանութեան եզրը սահմանելու նախատիպ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հրեաներու ոչնչացումը: Մէկ այլ ուշագրաւ իրողութիւն. Նիւրենպերկի միջազգային դատավարութեան ընթացքին ատեան ներկայացող գերմանացի մեղադրեալները կ’ամբաստանուէին ոչ իբրեւ ցեղասպան, այլ մարդկութեան դէմ յանցագործներ…: Դատավարութեան ընթացքին ոչ մէկ անգամ օգտագործուեցաւ ցեղասպանութիւն բառը: ՄԱԿ-ի Գերագոյն խորհուրդը միայն 1946-ին հաստատեց «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Ուխտին նախաբանին մէջ յստակօրէն նշուած է .«Ընդունելով, որ պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններուն ցեղասպանութիւնը մեծ կորուստներ պատճառած է մարդկութեան …»: Վերոյիշեալ սահմանումէն կարելի է հասկնալ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը մինչեւ Ուխտին հաստատումը պատահած յանցագործութիւններուն պարագային եւս կիրառելի է:
Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութիւնը պէտք է յանգեցնէ մինչեւ կատարուած յանցագործութիւնը հայ ժողովուրդի իրաւական վիճակին վերականգնմանը եւ տարածքային պահանջներուն: Այստեղ անմիջապէս կ’ուզեմ յիշեցնել. Կարս եւ Սուրմալու նահանգները Թուրքիոյ տարածքներ չէին Ցեղասպանութիւնը գործուած ժամանակաշրջանին: Ցեղասպանութեան հետեւանքով դարձան թրքաբնակ:1921-ի Մոսկուայի տխրահռչակ պայմանագիրով անցան թրքական գերիշխանութեան տակ:
ՄԱԿ-ի միջազգային իրաւունքի յանձնաժողովի կողմէ մշակուած պետութիւններու պատասխնատուութեան յօդուածներուն մէջ յստակօրէն նշուած է, որ միջազգային հակաիրաւական արարքին պատասխանատուութիւնը կրող պետութիւնը պարտաւոր է միջազգային հակաիրաւական արարքով պատճառուած վնասներուն լիարժէք հատուցումը տրամադրել վնաս կրող կողմին: Հատուցումը կ’ընդգրկէ հակաիրաւական արարքով պատճառուած որեւէ կորուստ՝ նիւթական եւ բարոյական: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, պարտաւոր կ’ըլլայ փոխհատուցելու հայ ժողովուրդին պատճառած նիւթական վնասները, ինչպէս մինչեւ օրս Գերմանիան՝ հրեաներու ոչնչացման համար փոխհատուցում կը վճարէ հրեաներուն:
Հայաստանի հանրապետութիւնը այսօրուան դրութեամբ կրնայ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին միջոցով պատասխանատուութեան հրաւիրել Թուրքիան:
Հայազգի գիտնական, իրաւագիտութեան դոկտոր, միջազգային փրոֆեսոր, Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտող Եուրի Բարսեղով, որ եղած է ՄԱԿ-ի միջազգային իրաւունքի յանձնաժողովի անդամ, այս կարելիութեան մասին կը գրէ. «Հայաստանի հանրապետութիւնը, իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, եզակի հնարաւորութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ հանրապետութեան պատասխանատուութեան գործը միակողմանիօրէն յարուցելու ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան, ՄԱԿ-ի Ուխտի՝ Ցեղասպանութեան նախազգուշացման եւ անոր համար պատժելու մասին 9-րդ յօդուածին հիման վրայ»: Այստեղ ընթերցողը պիտի հարցնէ 9-րդ յօդուածին բովանդակութիւնը: 9-րդ յօդուածը կը սահմանէ, թէ պետութիւնները կրնան միակողմանի ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան վերաբերեալ վէճը ներկայացնել ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնները առանց վերապահութեան ստորագրած են Ուխտի յօդուածներուն տակ: ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը, մեկնելով ներկայացուած պահանջներէն եւ առարկութիւններէն, ինչպէս նաեւ անոնց իրաւական եւ փաստական հիմնաւորումներէն, կրնայ որոշել Թուրքիոյ պատասխանատուութեան չափը:
1948 թուականին ՄԱԿ-ի հովանիին տակ կնքուած եւ 12 յունուար 1951-ին ուժի մէջ մտած «Ցեղասպանութեան յանցագորութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատժելու մասին» Ուխտը, «ցեղասպանութիւն» յանցագործութեան կու տայ իր յստակ ձեւակերպումը եւ գնահատականը: Փաստաթուղթերու եւ ականատեսներու վկայութեամբ՝ 20-րդ դարուն սկիզբը հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Ուխտին մէջ նկարագրուած յանցագործութեան յօդուածներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը անհրաժեշտ է բարձրացնել ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան: Այս նպատակով անհրաժեշտ են իրաւաբաններ, պատմաբաններ: Անհրաժեշտ է հետեողական լուրջ աշխատանք: Միւս կողմէ՝ մեր իրաւաբանները քաջութիւնը պարտին ունենալ օգտագործելու մեր պատմաբաններուն հիմնաւորումները եւ փաստերը:
Ոչ ոք կրնայ անտեսել կամ թերագնահատել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող շնորհակալ աշխատանքը: Սակայն նոյնքան եւ աւելի կենսական նշանակութիւն պիտի ունենան յանցագործը իրաւականօրէն հետապնդելու եւ հատուցումներու պատասխանատուութեան առջեւ բերելու ծրագրաւորուած քայլերը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ