Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող հայոց բանակի զինուորները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք

November 29, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող հայոց բանակի զինուորները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) խաղաղապահ ոյժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Անոնք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։

Առաջին հերթին, խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը։ Ան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վեց ամիսէ ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայութեան լծուած հայոց բանակին առաքելութիւնը՝ յայտնելով, որ բանակի զինուորները իրենց պատասխանատուութեան աւարտին կը վերադառնան հայրենիք՝ լծուելու իրենց զինուորական ծառայութեան։ Նորին Ս. Օծութիւնը հայրական ջերմ սիրով ողջունեց մեր զինուորները, շեշտեց հայոց բանակին վիճակուած կարեւոր դերը Հայաստանի պաշտպանութեան, անոր հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան գծով։ Հայրապետը բարձր գնահատեց ազերիական յարձակումներուն դիմաց մեր բանակին ցուցաբերած մարտունակ ոգին եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց բանակը վերակազմակերպելու անյետաձգելի հրամայականը՝ իբրեւ համազգային առաջնահերթութիւն։

Յանուն զինուորներուն, հրամանատար Արտէմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին իր ջերմ ընդունելութեան եւ հայրական զօրակցութեան համար եւ այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց անոր։ Ապա, զինուորները շրջեցան Մայրավանքի շրջափակը եւ մօտէն ծանօթացան Կաթողիկոսարանի առաքելութեան զանազան մարզերուն։

Previous Post

Cryptoverse: Messi takes on Ronaldo in fan coin ‘World Cup’

Next Post

US reaffirms Türkiye’s ‘right to self-defense’ against terrorism

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.