Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուա կատարած այցելութիւնը աւարտեց հանդիպում մը ունենալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ընդգծելով երկրին տնտեսական-ընկերային տագնապը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը:
Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին երկրին քաղաքական ուժերուն եւ գլխաւոր համայնքներուն զօրակցութիւնը վայելող մասնագէտներու կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Լաւրով շեշտեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան` ընդգծելով, որ երկրին հարցերը պէտք է լուծել քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեամբ եւ ոչ թէ արտաքին միջամտութիւններով:
Լաւրով ընդգծեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի կառավարութիւն կազմելու Հարիրիի ջանքերուն` մաղթելով, որ երկրին մէջ կազմուի կառավարութիւն մը, որ տագնապները լուծելու եւ արաբական ու միջազգային օժանդակութիւն ստանալու կարողութիւն ունենայ: