Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ ճնշումի տակ համաձայն պիտի գտնուի կառավարութեան, եթէ անոր կազմով համոզուած չըլլայ:
Ան հաստատեց, որ ինք բնաւ չի փափաքիր ներկայ կառավարութեան նման կազմ մը ունենալ, որովհետեւ անոնք բոլորը ձախողած են բարեկարգումներուն գործադրութեան մէջ, որ հիմնական է Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական առումով իր տագնապէն դուրս բերելու:
Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմը ընդարձակելու հարցը քննարկումի առարկայ չէ` աւելցնելով, որ պահանջուածը անկուսակցական նախարարներով կազմուած կառավարութիւն մըն է, որ կը վերահաստատէ լիբանանցիներուն եւ անոնց ընդմէջէն միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ 18 նախարարներէ բաղկացող կառավարութեան մը` մերժելով կառավարութեան կազմին թիւը 20-ի, 22-ի կամ 24-ի հասցնել:
Միւս կողմէ, Հարիրիին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը սառած է եւ առկայ տագնապին ելք մը գտնելու առումով ոչ մէկ կարելիութիւն կայ:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը միակն է փրկելու Լիբանանը, պայմանով որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ճշդած չափանիշներուն նկատմամբ յանձնառութիւն ցուցաբերուի:
Անոնք շեշտեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պէտք է արագացնել, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը սկսած է դարձեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Լիբանանի օժանդակութեան առումով: