ԵՐԵՒԱՆ.- Միայն հարկային պարտաւորութիւններ չկատարելու մասով, վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին, 1 Յուլիսի դրութեամբ՝ վերականգնուած է 20 միլիառ 622 միլիոն դրամի վնաս: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, կառավարութեան նիստին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Գիտէք, որ կառավարութեան ձեւաւորումէն ի վեր Հայաստանի մէջ աշխուժօրէն կ՛ընթանայ կաշառակերութեան եւ ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքար: Մենք ամփոփեցինք տուեալ մը եւ արձանագրեցինք, որ իրաւապահ տարբեր մարմիններու կողմէ յարուցուած քրէական գործերու տուեալներով՝ միայն հարկային պարտաւորութիւններու մասով՝ 1 Յուլիսի դրութեամբ՝ վերականգնուած է 20 միլիառ 622 միլիոն դրամի վնաս, կամ չվճարուած հարկ. խօսքը 42 միլիոն տոլարի մասին է: Ասիկա շատ կարեւոր ցուցանիշ է եւ այս ուղղութեամբ մեր աշխատանքները պէտք է շարունակենք», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա իրականութեան մէջ մէկուկէս ամսուան ցուցանիշ է:
Վարչապետը նկատեց, որ մամուլին մէջ կան հրապարակումներ՝ ըստ որոնց պետական պիւտճէին մէջ այս թիւը չ՛արտայայտուիր եւ աւելցուց, որ այնտեղ ոչ մէկ տարօրինակ բան կայ:
ՊԵԿի նախագահ Դաւիթ Անանեան նշեց, որ վերականգնումները կարելի դարձած է ԱԱԾի, ՊԵԿի եւ ոստիկանութեան համատեղ ջանքերով, այսինքն՝ այդ գործընթացը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է: Ըստ ՊԵԿի նախագահին՝ նշուած 20 միլիառ դրամը օրէ օր կը փոփոխուի եւ ունի բարձրանալու միտում: «Այս պահու դրութեամբ՝ նշուած գումարը 73 տնտեսվարողներու վարքագիծի արդիւնք է: Մենք կրնանք զայն բաժնել երեք մասի: 800 միլիոն դրամը փաստացի մուտքագրուած է պիւտճէ, 12 միլիառ դրամը առաջադրուած է, որպէսզի մուտք կատարուի պիւտճէ, իսկ 7 միլիառ դրամը գանձուելու փուլին մէջ է: Վերականգնումը դեռ չի նշանակեր մուտք պիւտճէ, կը նշանակէ, որ վերականգնուած է ընկերութիւններու հաշիւներուն, որ կանոնագրութիւնը ստորագրելէ ետք պիտի մուտքագրուի պիւտճէ», ըսաւ Դաւիթ Անանեան:
Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ նշուած գումարը փաստացիօրէն պիտի տեղափոխուի պետական պիւտճէ ու այս միջոցները որեւէ տեղ չեն կրնար կորսուիլ: Ըստ անոր՝ անոնք վերականգնուած գումարներ են եւ ընդամէնը ընթացակարգերու հարց է: «Այս թիւը կը վերաբերի միայն հարկային պարտաւորութիւններուն, այս թիւը չի վերաբերիր կաշառակերութեան երեւոյթներուն, ապօրինի հարստացման: Պետութեան հասցուած վնասը պիտի վերականգնենք մինչեւ վերջ եւ աննահանջ: Ուրախ եմ, որ այս թեմային շուրջ իրաւապահ մարմիններու փոխգործակցութեան մակարդակը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ: Այս գումարի մասին է խօսքը, երբ կ՛ըսենք, որ 10 միլիառ դրամ պիտի յատկացնենք մարզերուն, որպէսզի մեր ժողովուրդը արդէն իրենց համայնքներուն մէջ զգայ մթնոլորտին փոփոխութիւնը», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ շուրջ 30 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի մարզերուն: Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ պետութեան հասցուած վնասներուն վերականգնման գործընթացը պիտի շարունակուի եւ պիտի ըլլան աւելի լաւ արդիւնքներ: