«Այժմ Հայրս Հպարտ Պիտի Զգար, Գիտնալով Որ Իր Թոռնիկը Երկրաչափ Է»
Վարեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայերէնի Թարգմանեց՝
ՀԱՅԿ ՄԽՃԵԱՆ
Պատահական խօսակցութեան մը ընթացքին, իր աշակերտներէն Գոհար Ցաքանովա Հայաստան վերադարձի նախօրեակին ուշադրութեանս յանձնեց դոկտ. Տայան Պարպըրի անունը՝ ըսելով. «Պրն. Նուպար, կ՛ուզեմ որ անպայման ծանօթանաք անոր հետ ու գրեք իր մասին»:
Դժուար չեղաւ կապուիլ դոկտ. Պարպըրի հետ։ Արդէն քանի մը օրեր ետք իր գրասենեակն եմ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի UCSF-ի մէջ, եւ սկսած ենք ծանօթանալու։ Ան մանամասն կերպով պատմեց իր գաղթական ծնողներուն անցեալին մասին, ապա առաջնորդեց զիս իր տարրալուծարանը՝ ցոյց տալու իր եւ իր աշակերտներուն մասնագիտական աշխատանքները:
Այս բոլորին մէջ, հետաքրքրականը այն է, թէ արդեօք մեր անմիջական շրջանակին մէջ քանի՞ տասնեակ նման մեծանուն մասնագէտներ կան, զորս չենք ճանչնար։ Ի՞նչ են կարելիութիւնները զանոնք գտնելու եւ ծանօթացնելու մեր ընթերցողներուն. ես պիտի աշխատիմ այդ ուղղութեամբ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Դոկտ. Պարպըր, կրնայի՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ ձեր ծնողներուն ու մեծ ծնողներուն մասին, թէ ո՛ւր ծնած են ու երբ գաղթած են Ամերիկա:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Իմ մեծ մայրս ու մեծ հայրս գաղթած են Թուրքիոյ Անատոլիայի շրջանէն 1890էն 1900 թուականներուն միջեւ: Իմ մօրս հայրը՝ Օսգար Տէր Յարութիւնեան (վերջը փոխուած է Կարապետեանի) թրքական բանակին զինուորագրուելէ խուսափելով փախած է դէպի Ֆրանսա եւ ի վերջոյ Քալիֆորնիոյ Սանկըր քաղաքը, ուր զբաղած է չամիչի արտադրութեամբ: Իսկ մօրս մայրը՝ Անի Կարապետեան (ծնեալ Բրուտեան) ծնած է Նիւ Ճըրզի, իր ծնողքը եկած են Ամերիկա Տիարպէքիրէն 1890 թուականին: Նախապէս ծրագրած են կարճ այցելութեան մը համար՝ կաւագործութեան մարզին մէջ մասնագիտանալու, դժբախտաբար 1890ականներուն, Ցեղասպանութեան սկզբնական շրջանին, իրենց ընտանիքը արգելք եղած է իրենց վերադարձին, եւ իրենք ալ միասին վերջնականապէս հաստատուած են Քալիֆորնիոյ Սանկըր քաղաքը:
Իմ հօրս ծնողքը, Սարգիս եւ Աղաւնի Պէրպէրեան, 1905ին գաղթած են Հիւսենիկ-Խարբութ Անատոլուի շրջանէն, ուր մեծ հայրս եղած է ուսուցիչ ֆրանսական միսիոնարներու դպրոցին մէջ: Նախ հաստատուած են Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր հայրս ծնած է: Ետքը փոխադրուած են Քալիֆորնիոյ Ռիտլի քաղաքը ու գնած են խաղողի այգի: Իրենց անունի փոփոխութեան պատճառը յստակ չէ՝ Պէրպէրեանէ Պարպըր, սակայն եւ այնպէս շարունակ կ՛ըսուէր Պարպըրեան: Մեր ծնողները թաղուած են Ռիտլիի գերեզմանատունը, ծնողքիս տապանաքարը արձանագրուած է Պարպըր, իսկ իրենց ծնողքը՝ Պէրպէրեան:
Ծնողքս մեծցած են տնտեսական տագնապի ժամանակ եւ ստիպուած են աշխատիլ կանուխ տարիքէն, օգնելու համար ընտանիքին, այդ պատճառով ալ չեն կրցած յաճախել համալսարան: 1940 թուականին փոխադրուած են Ֆրէզնոյի շրջանը գտնուող Պէյքըրզֆիլտ քաղքաը, ու հայրս աշխատած է «Փոնթիաք» ինքնաշարժի ընկերութեան գրասենեակին մէջ իբրեւ վերակացու եւ օգնական նորոգութիւններու եւ այդպէս յետաձգած է իր կրթական երազները ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ: Այժմ հայրս հպարտ պիտի զգար, գիտնալով որ իր թոռնիկը երկրաչափ է, հակառակ անոր որ ծնողքս չեն պարտադրած բարձրագոյն կրթութեան ջամբելու, բայց ճակատագիրը այդ ուղղութիւնը ստացած է: Իրենց երեք զաւակներէն եւ եօթը թոռներէն երեքը եղած են համալսարանի ուսուցիչներ, չորսը՝ փաստաբաններ, մագիստրոսի կրթութեամբ եւ մէկը՝ երկրաչափ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Որո՞նք են ձեր հետաքրքրութիւնները հայ շրջանակին հանդէպ:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Պէյքըրզֆիլտ քաղաքին մէջ ապրող հայերուն թիւը եղած է քիչ, իմ նախնիներս ունեցած են ընտանեկան հայկական մթնոլորտ եւ ոչ թէ հայ ընկերային կեանք: Շաբաթավերջին այցելելով մեր մեծ ծնողքին, այգիին մէջ միասին անցուցած ենք՝ 12 զարմիկներ հօրս կողմէն եւ 12 զարմիկներ մօրս կողմէն, եւ այդ ձեւով ամրապնդած ենք մեր հայկական արմատները: Յաճախած ենք Ս. Սահակ-Մեսրոպ եկեղեցին Ռիտլիի մէջ, ուր մեծ հայրս սարկաւագ եղած է, նաեւ Ֆաուլըր քաղաքի Ս. Գրիգոր եկեղեցին, որ մօրս ընտանիքին հոգատարութեան տակ էր: Թէեւ գաղափար ունեցած եմ հայոց պատմութեան, մշակութային արժէքներու եւ հայկական ուտելիքներու մասին, բայց իմ մէկ վիշտը եղած է այն, որ ծնողքէս հայերէն չեմ սորված, իրենց սահուն արեւմտահայերէն գիտնալով հանդերձ: Իրենք իբրեւ առաջին սերունդի գաղթականներ՝ այս շրջանին մէջ ցեղային եւ մշակութային արժէքներ չեն ընդգրկած:
Երբ UCLA-ի ուսանող էի, հայոց լեզուի մի քանի դասընթացքներու հետեւեցայ եւ երբ Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանը փոխադրուեցայ, ոչ պաշտօնական, արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի ուսողութեան յաճախակի հետեւեցայ հայ ընկերային խումբերու շրջանակին մէջ: Բայց աւաղ, գիտնալով հանդերձ շատ մը հայերէն բառեր, չեմ կրնար պատշաճ նախադասութիւն կազմել, նոյնիսկ տկար հայերէնով: UCLA յաճախած ժամանակաշրջանիս Դաշնակցութեան կոմիտէին մաս կազմեցի, բայց չկրցայ շարունակել, որովհետեւ Լոս Անճելըսէն փոխադրուեցայ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչո՞ւ այս բժշկական գիտական ճիւղը ընտրեցիք:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Ուսանողութեանս սկիզբը ես չունեցայ յստակ ուղղութիւն մը, UC DAVIS համալսարանին մէջ, թէեւ սկզբնական շրջանին հետեւեցայ կենսաբանութեան, գրականութեան եւ մարդաբանութեան ճիւղերուն եւ քիչ մը հետաքրքրութիւն ցոյց տուի իբրեւ աւագ կարգի ուսանող, երբ ներկայ եղայ շարք մը գիտական դասախօսութիւններու, իմ հետաքրքրութիւնը աւելցաւ բջիջային կենսաբանութեան եւ բնախօսութեան մէջ, եւ ազատ ժամերուս հետեւեցայ կարգ մը հետազօտական ծրագիրներու: Կենսաբժշկական հետազօտութիւնները սիրեցի իրենց մտաւորական արժէքներով, եւ պատեհ առիթներով միացուցի կարգ մը անջատ գաղափարներ դէպի նոր ուղղութիւն, այս եղաւ 40 տարիներ առաջ, եւ շատ բախտաւոր եղայ այդ փափաքիս հետեւելով:
UCLA-ի մէջ Ph D բարձր ուսման հետեւելով, Մեսեչուսեցի համալսարանի բժշկական կեդրոնի եւ դասատուներու շարքին ըլլալով, նաեւ YALE համալսարանի, ի վերջոյ Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանին մէջ գտնուած եմ, դժուար, մաշեցնող եւ յոգնեցուցիչ կոչում եւ զբաղում մըն էր ինծի համար այն: Ասով հանդերձ, համալսարանական հետազօտութիւնը արտասովոր եւ բացառիկ կերպով գոհացուցիչ գտած եմ կեանքի մէջ, շարունակ սորվելով եւ օրական խորհրդակցութիւններով, խելացի եւ ստեղծագործող գործակիցներու, բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողներու առարկութիւններով եւ անլոյծ հարցումներու յաճախակի արծարծումներով:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ բջիջային եւ հիւսկէններու կենսաբանութեան մասին:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Բջիջային հիւսկէններու կենսաբանութիւնը կը պարփակէ կազմութիւնը, գործելակերպը, պաշտօնը, ընթացքը եւ կարգաւորումը բջիջներու եւ հիւսկէններու, այս երեւոյթին մէջ ունի նաեւ նոյն տեսակի եւ որոշ բջիջներու տեսակներու միացումը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Քանի դուք UCSF-ի ատամնաբուժական բաժինին մէջ էք, ի՞նչ է ձեր կապը՝ ձեր մասնագիտութեան հետ:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Մեր բջիջային եւ հիւսկէններու կենսաբանութեան խումբը գիտական հիմնական մասնաճիւղ մըն է ատամնաբուժական դպրոցին մէջ, որ ամբողջացած եւ ընդելուծուած է UCSF-ի տարբեր դպրոցներուն մէջ, ներառեալ բժշկութեան, դեղագործութեան եւ հիւանդապահութեան, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կարգի ուսանողներու պատրաստութեան ոլորտները: Ուսուցչական կազմի բոլոր անդամները ունին հետազօտական ծրագիրներ բջիջային եւ հիւսկէններու կենսաբանութեան ճիւղին մէջ եւ կը կեդրոնանան հիմնական գլխաւոր էական բջիջային կենսաբանութեան, թէ ինչպէ՞ս կը կառավարուի, ինչպէ՞ս բջիջները կը կիսուին ու կը բաժնուին, ինչպէ՞ս կը շրջին եւ իրենց ինքնուրոյն չափը կունենան, առաւել, բջիջները աճելու կարողութիւնը կենսաբանութեան վերաբերեալ հասկնալու համար՝ գանկային հիւանդութիւններու (խանգարումներու) եւ վերածնական բժշկութեան կամ քաղցկեղ բջիջային կենսաբանութեան: Իմ հետազօտութեան ծրագիրի սկիզբէն յատկացուած եւ պարգեւ (Grant) տրուած է ազգային առողջապահական գրասենեակին կողմէ եւ կը պարփակէ բարձրագոյն ուսման աստիճանի ուսանողներու, նպատակ ունենալով հասկնալ՝ ինչպէ՞ս կը տարբերին քաղցկեղի բջիջները առողջ բջիջներէն, բաղդատել զանոնք, խորաթափանց աշխատանքով տեսնել տարբերութիւնը եւ կանխել քաղցկեղին յառաջխաղացումը: Այդ սահմաններուն մէջ մենք նաեւ կը հետազօտենք Stem Cell-ը, որ կը կանոնաւորէ իրենց աճը, նկատի ունենալով, որ քաղցկեղը կ՛աճի հակառակ ուղղութեամբ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Գիտենք որ Հայաստան կ՛այցելէք ամէն տարի եւ դասախօսութիւններ կու տաք, կրնա՞ք տեղեկութիւններ տալ այդ մասին:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Բախտաւոր եղայ տարիներ առաջ, երբ կապ հաստատեցի Սփիւռքի տարածքին գտնուող համալսարաններու քանի մը հայ հետազօտողներուն հետ, ինչպէս Քալթէք, Շիքակօ, Զուիցերիոյ մէջ՝ Լոզան, որոնք կը կազմակերպէն տարեկան մէկ շաբթուայ բժշկակենսաբանական գիտութեան դասընթացքներ Երեւանի մէջ, այս խումբին հետ մասնակցեցանք քանի մը տարիներ: Դասընթացքները տեղի կ՛ունենային Երեւանի կենսաբանութեան հաստատութեան մէջ, ուր կը յաճախեն բարձրագոյն ուսման ուսանողներ այդ հաստատութեան եւ Երեւանի այլ հաստատութիւններու մէջ, որոնց կարգին՝ Երեւանի պետական համալսարանը եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը: Ամէն առաւօտ մենք կը բաշխենք ուսումնական յօդուածներ այժմէական նիւթերու շուրջ բջիջային կենսաբանութեան մասին եւ երեկոյեան մենք կը խորհրդակցինք ուսանողներու հետ իրենց յատկացուած հետախուզական նիւթերու շուրջ: Այս բոլորը շատ աւելի գոհունակութիւն տուած է ինծի շփումներ հաստատելու, խելացի, հետաքրքիր, ուշիմ եւ փայլուն միտքով ուսանողներու հետ, նոր գործակիցներ եւ ընկերներ ունենալով, ազգային գիտակցութիւնս զօրացուցած եմ: Բայց եւ այնպէս ամէն տարի այն եզրակացութեան կու գամ, որ շատ սահմանափակ են այդ հետազօտութիւնները, գրասենեակներուն գործիքները, կազմածներն ու առիթները, հետեւաբար մեր դասախօսութեան հետ միասին մեր խումբը կ՛աշխատի ներկայ հետախուզական ձեւաւորումները (Methodology) զարգացնել, մատչելի դարձնել եւ դիւրացնել սարքաւորումներու մատակարարումը, առիթները օգտագործելով, ինչպէս նաեւ փորձառութիւններով, եւ այսպիսով օգտակար դառնալ հայրենիքի տարրալուծարաններուն:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ խորհուրդ կրնաք տալ այն հայ ուսանողներուն, որոնք բժշկական գիտութեան կ՛ուզէն հետեւիլ, որոնցմէ մէկն է նաեւ թոռնիկս:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Մնացէք արթուն, հետապնդող ու հետաքրքիր: Շատ աշխատեցէք առանց վհատելու: UCSF-ի մէջ ունինք շատ զօրաւոր առաջին նոր սերունդ մը, համալսարանական խումբ մը՝ իբրեւ խորհրդատու առաջնորդներ, որոնք իրենց փորձառութիւններով կ՛առաջնորդեն ձեզ: Հետեւեցէք այդ խումբերուն ձեր ուսանողութեան շրջանին՝ սահմանափակելու համար ձեր մտահոգութիւնները:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կրցա՞ք որեւէ յաջողութիւն արձանագրել որեւէ նիւթի մէջ, ձեր տարրալուծարանը կազմելով:
ԴՈԿՏ. ՏԱՅԱՆ ՊԱՐՊԸՐ.- Երբեմն հարց կու տամ նորեկ ուսանողներուն, թէ համալսարանի ուսուցիչ դառնալը շատ լաւ զբաղում մըն է ընտանիք կազմելու, քանի ժամանակի ճկունութիւն կ՛ունենաք, հակառակ երկար աշխատանքի ժամերուն: Երբ իմ աղջիկները պզտիկ էին, ես կրնայի իրենց դասարանին մէջ կենսաբանութիւն դասաւանդել, իրենց ինքնաշարժով ընկերանալ, դասարանէն դուրս գիտական պտոյտներ կազմակերպել եւ ներկայ ըլլալ անոնց լողալու եւ ֆութպոլի երեկոյան խաղերուն: Երկու հրաշալի աղջիկներ մեծցուցի. անոնցմէ մէկը դարձաւ կենսաբանութեան տեղեկատուութեան վերլուծող Ուաշինկթըն նահանգի Սիաթըլ քաղաքին մէջ, իսկ միւսը փաստաբան է Լոս Անճելըսի Հանրային պաշտպանութեան գրասենեակին մէջ: Ասոնց հետ մէկտեղ, ղեկավարելով՝ մասնակցութիւնս կը բերեմ հետազօտական ծրագիրներու, եւ համալսարանական դասաւանդութիւնը ինծի մեծ գոհունակութիւն կու տայ: Հպարտ եմ նաեւ շատ մը ուրիշ հետազօտական աշխատանքներու մէջ խորհրդատու ըլլալու պաշտօնով: 20 նախկին ուսանողներ իմ տարրալուծարանէն փոխանցուած են ակադեմական պաշտօններու, եւ շատեր ունին կենսաբանական բժշկութեան ճարտարարուեստի վկայականներ:
Վերջերս ստացայ UCSF-Ի տարուան ուսուցչակազմին խորհրդատուի շքանշանը: Մինչ այդ կիներու միջազգային բջիջային կենսաբանութեան կոմիտէի նախագահ էի, ամերիկեան բջիջային կենսաբանութեան միութեան ծիրին մէջ, որ հետազօտական գործերու համար ամեն ջանք կը թափէ զանազան հանգրուաններու արժանաւորներուն մղում տալու եւ յառաջդիմելու: