ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – ՀԱԼԷՊ
«Գանձասար» չորս կէտերու մէջ ամփոփեր էր մեր դպրոցներէն ներս ոչ-հայ աշակերտներու մեծաթիւ ներկայութեան բացասական երեւոյթները։ Ասոնք են՝
ա) Ընկերային հարցեր
բ) Դաստիարակչական հարցեր
գ) Հայախօս մթնոլորտի չքացում
դ) Հայերէնի դասապահերուն նկատմամբ անտարբերութեան աճում։
Այստեղ, մենք պիտի չուզենք բանալ կափարիչը…Փանտորայի Տուփին, այսինքն՝ ընկերային ու դաստիարակչական բազմագոյն ու բազմադիմի հարցերուն, որոնք երեւան կրնան գալ մեր դպրոցական պատանի տղոց ու աղջիկներուն ԱՆՁՆԱԿԱՆ, ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ու ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ-ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ կեանքին մէջ, իբրեւ հետեւանք տարբեր բարքերով ու ըմբռնումներով սնած ոչ-հայ շրջանակի մը գոյառումին՝ իրենց շուրջ։
Հինէն իվեր, մեր վարժարանները կրցած էին պահպանել ազգային-տոհմիկ դիմագիծ մը, որ իրենց գոյութեան երաշխիքն էր։ Դուրսէն այցելու մը եթէ պատահաբար մուտք գործէր հայկական դպրոցէ մը ներս ու ականջ տար բակին մէջ վազվզող, պոռացող-կանչող երեխաներու հայաբարբառ ձայնին, արդէն կը տպաւորուէր, նոյնիսկ կը յուզուէր։ Մենք ի՜նչ բարերարներ ունեցած ենք, որոնք լիաբուռն դրամ տեղացուցած են Հայ Դպրոցին վրայ՝ պարզապէս տպաւորուելով կամ խանդավառուելով զբօսանքի մը ընթացքին իրենց լսած հայերէն պոռչտուքէն, երեխաներու ՀԱՅ ՁԱՅՆԷՆ։ Առանց այդ հայ ձայնին, «հայ դպրոց» կոչուած հաստատութիւնը ինչո՞վ կը տարբերի պետական կամ օտար կրթական օճախներէ։ – Հաւասարած է անոնց։
Միւս կողմէ, օտար աշակերտներու գոյութեան պատճառով՝ հայերէնի դասապահերը կամայ-ակամայ կը կորսնցնեն ԸՆԴՀԱՆՈՒՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԴԱՍԱՊԱՀԻ իրենց բնական հանգամանքը ու կը վերածուին ՓՈՔՐԱԹԻՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ մասնակի դասերու։ Ասիկա, ինքնին, աստիճան մը ե՛ւս կ՛արժեզրկէ հայերէնը, որ արդէն տագնապ մը կ՛ապրի առանց ատոր ալ, ունի իր առջեւ ցցուած բազում դժուարութիւններ։
Բացատրե՛նք երեւոյթը։
Երբ հայերէնի դասապահին ժամը կու գայ, ոչ-հայախօս կամ ոչ-հայ աշակերտները դուրս կ՛ելլեն դասարանէն ու կ՛իջնեն բակ՝ զբօսնելու կամ ազատ ժամանակ անցընելու համար։ Իսկ որո՞նք կը մնան դասարանը։ Հայախօս խմբակը ու անոնց…անբախտ հայերէնի ուսուցիչը։
Աշակերտական հոգեբանութեամբ, այս զտումը, ներսը մնացողներուն մօտ՝ հայերէնի դասապահին նկատմամբ կը ստեղծէ վանողական զգացում մը կամ անսիրելիութիւն մը։ Ուստի, հայերէնը կը վերածուի ոչ-ցանկալի ու «պարտադիր» դասանիւթի մը, որ կարծէք ջաղացքի քարի պէս կը նստի տղոց կուրծքին վրայ…։ Պիտի համարձակինք ըսել, որ այսպիսի պայմաններու մէջ՝ հայերէնի դասապահը ՊԱՏԻԺ ՄԸՆ է, բռնարարք մը, որ անշուշտ բացասական հակազդեցութիւն կը ստեղծէ աշակերտին մօտ, ընդհանրապէս։ Աշակերտը Ֆիզիքապէս դասարանին մէջ է, սակայն իր միտքն ու հոգին ԴՈՒՐՍՆ ԵՆ՝ բակը խաղցող կամ անհոգ զուարճացող իր դասընկերներուն քով…։ Այսպիսի պայմաններու մէջ՝ հայերէնի դասատուութիւնն ալ բնականաբար կ՛իջնէ իր ամէնէն ցած մակարդակին…։ Ամբողջ երեւոյթը ՀԱԿԱՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ Է։
Զիրար չխաբենք։ Ապառողջ մթնոլորտի մէջ անկարելի է հայերէն սորվեցնել։