Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հարցում` Ո՞րն է ճիշդը՝

October 14, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ի Խնդիր Հայերէններու Մերձեցման

Հարցում

Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան

Ո՞րն է ճիշդը՝

ա) Դրօ-Դրօն-Դրոյին-Դրոյէն-Դրոյով

բ)  Դրօ-Դրոն

գ) վիտէօ-վիտէօն-վիտէոյին-վիտէոյով

դ) վիտէօ-վիտէոն

*     *

*

Չորսն ալ սխալ են եւ հայերէն չեն:

Իմ մօտեցումս այս ամբողջ շատախօսութեան:

 

  1. Հայերէնըօ-ով վերջացող բառ չունի եւ չի կրնար ունենալ, քանիօ-ն կրնայ յառաջանալ միայն բաղաձայնէ մը առաջ, ուրեմն հոն ուր օ կայ, ապա իրեն յաջորդող բաղաձայն մը կայ, օրինակ՝ մաւտ–մօտ, աւրէնք–օրէնք, կարաւտ–կարօտ, նարաւտ–նարօտ եւ այլն:

Ուստի բառավերջի օ-ն հայերէնի համար ուղղագրական անկարելիութիւն մըն է:

 

  1. Հակառակ այս իրողութեան եւ բոլորովին կամայօրէն աշխարհաբարեաններ յատուկ անուններու փաղաքշական ձեւը գրեցին օ-ով. օրինակ՝Աւօ, Ասօ, Կարօ…Նոյնպէս օտար բառեր (օրինակ՝քիլօ) եւ յատուկ անուններ՝ Ռընօ, Պորտօ, Առնօ եւ այլն: Սա՝ անհեթեթութեան աղաղակող օրինակ է, եւ միայն անհայրենիք ու անառաջնորդ արեւմտահայը կրնայ այսքան անսկսբունք ըլլալ:

 

  1. Եթէ պիտի յարգենք այդ տգիտութիւնը եւ անխուսափելի է ան, ապա զայն չարեաց փոքրագոյնով տնտեսելու ձեւը հետեւեալն է.

ա) յօդառութեան պարագային այդ օ-ն անփոփոխ կը մնայ. օրինակ՝ Աւօն, Մարօն, Կարօն: Բացարձակապէս պատճառ մը գոյութիւն չունի ասոնք Աւոն, Մարոն, Կարոն   գրելու, քանի որ օ տառը ազատօրէն իրմէ ետք կրնայ ստանալ մեր բոլոր բաղաձայնները:     Թող որ գոյութիւն չունի ոչ մէկ դասագիրք, որ թելադրէ Աւօ-Աւոն գրել. եթէ կը ճանչնաք նման դասագիրք մը, խնդրեմ, տուէ՛ք անունը:

բ) հոլովումի ատեն օ կը դառնայ ո, օրինակ՝  Աւոյի–Աւոյէ–Աւոյով, քանի որ օ-էն ետք չի կրնար յ գալ. օյ հերթականութիւնը հրէշային կազմութիւն մըն է, ուրեմն ստիպուած կը դիմենք ոյ գրելու:

 

  1. Էօ (eu) քմային բաղաձայնով վերջացող բառերը կը հոլովենք անփոփոխ. օրինակ՝   Մոնթեսքիէօ-Մոնթեսքիէօի, քանի որ այստեղ օ-ն անկախ տառ մը չէ, այլ է-ին կցուած ու անոր հետ մէկ հնչիւն կազմող տարր՝ բաղադրիչ մըն է:

 

  1. Eo երկբարբառը, ուր e եւ o ինքնուրոյն հնչիւններու միութիւն մը կը կազմեն՝  իւրաքանչիւրը պահելով իր արտասանութիւնը, հայերէնի մէջ պէտք է տառադարձուի էո եւ միմիայն էո՝  բոլոր դիրքերու վրայ անխտիր. չենք կրնար գրել Մոնթեվիտէօ, քանի այս  բառը կը կարդացուի Montevideu, չենք կրնար գրել Փոմփէօ-Pompeu, քանի այս անունով արտաքին նախարար գոյութիւն չունի, չենք կրնար գրել վիտէօ-videu, քանի այս անունով  տեսողական առարկայ  գոյութիւն չունի:

Ասոնք բոլորը պիտի գրենք էո-ով՝ անկախ անկէ, թէ բառավերջին օ կը գրե՞նք այլուր, թէ՞ չենք գրեր, կամ թէ բանականօրէն կ’որոշենք  գրել ո՝ Աւո, Կարո, Փոմփէո, վիտէո, Մոնթեվիտէո եւ այլն, ինչպէս կը գրենք՝ այո, քո, քո, կեցո՛, մատո՛, ուսո՛ եւ այլն:

 

Հայերէնը ոչ մէկ ատեն խրտչած է բառավերջի ո-էն, միայն անտեղեակ  արեւմտահայեր կը յայտարարեն նման այլանդակ միտքեր:

Անգամ մը որ քաջաբար գրեցի վիտէո, ապա կը շարունակեմ՝ վիտէոն–վիտէոյի–վիտէոյէ–վիտէոյով:

Սակայն այսքանը գիտնալն ու գրելը փշուր մը ուղեղ  եւ պուտ մը խելք  կը պահանջէ:

Կը մնայ մտածել՝ ասոնք գտնելու հնարքին մասին:

*      *

*

Այս ամբողջ հնհնուքին սկզբնապատճառը այն է, որ մենք մեսրոպեան ուղղագրութեան ծիրէն ներս լուծում կը փնտռենք երեւոյթի մը՝ բառավերջի օ կոչուածին, որ մեսրոպեան ուղղագրութեան ոգիին եւ տառին հետ հաշտ չէ:

Անգամ մը որ որդեգրենք այդ ոգիին ու տառին հետ հաշտ  գրելաձեւ մը, որ է բառավերջի ո-ն, անկէ անդին բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար կը լուծուին:

Ճիշդ այս մասին է, որ պէտք է մտածել ու ըստ այնմ փոխել մեր ուղեղները ամլացնող կարծրատիպերը:  Նման բարեփոխութիւններ անհատական մակարդակի վրայ կրնան տեղի ունենալ, քանի մենք ո՛չ պետութին, ո՛չ ակադեմիա ունինք, որպէսզի հրամայեն կամ պարտադրեն: Կամ թէ  Սուրբ հոգին պիտի չթելադրէ այս բաները. ես ու դուն պիտի նախաձեռնենք:

 

[email protected]                                                                  Արմենակ Եղիայեան

 

Previous Post

Who says you can’t eat red meat? Food advice questioned anew

Next Post

Հայաստանը արտակարգ իրավիճակում տարհանման գործողություններ իրականացնելու փորձ է վաստակել

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.