Խոփ ու խոփին եարկալ տուին՝
Որ արօրէ՜ .. արօրէ,
Սիրտս ինկաւ հունտի մ’ետին՝
Որ բողբոջէ՜ .. բողբոջէ …
Շաղ ու մաղմաղ շողեր հագան՝
Որ արեւե՜ն .. արեւեն,
Ծիլ ու ծլիկ կանաչ հագան՝
Որ բարեւեն .. բարեւեն …
Ծիտ ու ծտիկ լեզու գտան՝
Որ սիրերգե՜ն .. սիրերգեն,
Հասկ ու քիստեր թագեր հագան՝
Որ պսակե՜ն .. պսակեն …
Դէզ դէզ ոսկի օժիտ եկան՝
Որ շողշողա՜ն .. շողշողան,
Քար ու լողքար շուրջպար դարձան՝
Որ գինովնան .. գինովնան …
Սէր ու երազ խմորուեցան՝
Որ բլիթնա՜ն .. բլիթնան,
Հարս ու փեսայ հաց կիսուեցան՝
Որ մեղրանա՜ն .. մեղրանան …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան