Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հաւանական է, որ յունիսին ունենանք հանրապետութեան նախագահ մը». շեշտեց Յ. Բագրատունի

March 14, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
«Հաւանական է, որ յունիսին ունենանք հանրապետութեան նախագահ մը». շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լըպնեն էլհըր» ռատիոկայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը արդիւնք էր հետեւողական աշխատանքի, «իսկ երկկողմանի մերձեցումը միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ չէ արձանագրուած, այլ` փոխադարձ խորհրդակցութեան եւ սուր բանավէճի մեղմացման մակարդակին վրայ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Չինաստանը կրնայ նման հովանաւորութիւն մը նախաձեռնել, իսկ Սէուտական Արաբիա կրնայ ընդունիլ այդ նախաձեռնութիւնը, «սակայն այս բոլորին մէջ ի՞նչ կ՛ըլլայ ամերիկեան կեցուածքը, եւ արդեօք ինչ որ պատահեցաւ Ռիատի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համադրուա՞ծ էր», հարց տուաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք չէ գրաւ դնենք շրջանի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններուն վրայ, այլ` պէտք է գրաւ դնել համաձայնութիւններուն վրայ, եւ սերտել այդ մերձեցումներէն ու համաձայնութիւններէն օգտուելու կարելիութիւնը:

Յ. Բագրատունի հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին, այսինքն` երկու երկիրներուն մէջ դեսպանատուներուն վերաբացումէն եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումէն առաջ, Լիբանան կրնայ օրակարգի վրայ ըլլալ: «Եթէ ուզենք այդ համաձայնութեան վրայ գրաւ դնել, երկու ամիս կը սպասենք, իսկ եթէ մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է օգտուիլ այդ համաձայնութենէն, եւ եթէ ոմանց կանաչ լոյս տրուած է, ապա պէտք է գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է օգտուիլ այս համաձայնութենէն», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Իրանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իբրեւ Լիբանանի կառոյց ՀՅԴ-ի եւ Իրանի միջեւ յատուկ յարաբերութիւններ չկան: «Մեր յարաբերութիւնը բնական է, ինչպէս լիբանանեան որեւէ կուսակցութիւն, երեսփոխան կամ երեսփոխանական պլոք: Քաղաքականութեան մէջ մեր կեցուածքները կրնան նման ըլլալ այն տարբեր քաղաքական ուժերուն, որոնք կը զօրակցին Իրանին, սակայն երբեմն մենք մեր կեցուածքներով կը զատորոշուինք ուրիշներէ», աւելցուց ան:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի մասին ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքին վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարելի չէ այդ թեկնածութեան մասին կարծիք տալ, երբ տակաւին Սլէյման Ֆրենժիէ իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած: «Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումէն եւ անոր հետ խորհրդակցելէ ետք է, որ Կեդրոնական կոմիտէն կ՛որոշէ զօրակցի՞լ անոր թեկնածութեան, թէ՞ ոչ», նշեց ան:

Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ֆրենժիէի 65 քուէ ապահովելու իմաստով հարցականներ կան` աւելցնելով, որ ինք չի գիտեր, թէ հաշուարկը ինչպէ՛ս կը կատարուի, «ամէն պարագայի, եթէ նախագահական ընտրութեան նիստը ապահովող օրինաթիւը գոյանար, ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը նիստի կը հրաւիրէր: Հաւանաբար կը սպասուէր սէուտական-իրանեան համաձայնութեան, եւ կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կամ Քաթարին կողմէ` ի նպաստ Ֆրենժիէի ունենալիք դերակատարութեան», հաստատեց ան:

Պատասխանելով Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պլոքը որոշած է ներկայ գտնուիլ խորհրդարանի նիստերուն: «Քաղաքականութեան մէջ կայուն ոչինչ կայ: Ճիշդ է, որ դժուար օրեր կը դիմագրաւենք, սակայն այսքան երկար սպասողը կրնայ քիչ մը եւս սպասել», յայտնեց ան:

Այս առումով Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ ներկայիս կը սերտուի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կամ անոր կողմէ ճշդուած յատուկ պատուիրակի մը ու քաղաքական տարբեր անձնաւորութիւններու միջեւ առանձին հանդիպումներու մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին ատակ այլ թեկնածուներու անուններ: «Չեմ կարծեր, որ այս առումով արդիւնքի մը պիտի յանգինք, բայց եւ այնպէս քաղաքականութեան մէջ պէտք է ըլլալ պատրաստ ու իբրեւ քրիստոնեաներ հոգեպէս պատրաստուինք ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը: Նուազագոյնը անգամուան մը համար, նոյն հայրենիքին մէջ ապրող մեր եղբայրներուն յայտնենք, թէ հրամեցէ՛ք, այս է հանրապետութեան նոր նախագահը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ պէտք է երկխօսութիւն կատարել: «Եթէ Սլէյման Ֆրենժիէէն բացի չկայ այլ թեկնածու մը, որուն թեկնածութեամբ համոզուած ենք, ուրեմն այո՛, կը զօրակցինք Ֆրենժիէին, որովհետեւ երկրին կացութիւնը այս յանկերգով կարելի չէ շարունակել: Նաեւ հաւանական է, որ յունիսին ունենանք հանրապետութեան նախագահ մը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Previous Post

More people suffer from sleep disorders after quakes: Experts

Next Post

Չինական առանցքը աշխարհակարգային տարողութեամբ (Բ.)

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.