ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ընկերային հարցերը միշտ դժուարացուցած են մարդկային կեանքը: Թիւրիմացութիւններ, անհասկացողութեան բերմամբ հարազատերու միջեւ եղած գժտութիւններ, նախանձի հետեւանքով երկար տարիներու բարեկամութիւններու քայքայումներ, մինչեւ իսկ ջղայնութեան վայրկեանի մէջ կատարուած ոճիրներ իսկական դժոխքի կը վերածեն աստուածապարգեւ կեանքը, որուն վախճանական նպատակն է երջանկութիւնը, իր զոյգ` աստենական եւ անդենական իմաստներով:
Մարդոց ապրած ու վայելած երջանկութիւնը խանգարելը կամ փճացնելը ընդամէն վայրկեաններու հարց է: Սուտը, որ ճշմարտութեան զօրեղ հականիշն է, շատ շուտով կրնայ քանդել այն, ինչը աշխատասէր մարդիկ տարիներու ընթացքին յաջողեր են կառուցել: Վարկ, պատիւ, ամուսնական կապ, ընտանեկան յարկ, եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ սէր, գործընկերներու կողմէ փոխադարձաբար ընդունուած պայմաններ կամ աշխատանքային համաձայնութիւններ, երկիրներու միջեւ կնքուած դաշինքներ եւ բազմաթիւ այլ դրական կապեր, որոնք դատարկ իրականութեան, այսինքն սուտին պատճառով, քանի մը վայրկեանի մէջ կրնան անիմաստ դառնալ:
Մարդոց միջեւ կնքուած համաձայնութիւնները ունին նաեւ իրենց ժխտական իմաստը: Այսինքն, մարդիկ միայն բարի նպատակով չեն համաձայնիր իրարու հետ, ոչ ալ միայն դրական գործի համար դաշինքներ կը կնքուին անոնց միջեւ: Այս եւս ունի իր դրական եւ ժխտական իմաստները: Օրինակ, երկիրներու միջեւ կնքուած զինուորական դաշինքները կրնան ծաւալապաշտական հեռանկարներ ունենալ, իսկ կան դաշինքներ ալ, որոնք կ՛ըլլան խաղաղասիրական բնոյթի, երբ երկու երկիրները իրենց ժողովուրդներուն ապահովութիւնն ու բարգաւաճ կեանքը նկատի ունենալով՝ կ՛որոշեն տարածաշրջանը զերծ պահել պատերազմական գործողութիւններէ եւ կ՛ուխտեն խաղաղութեամբ ապրիլ իրարու հետ: Քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չունինք տեսնելու համար եւրոպական երկիրներու խաղաղ գոյակցութիւնը, որ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտէն ի վեր նոյն ալիքի վրայ է դեռ:
Թշնամիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յանկարծակի բարեկամութիւնը, ըստ ոմանց, անոնց կեանքին մէջ հասարակաց յայտնութեամբ մը կ՛իրականանայ: Այսինքն թշնամիներ կրնան յանկարծ բարեկամանալ, եթէ ունենան հասարակաց թշնամի մը, որ անխտրաբար կը հարուածէ երկուքին: Վստահելի կապ մը չէ՛ այս, որովհետեւ ճիշդ հակառակն ալ կայ, որ արդէն տարածուած արածանման խօսք մըն է. «Թշնամիիս թշնամին, բարեկամս է»: Ուրեմն կան առիթէն օգտուողներ, որոնք կը փնտռեն ու կը գտնեն թշնամիդ, որպէսզի անոր հետ բարեկամանալով՝ անո՛ր իսկ ձեռքով քեզ հարուածեն: Այս թշնամիներուդ կրնաս «ճարպիկ» կամ «խորամանկ» տիտղոսը տալ, որովհետեւ անոնք «իրենց ձեռքը չեն աղտոտեր», այլ ուրիշին ձեռքով վնաս կը հասցնեն քեզի, իսկ իրենք քուլիսներու ետին պահուըտած կը մնան: Ասոնց ինքնութիւնը երբեմն կը բացայայտուի եւ երբեմն ալ անծանօթ կը մնայ մեզի: Այս երկրորդ պարագան աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ թշնամիիդ կործանարար արարքը աւելի երկարաշունչ կ՛ըլլայ:
Զայրոյթի պահուան մէջ, շատեր կը գործածեն անարգական «շուն» կոչումը, որ յանկարծ դուրս կը թռչի իրենց բերանէն: Հակասական գաղափարներ կան նոյն կենդանիին անուան շուրջ: Կարելի է ըսել, որ երկիմաստ է այս անունը, նայած այն պահուան, որուն ընթացքին կը գործածուի անիկա: Տեղ մը անիկա գնահատանքի փոխաբերութիւն կը դառնայ, իսկ ուրիշ տեղ` հայհոյանքի, անարգանքի:
Շան հաւատարմութեան գովքը ամէն մարդ կը հիւսէ, նոյնիսկ երբ տեսնէ կատաղութիւնը ամէնէն վայրի շան, որ բնազդային նուիրուածութեամբ, ամբողջական ուժով կը պաշտպանէ իր տէրը եւ անոր պատկանող տարածքը: Կենդանական կեանքի սիրահարներ ժամերով կը նստին հեռատեսիլին առջեւ՝ դիտելու համար այն յայտագիրները, որոնք շան հաւատարմութեան օրինակներ կը ներկայացնեն հանրութեան: Տեսնուած է նոյնիսկ, որ շունը իր թաղուած տիրոջ գերեզմանին քով օրերով նստած մնացած է, բնազդաբար սգալով անոր կորուստը:
Հաւատարմութեան ախոյեան այս կենդանիին անունը, սակայն, յանկարծ կը փոխակերպուի հայհոյանքի, երբ իրարու հակառակորդ անձեր վիճաբանութեան ու նոյնիսկ ծեծուըռտուքի պահուն զիրար «շուն» կը կոչեն, հաւատալով, որ ամէնէն անարգական ու վարկաբեկիչ կոչումը կու տան իրարու:
Վերոյիշեալ երկու փոխաբերական իմաստները շան անունին կպցուած, մարդոց կողմէ եղած վերագրումներ են այս ընտանի կենդանիին: Սակայն տեսնենք, թէ արդեօք շուները իրարու նկատմամբ բնազդային ի՞նչ զգացումներով յարաբերութեան մէջ են:
Բնազդաբար տարածքի խոր զգացողութիւն ունեցող այս կենդանին, նոյնիսկ այլ շան իր տարածքէն ներս մուտքը կ՛արգիլէ: Իր շրջագայութիւններուն ընթացքին, ուժեղ հոտառութեամբ կը զննէ այդ սահմանները, նոր սահմանագծումներ կը կատարէ եւ երբեմն կեդրոնացած հայեացքով կը քննէ հեռուները, հեռուէն մօտեցող վտանգներուն առաջքը առնելու համար:
Հովիւներուն հետ ամբողջ օրը բաց դաշտերուն մէջ շրջագայող պահապան շուներուն հրաշալի գործունէութիւնը իսկապէս օրինակ պէտք է ծառայէ որեւէ տեղի պահպանութիւն կատարող անձերու: Անոնցմէ մին բարձունքի վրայէն կը հսկէ, երկրորդը ճամբու եզրին կ՛երթեւեկէ, որպէսզի ոչխարները անուշադրութեամբ ճամբայ չելլեն եւ ինքնաշարժի արկածի զոհ չերթան, երրորդը հովիւին քովէն կը քալէ, հարկ եղած պարագային անոր հրահանգը փութով կատարելու համար:
Հօտին վրայ յարձակողները միայն գայլեր, բորենիներ կամ աղուէսներ չեն ըլլար, այլեւ այլ շուներ, որոնք օրերով սոված մնացած ըլլալու հետեւանքով՝ կը յարձակին պատահական «ուտելիք»ի վրայ: Այստեղ կը սկսի շուներուն գզվռտոցը, մահու կենաց կռիւը: Հովիւները իրենց շուներուն վիզին գամերով զարդարուն վզնոցներ կը կապեն, որպէսզի հակառակորդը չկարենայ խեղդել զանոնք: Ինչ ալ ըլլայ կռիւին արդիւնքը, յաղթանակ կամ պարտութիւն, նկատելի է, որ յաղթող շունը պարտուածին դիակը չուտեր, այլ կը բաւարարուի միայն զայն խեղդելով ու մէկդի շպրտելով:
Մարդկային ընկերութիւնը շուներու գզվռտոցէն հեռու չէ: Նիւթական եկամուտի համար ամէն օր կռիւի հարթակներ կը տեղադրուին, կեանքի այս կամ այն փողոցին մէջ, ուր ծանօթ եւ անծանօթ հանդիսատեսներ մասնակից կը դառնան տխուր բեմադրութեան:
Նման «թատրոն»ներու ներկայ ըլլալէ ետք, բարի եւ հաւատաւոր մարդոց ունեցած միակ մխիթարութիւնը այն կ՛ըլլայ, որ ի վերջոյ նոյն հարթակին վրայ իրարու հետ կռուող շուներ «իրար միս պիտի ուտեն», եւ այսպիսով չարը պիտի խափանուի: Սխալ է այս պատկերացումը, որովհետեւ «իրար միս ուտել»ը միայն ասոյթ մըն է, որ կարելի չէ շուներուն համար գործածել: Նոյն փոխաբերութիւնը պէտք է նկատի ունենալ նաեւ իրարու հետ ձեւականօրէն թշնամացած մարդոց պարագային: Անոնց բեմադրած բոլոր կռիւներն ու թշնամական արարքները, վստահաբար հասարակաց շահեր կը հետապնդեն: Անոնց կռիւին ընթացքին, եթէ նոյնիսկ պատահի, որ զիրար շուն կոչեն, դուն, շարունակէ հաւատալ, որ շունը շան միս չուտեր: Երբե՛ք: