Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ Հարեթ Հրէյքի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստին ընթացքին պլոքը հաստատեց, որ տակաւին կարելի է կացութիւնը փրկել, եթէ կարողութիւններով օժտուած ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմուի` քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելով եւ երկրին փրկութեան աշխատանքը ամէն բանէ վեր նկատելով:
Պլոքը շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուները պէտք է վերջնականացնեն իրենց կեցուածքները, որպէսզի կացութիւնը մոխրագոյն չմնայ եւ լիբանանցիները անորոշութենէն դուրս գան:
Ըստ պլոքին, Լիբանանի դիմագրաւած միամեայ տագնապը կը փաստէ, որ աշխարհի աւազակ երկիրներն ու ուժերը կը նախընտրեն գործակցիլ այն պետութիւններուն հետ, որոնք դիւրաբեկ են, եւ ուր օրէնքները չեն գործադրուիր եւ իրաւունքները չեն յարգուիր: «Աշխարհի աւազակ երկիրներն ու ուժերը դիւրաբեկ պետութիւններուն կը պարտադրեն իրենց քաղաքականութիւնը եւ զայն կ՛ուղղեն այնպէս մը, որ կարենան ապահովել իրենց շահերը», հաստատեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը:
Պլոքը լիբանանցիներէն պահանջեց ուղղուիլ հիմնելու օրէնքի եւ հաստատութենական պետութիւն մը, ուր փտածներուն եւ աւազակներուն ներկայութիւնը արգիլուած է:
Պլոքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ստանալու «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանուիլ այդ ժահրին «Տելթա» տարբերակէն:
Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը գուժեց Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ղեկավար Ահմետ Ժըպրիլի մահը: