Խաչիկ Տետէեան
Հաւատացինք,
Շեփորեցինք թէ տարբե՜ր ենք,
Ազգերուն մէջ հնագոյնն ենք,
Ամէն ասպարէզի մէջ առաջինն ու ընտիրն ենք.
Հաւատացուցին…
Իսկ մենք՝ հաւատացինք
Միամտօրէն, առասպելի վերածած`
Խորհուրդը դարերուն,
Միրաժի մը նման, աղօտ ու տարտամ…
Հոգ չէ, ըսին, մեր պալարները մշտաբորբ,
Ծնունդն են մի´շտ մեր հի՜ն, բայց նորոգ ախտին՝
Խլիրդին նման բոյն դրած մեր էութեան,
Մեր հոգիին, ծինին մէջ դարաւոր,
Որ կը սիրէ քանդել իր արարածը,
Ընկճել իր հարազատ եղբօրը,
Իր փառքին ու եսին համար…
Գիտէ դաւել իր տեսակին,
Գլուխ ծռել, խոնարհիլ օտարին կամքին,
Ա՛յն, որ հայուն թշնամին հայն է, իրաւամբ,
Կայէնին ու Աբէլին առակը`
Հայուն էպոսին փորձաքարն է,
Հայուն ախտն է անամոք.
Բայց ճակատագրական պահերուն դժնի, ըսին,
Հաւատացէ՜ք, հայը գիտէ ծարանալ ու կանգնիլ ոտքի՛։
Հաւատացուցի՜ն…
Եւ մենք հաւատացինք
Միամտօրէն, որ փրկութիւնը մեր՝
Պիտի գայ հիւսիսէն կամ արեւմուտքէն,
Միշտ ու միշտ «բարեկամներէն»՝
Մեզ հեգնո՜ղ, դաւո՜ղ,
Իսկ մենք պարտինք խոնարհիլ,
Ընդունիլ կամքը հզօրին,
Քանզի անմիաբան ենք,
Ատակ չենք ազա՜տ ապրելու.
Իրաւամբ, մեզի կ᾿ըսէին՝ բզկտուած ազգ ենք,
Մեզ կրծողը մեր մէջ սողացող ցեցերն են,
Ամբոխին արիւնը ծծող ներքին մակաբոյծներն են,
Արմատացած ախտն է անբուժելի,
Որուն դարման ու բալասան չկայ, ըսին,
Չկայ մեսիա, ոչ ալ փրկիչ,
Ուրեմն դատապարտուած ենք`
Սիզիֆեան ախտին զոհն ըլլալու, ընդմի՜շտ,
Ե´ւ մեր կեղծիքին ու սուտին…
Բայց մենք գիտենք տոկա´լ,
Նայիլ հպարտ` գալիքի՜ն, ըսին։
Այդպէ~ս հաւատացուցին:
Հաւատացինք, թէ մենք ուրի՜շ ենք,
Ազգերուն մէջ՝ գերազանցն ենք ու ընտրանի՜ն.
Աւա՜ղ, մենք ո´չ միայն տարբեր չէինք,
Այլեւ զոհն էինք ու ենք մեր անուղղելիութեան…
Մեր պատմութեան դարաւոր հալածախտին…
Մենք վճարած ենք ու կը վճարենք տակաւին,
Գի՜նը` հին ու նորոգ մեր ներքին պատուհասներուն։
2021
(Անտիպ)
Facebook դրուած 17-8-2022-ին։