ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
17 հոկտեմբերի շարժումը, իր բոլոր մակարդակներով, այսօր կը փորձէ ինքզինք պարտադրել` փողոցը իբրեւ զէնք ունենալով եւ, անշուշտ, պետութեան թափթփածութիւնը: Անել վիճակը կը շարունակուի: Յուսահատական կացութիւնն ու ընդվզումի ալիքը կարծես օրէ օր աւելի կը բարձրանան:
Մեծ թիւով հաստատութիւններ իրենց պաշտօնեաները գործէ արձակած են եւ պիտի շարունակեն արձակել:
Կրթական որոշ հաստատութիւնները սկսած են ամսականները կէս վճարել, իսկ ժողովուրդի առօրեան լեցուն է հաց, քարիւղ, ընթացիկ պէտքեր, եկամուտ ապահովելու մտահոգութիւններով, նաեւ` դրամատնային բարդ հարցերու լուծում գտնելու ճիգով: Անցնող շաբաթներուն հարուածած են պետական հեղինակութիւն վայելող անձեր եւ կառոյցներ: Շարժումը համարձակութիւն ունեցաւ, որ երկրի առաջին դէմքէն՝ հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ պետական դէմքեր` կրօնական ղեկավարներ` բոլորն ալ մեղադրելու: Կա՛յ հարուստի եւ աղքատի պայքար, մանաւանդ, ձախակողմեան շարժումներու ներկայացուցիչներու կողմէ:
Միւս կողմէ, մինչեւ օրս գործած պետական եւ հասարակական կառոյցներու հեղինակազրկման ժամանակաշրջանի մէջ ժողովրդային բնական պահանջներն ու ընդվզումները կը շարունակուին:
Այսօր, փաստօրէն, մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, ժողովրդային ընդվզումին հետ ենք, բայց մեր կառոյցներու վերակազմակերպման մասին չենք մտածեր:
Կարիքաւորներու օգնելու կամ ժողովուրդին ցաւերու համար աղօթելու կողքին, այսօր գաղութի վերականգնման միացեալ աշխատանքի անհրաժեշտութիւն կայ, որովհետեւ այս գաղութը Լիբանանի համար կարեւոր չէ միայն, այլ նաեւ` սփիւռքի ու Հայաստանի համար, եւ պիտի շարունակէ կարեւոր ըլլալ:
Այսօրուան շարժումէն ի՞նչ դասեր կը քաղենք: Ի՞նչ ըսելիք ունինք: Ինչպէ՞ս պիտի ստեղծենք միջավայր` հարցերը ըստ էութեան քննարկելու:
Պէտք չէ յուսահատինք, պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք մեր աշխատանքները, որպէսզի տնտեսական, քաղաքական, ռազմավարական եւ մանաւանդ համայնքային մեր դիմագիծը պահենք:
Վերատեսութեան ենթարկել` կը նշանակէ դիմագրաւել եւ հաւաքական հեղինակութիւն ստեղծել ու պահել:
Չուշանա՛նք: