ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք մեր նահատակներուն առջեւ եւ կը նորոգենք մեր ուխտը անոնց սիրով, պատգամով եւ գաղափարով ապրելու:
Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ոգեկոչէ իր պատմութեան ամենատխուր էջին` քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը:
Հարիւր եւ վեց տարիներ մեզ կը հեռացնեն պատմութեան այն ողբերգական ժամանակաշրջանէն, երբ չարաշահելով Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մեծ պետութիւններու տարակարծութիւնները, քաջալերուելով կայսերական Գերմանիոյ ռազմական եւ տնտեսական աջակցութենէն` Երիտասարդ թուրքերու ղեկավարութիւնը կազմակերպեց եւ գործադրութեան դրաւ Արեւմտահայաստանը ընդմիշտ հայաթափելու, հայ ժողովուրդը բռնի տեղահանելու եւ բնաջնջելու փանթուրանական ծրագիրը:
Հայ ժողովուրդը մինակ մնաց արիւնկզակ հրէշին առջեւ: Թրքական եւ գերմանական մամուլը առաւելագոյնը փորձեց քողարկել զանգուածային ոճիրներու, հալածանքներու, բռնի տեղահանութիւններուն տարողութիւնը: Աննախադէպ վայրագութիւններուն մասին ականատեսներու վկայութիւնները, պաշտօնական դիւանագիտական տեղեկագիրները Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան մղեցին դատապարտելու մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ նմանը չունեցող ոճիրները եւ խոստացան քրէական պատասխանատուութեան կանչել անոնց կազմակերպիչներն ու գործադրողները: Միջազգային բառարանին մէջ այդ օրերուն գոյութիւն չունէր ցեղ մը իր հայրենի հողին վրայ ոչնչացնելու եւ բռնի տեղահանելու յանցագործութեան մասին սահմանում: Մեր ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ոճիրը դարձաւ Ցեղասպանութիւն եզրը սահմանելու նախատիպը…
Միջազգային ընտանիքը, արդարացիօրէն, նախ Սեւրի դաշնագիրին յօդուածներուն մէջ, ապա Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որդեգրած Ցեղասպանութեան ուխտին (1948) ընդմէջէն հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը անուղղակիօրէն ընդունեց իբրեւ մարդկութեան եւ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ գործուած ոճիր: Փաստօրէն միջազգային ընտանիքը վաղուց տուած է հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ողբերգութեան գնահատականը:
Միջազգային ընտանիքը օրին հաստատած եւ դատապարտած է հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Այս իրողութիւնը մեր ժողովուրդը պէտք է ձերբազատէ այս կամ այն նախագահին ողորմութիւնը սպասելու հարկադրանքէն: Մենք պիտի չարտօնենք նաեւ Ցեղասպանութեան փաստը շահարկելու ներքաղաքական զարգացումներու մէջ: Բարոյական զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը, ինչ խօսք, որ կրնայ ունենալ իր դերակատարութիւնը, սակայն կտրականապէս կը մերժենք Ցեղասպանութեան փաստը ժամանակաւոր եւ պայմանական նպատակներու մէջ շահարկելու մօտեցումները:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը առիթ պիտի դառնայ վերանայելու պահանջատիրական մեր երթը, հետեւութիւններ քաղելու ցարդ կատարուած աշխատանքէն եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, ճշդելու մարտավարական նոր ընտրանքներ:
Առանց թերագնահատելու պահանջատիրական գետնի վրայ ցարդ կատարուած աշխատանքը` նախ անհրաժեշտ է յստակացնել, թէ ի՛նչ կը հասկնանք պահանջատիրութիւն եզրով, եւ ապա` որմէ ի՞նչ կը պահանջենք: Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն 106 տարի ետք մեզի համար նուաստացուցիչ է, եթէ ոչ` ամօթ, տարբեր մակարդակի բեմերէ խօսիլ պահանջատիրութեան մասին, սակայն` առանց յստակօրէն բնորոշելու, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք պահանջատիրութիւնը եւ ի՞նչ կը պահանջենք ցեղասպանէն: Այո՛, բոլորս կը պահանջենք, բայց ի՞նչ կը պահանջենք: Համապարփակ եւ ամբողջական կեցուածքի մը բացակայութիւնը զգալի է տարբեր մակարդակներու վրայ եւ գրեթէ ամէնուրեք: Անհրաժեշտ է յստակօրէն եւ միանգամընդմիշտ բանաձեւել պահանջատիրութեան մեր ընկալումը: Դժբախտաբար առ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրս ըստ իր հայեցողութեան կը մեկնաբանէ պահանջատիրութիւնը: Յստակ եւ բոլորիս համար համոզիչ ու իրապաշտ հայեցակարգի մը բացակայութիւնը կը մնայ ակներեւ:
Պահանջատիրական պայքարը այսօր տեղափոխուած է իրաւական դաշտ: Զգացական ճառերը, հռետորական ելոյթները ոչինչ կը նշանակեն ատեաններու առջեւ: Սպառնալիքներն ու աղերսական խօսքերը չեն կրնար լուծում բերել մեր պայքարին: Հարցը իր համապատասխան ամբողջութեամբ փոխադրուած է իրաւական դաշտ: Իրաւագիտական ճամբաներով պիտի հետապնդենք մեր իրաւունքներու ձեռքբերումը, որուն համար անհրաժեշտ է կազմել ցեղասպանագէտներու եւ իրաւագէտներու խորհուրդ: Առանց անունները յիշատակելու մեր նուիրեալ ցեղասպանագէտներուն` հարց կու տանք, թէ համայն սփիւռքի տարածութեան վրայ քանի՞ ցեղասպանագէտ եւ պատմագէտ պատրաստած ենք առ այսօր:
Պահանջատիրական մեր պայքարը, սփիւռք եւ հայրենիք, կը ներկայանայ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Մասնակի լուծումներ կործանարար պիտի ըլլան մեր ժողովուրդին համար եւ պիտի քաջալերեն ցեղասպանը` շարունակելու ուրացումի եւ ժխտումի իր քաղաքականութիւնը: Պատմական խեղաթիւրումներուն դէմ, ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ պատմական յիշողութիւնը մոռացութեան մատնելու թրքական հակաքարոզչութիւնը մեզմէ կ՛ենթադրէ յաւելեալ լարում եւ ուժականութիւն:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք անհրաժեշտ է միանգամընդմիշտ յստակացնել պահանջատիրութեան իրաւատէրը: Սփիւռքը ժառանգորդն է կորուսեալ Արեւմտահայաստանին, սակայն իրաւատէրը հայրենի պետականութիւնն է: Հետեւաբար, սփիւռք եւ հայրենիք, պարտաւորութիւն կը զգանք ճշդելու մեր մարտավարութեան առաջնայնութիւնները, դերերու փոխադարձ ամբողջացումը:
Պահանջատիրական պայքարը աւելի սերտ գործակցութեան հրամայականին առջեւ կը դնէ սփիւռքահայ կառոյցները` կուսակցութիւններ, եկեղեցի, ազգային-հասարակական կազմակերպութիւններ, բոլորիս հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայապահպանումը եւ պահանջատիրութեան հետապնդումը: Այս մարտավարութիւնը մեզ կը մղէ պատրաստելու ազգային առաքելութեան գիտակից սերունդ, հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ առաջ դասող սերունդ:
Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին համար կը խորհրդանշէ հաւաքական պայքարի վճռակամութիւնը եւ միասնականութեան ուխտը վերանորոգելու օրը:
Հայրենակիցնե՛ր, միասնաբար եւ հաւաքական կամքով` դէպի յաղթանակ: Ահա՛ մեր նշանաբանը:
Յարգա՛նք մեր ժողովուրդի նահատակներուն:
Փա՛ռք ու պարծանք մեր վերածնած հայրենիքին: