ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ
Փարիզի բանուորական խաղաղ մէկ թաղին մէջ, փողոցին անկիւնը, ճանբուս վրայ , այսօր հաւ մը կ՛երգէր, արեւէն գինովցած.
— Կա~ — կա~ — կա~…
Կանգ արի եւ խօսեցայ.
— Զուր է, հաւու՛կ, զու~ր է . այդ ձայնովդ դուն չես կրնար մտնել Քոնսերվաթուար:
Հաւը գլուխը ծռեց նարգիսի մը պէս եւ ինծի նայեցաւ մէկ աչքով, ճիշտ ինչպէս մարդ մը, որ մէկ աչքով կը նայի, երբ հեգնել ուզէ: Յետոյ շարունակեց իր երգը, արեւէն գինով.
— Կա~ — կա~ — կա~…
Ի՛նչ մեղքս պահեմ, անո~յշ էր հաւուն եղանակը եւ մտերիմ: Հին ձայն մըն էր, որ կը փրթէր հոգւոյս խորերէն: Լար մըն էր, որ կը թրթռար յիշատակներուս անտառին մէջէն:
Բանաստեղծութիւն մըն էր, որ կու գար հայրենի գիւղէս:
* * *
Ահա՛ մեր լեռերն են, պարուրուած՝ մշուշի մը մէջ:
Ահա՛ , մեր ջուրերն են, որ ջահերու նման կը փըշրուին բլուրներն ի վար:
Ահա՛, մեր լուս-աղբիւրներն են, որ կ՛երգեն իրենց փղոսրեայ սրինգներուն մէջէն, այգիներուն վերեւ:
Մեր գիւղեր~ը, իրենց գլխուն վրայ դրած արեւափար ժամ մը իբրեւ չաթալ-թագ, տեսէք ի~նչպէս, այգիներու եւ մրգաստաններու մէջ կանգնած, ինչպէս կ՛օրհնեն լիութիւնը դաշտերուն եւ արտերուն:
Մեր տունե~րը, ճերմակ ծեփով եւ կարմիր տանիքներով, վարդաշատ փեղկերով ու առատողկոյզ սարփինայով, մեր տունե~րը, մանանայի պէս սպիտակ ծուխով եւ երկնքի պէս կանանչ գօտիով, մեր տուները կարծես սեղան են նստեր զմրուխտ պարտէզի մը մէջ:
Ողջո~յն քեզ, հայրենի աշխհար, կարօտով անուշցած եւ յաւիտենապէս սիրելի:
Ողջո~յն քեզ, Հայաստա՛ն, մէկ հատիկ ներշնչարար, աշխատանքի հանդիսարան, աստուածներու օրօրան, փառքի վկայարան, ազատութեան աղօթարան, երկի՛րդ իմ արմէնեան, ողջո~յն, ողջո~յն, անգամ մը եւս ողջո~ յն:
Ի~նչ լոյս է այս եւ ի~նչ խաղաղութիւն:
Անտառներդ աղօթք մը ըսելու ձեւով մտամփոփուած են, հոգերդ երկունքի մը պատրանքով իրենց ընդերքը կը պատռեն: Իւղի գունդերու նման պտուղը կը կախուի ծառերէն, եւ ոսկեղէն թիթեռնկներու նման հասկերը կ՝ալեհոսին արտերուն մէջ: Ամբարները կը լեցուին մեղրով, պաստեղով ու ցորենով, եւ սենեակները կը բուրումնաւէտուին խնձորի, սերկեւիլի եւ գինիի հոտով:
Ի~ նչ հրաշք է այս, երկիրդ իմ հայրենի:
Ո՞վ է այն, որ կը վարէ եւ կը տնօրինէ: Ո՞վ է այն, որուն կը հպատակին ջուրերը, կենդանինրը եւ դաշտերու հողը: Ո՞վ է այն, որուն շունչը կը ծփայ աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան այս աննման համայնապատկերին վրայ:
Տարինե~ր ու տարինե~ր, հայ գիւղացին է կայներ այս հրաշք երկրին մէջ, իր շունչովն է հասցուցեր ամրան բերքը, լեցուցեր մառանները, յետոյ հրճուեր ու պարեր է՝ աշխատանքի երգով մը շրթները թըրթռուն, ստեղծագործութեան տենչով հոգին յորդուն:
* * *
Կար ժամանակ մը, երբ իրականութիւն էր այս ամէնը:
Ո՞վ էր այն, որուն շունչը չորցուց այքան կենդանութիւն: Ո՞վ էր այն, որուն ոտքի կոխան դարձան մարդիք եւ անասունները, գիւղերը եւ շէները:
Ո՞վ խլեց մեզմէ այս հրաշալի կեանքը:
Ինչո՞ւ չկան հիմայ կալի աշխատանքները, պարի երգերը, հայրենի բնանկարները: Եւ անոնց կարօտով կսկծուն՝ մեր հոգին կ՛արբենայ յիշատակներով ու մեր զգայարանքները կը լուսավառին պզտիկ գրգիռներէ, ինչպէս այժմ ամբողջ նրաշխարհս լեցեր է մեր զանգակներուն ղօղանջիւնով, մեր ամառնային գիշերներուն սրնդահարութեամբ եւ մեր անտառներուն սօսափիւնով: Աչքես ահա լեցեր են մեր արշալույներուն պատկերներով, ռունգերս լեցեր են մեր մրգաստաններուն անուշահոտութեամբ, մինչ քիմքս կը գինովցնէ զիս մեղրի եւ մանանայի քաղցրութեամբ:
Պիտի չմոռանան՛ք քեզ, երկի՛րդ իմ հայրնի, դուն մեր զգայարանքներուն մէջ ես, մեր արեան կրակին մէջ, մեր հոգւոյն շողերուն մէջ: Պիտի չմոռնա՛նք քեզ, Հայաստա՛ն, դուն մեր երազն ես եւ ամէն օր կ՛երեւիս մեզի, մենք կ՝ապրինք ու պիտի ապրինք հին փառքերը, հին օրերը, հին ուրախութիւնները:
Աննշան յիշատակ մը բաւական է գինովնալու համար քու անունովդ:
Հայրնի~ք, հայրնի~ք, հայրնի~ք …