ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, մեր ապրած երկիրներու հայ համայնքի զանազան կարիքներուն հասնելու, ծառայելու, նուիրուելու եւ տալու մղումը ինքնաբուխ ու յաճախ բնազդային երեւոյթ մը դարձած է: Պատճա՞ռը. մեր կոտորակուած ըլլալէն կու գայ, մայր հողէն հեռու, կազմակերպուած նոր կեանք մը ապրելու ձգտումէն կու գայ… եւ այսպէս՝ տասնամեակներ շարունակ:
Տասնհինգ թուականի բռնագաղթէն ետք, նորանոր գաղթերով հասանք մինչեւ Ամերիկաներ ու Աւստրալիա, որոնք մեզի պարտադրեցին նոր կեանք եւ նոր կացութաձեւ: Եւ մենք, մեր աշխատանքով յաջողեցանք ոտքի կանգնիլ եւ ոտքի պահել մեր ազգային, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մեր եկեղեցին:
Անտարակոյս, յաջողութեան ձգտող եւ այդ յաջողութիւնը նուաճող երիտասարդներէն մէկը եղած է եւ է նաեւ տոքթ. Սիմոն Գրիգոր Սիմոնեան, որուն կեանքի հանգրուանները հայուն վերջին 100ամեայ պատմութեան մէկ պատկերն են:
Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի զաւակ Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1975ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի (AUB) բժշկական բաժինը, ապա անցած Միացեալ Նահանգներ եւ մասնագիտացած Otolaryngology-ի մէջ՝ ականջ, քիթ, կոկորդ, նաեւ՝ գլուխ եւ վիզ, Թոմաս Ճեֆըրսընի անուան համալսարանին մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվենիա:
Տոքթ. Սիմոնեան մասնագիտական իր յաջողութիւններուն զուգահեռ, ունի 40 տարուան ծառայութիւն հայ համայնքին եւ Հայաստանեայց եկեղեցիին: Գլխաւորած է եւ կը շարունակէ գլխաւորել բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ: Եղած է ատենապետը ՀԲԸՄ Հայ համալսարանականներու միութեան՝ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ատենապետը Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, փոխատենապետը՝ Միացեալ Նահանգներու ՀԲԸՄի եւ ատենապետը՝ ԱՄՆի ՀԲԸՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովին: Եղած է անդամ ԹՄՄ Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան եւ այդ շրջանին մեծ աշխատանք տարած է Ալթատինայի ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի հիմնադրման մէջ:
Ներկայիս, տոքթ. Սիմոնեան կը վարէ ատենապետութիւնը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին՝ կազմակերպելով գրական եւ մշակութային բարձրորակ ծրագիրներ:
Եկեղեցիէն եւ ամերիկահայ գաղութէն ներս իր բերած ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք, 2011ին տոքթ. Սիմոնեան արժանացած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին: Ի դէպ, 1988ին հիւսիսային Հայաստանի մէջ պատահած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, ան երկու տարի շարունակ մեկնած է Հայաստան եւ մասնագիտական իր հմտութիւնները տրամադրած մեր հայորդիներուն:
Տոքթ. Սիմոնեան ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչ զաւակ: Մայիս 9ին, արժանին մատուցուեցաւ անոր, երբ ամերիկեան ամենահեղինակաւոր՝ «Էլիս Այլընտ» շքանշանը ստացաւ՝ վեց այլ հայորդիներու եւ խումբ մը այլ արժանաւորներու հետ:
Ինչպէս ծանօթ է, այս շքանշանը կը շնորհուի բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց շրջանակէն ներս մատուցած են երկար տարիներու բացառիկ ծառայութիւններ:
Այս առիթով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու համախմբումը, իր առաքելութեան գիտակից՝ Շաբաթ, Օգոստոս 1ի երեկոյեան պիտի պատուէ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանը, հաւաքոյթի մը ընթացքին:
Կը շնորհաւորենք մեծարեալը՝ մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, շարունակելու համար մեր ազգին, եկեղեցիին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան իր բերած օժանդակութիւնները՝ մասնագիտութեան եւ ծառայասիրութեան ճամբով: