Սիրելի շրջանաւարտներ, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր, ուսուցիչներ, կրթական մշակներ եւ պատասխանատուներ, բարեկամներ.
Գոհունակ ու երախտապարտ սրտով՝ այսօր կը դիմաւորենք մեր հերոսները, մեր բանիմաց ու իմաստուն շրջանաւարտները, որոնք քիչ ետք պիտի արժանանան իրենց առաջին վկայականին, որ գալիք պայծառ օրերու, բարձրագոյն վկայականներու նախանշանն է անկասկած: Երախտապարտ ենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որուն հայրական խնամքին ու հոգատարութեան շնորհիւ՝ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ, ու կը տօնենք մեր սաներուն այս բացառիկ յաջողութիւնը:
Երախտապարտ ենք ձեզի՝ սիրելի ծնողներ, մեր Վարժարանին հանդէպ Ձեր ցուցաբերած վստահութեան եւ ուսումնական տարուան ընթացքին Ձեր կատարած աշխատանքին համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Կրթական Յանձնախումբին ու բոլոր բարերարներուն՝ իրենց ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական նեցուկին համար: Շնորհակալութիւն Տիկնանց եւ Ծնողաց Յանձնախումբերու բոլոր անդամներուն՝ դպրոցին նեցուկ կանգնելու իրենց պատրաստակամութեան եւ տարած կամաւոր ու անշահախնդիր աշխատանքին համար: Երախտապարտ ենք մանաւանդ՝մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց տարած անշահախնդիր, անհաշիւ, տքնաջան աշխատանքին համար, որուն հիւթեղ պտուղները կը քաղենք այսօր մենք:
Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան թէ երախտագէտ երեխաները՝ ապագային աւելի ուրախ եւ լաւատես, եւ նուազ ընկճուած (depressed) ու ճնշուած (stressed) անձեր կ՛ըլլան: Մեր պարտականութիւնը իր աւարտին հասցնելու համար՝ անհրաժեշտ է նաեւ, որ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան այս զգացումները փոխանցենք մեր զաւակներուն: Մեր զաւակները պէտք է գիտակցին, թէ մենք բոլորս – միութիւն, ծնողք, կրթական յանձնախումբ, ուսուցիչներ եւ տնօրէնութիւն – որքան ճիգ ու աշխատանք տարած ենք ու կը տանինք՝ որպէսզի անոնք վայելեն այս հանգիստ ու ապահով ուսումնական եւ ընտանեկան միջավայրը: Մեր զաւակները պէտք է սորվին երախտապարտ ըլլալ – անոնք պէտք է հասկնան թէ՝ իրենց ծնողները, ուսուցիչները եւ դպրոցը, ի գին բազմաթիւ զոհողութիւններու՝ կը հայթայթեն այս բարձրորակ ուսումը:Երախտագիտութիւնը սակայն՝ բնածին մարդկային յատկանիշ մը չէ, զայն պէտք է ուսուցանել՝ այնպէս, ինչպէս կ՛ուսուցանուին լեզուները, ուսողութիւնը կամ գիտութիւնը:
Երախտագիտական ու շնորհակալական այս զգացումները պէտք է սերմանենք՝ մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ յաճախ «շնորհակալութիւն» բառը օգտագործելով, եւ երբեմն՝ մեր զաւակներուն բազմաթիւ պահանջներուն պարզապէս «ոչ» ըսելով: Մեր զաւակները օրական, երբեմն ժամականդրութեամբ,պահանջներ ունին կատարելիք –խաղալիքներ, ipadներ ու tabletներ, շաքարեղէն, համակարգչային խաղեր, երբ քիչ մը մեծնան՝ facebook եւ բջիջային հեռաձայններ: Չենք կրնար երախտագիտութիւն սորվեցնել՝ նմանատիպ քմահաճոյքներու անվարան ընթացք տալով: Մեր զաւակները պէտք է հասկնան, թէ իրենց ստացած նուէրները իրենց տրուած շնորքներեն, եւ թէ անոնց տիրանալու համար՝ անոնք պէտք է շատ աշխատին, իսկ ստանալէ ետք՝ պէտք է բերանացի, գրաւոր կամ գծագրութեամբ մը արտայայտեն իրենց շնորհակալութիւնը ու երախտագիտութիւնը:
Ուրեմն, այս անգամ մեր սաներուն անունով՝ դարձեալ շնորհակալութիւն մեր Միութեան, կրթական յանձնախումբին, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան՝ այստարեշրջանին
Ընթացքին իրենց տարած անշահախնդիր, տքնաջան աշխատանքին համար: Վարձքերնիդ կատար, սիրելիներ: Ձեր տարած այս աշխատանքին շնորհիւ՝ մեր մանկապարտէզը այս տարի եւս բացառիկ յաջողութեամբ կազմակերպեց “open doors” օրը, նշեց Լիբանանի անկախութեան եւ ՀԲԸՄ հիմնադրութեան տարեդարձները, կատարեց Կաղանդի եւ Սբ. Զատկուան տօնակատարութիւնները, եւ ելոյթ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած “Փիւնիկի սլացք” համերգով: Մենք այսօր ճակատաբաց, հպարտութեամբ լեցուն գոհունակ սրտով կրնանք յայտարարել թէ մեր Մանկապարտէզը ամբողջացուցած է իր ստանձնած պարտականութիւնը եւ իր առաքելութիւնը աւարտած է յաջողութեամբ: Մեր սաները արդէն երեք լեզուներով կը կարդան, կը խօսին ու կը գրեն: Անոնք թիւ ու հաշիւ գիտեն, սակայն, ասոնց կողքին եւ նոյնքան կարեւոր՝ սորված են առողջ
ապրելու արուեստը: Անոնք գիտեն նաեւ ընկերասիրութեան, ծառայասիրութեան, եւպատկանելիութեան ոգիի անհրաժեշտութիւնը: Դաստիարակութեան այս հիմնական արժէքներուն հաւատալով՝ մեր Վարժարանը ՝ մեր ժողովուրդի յարատեւութեան, բարօրութեան, ու ապագայ զարգացման երաշխիքը հանդիսացող ոգին, շունչը, արժէքները կը փոխանցէ 100-ամեակի այս փաղանքին: Անցեալի այս փորձառութենէն ելլելով, կը հաւատանք որ մեր այսօրուան շրջանաւարտները, նոյնպէս զինուածմեր Վարժարանի ջամբած գիտելիքներով՝պիտի քալեն նոյն հաւատքով, նոյն ուղիով, բազմաթիւ յաջողութիւններու պիտի հասնին, պիտի պայքարին՝ արդարութեան վերահաստատման ու մեր իրաւունքներուն վերատիրացման համար, միշտ վայելելով իրենց ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան, Կրթական Յանձնախումբին, մերբոլորին, մեր Միութեան անսակարկ նեցուկն ու գուրգուրանքը:
Սրտանցկըշնորհաւորենքմերշրջանաւարտներնուանոնցծնողները,
Յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ,
Շնորհակալութիւն: