Շաբաթ, 13 Յունիս 2015ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն առաջ, արդէն Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի հանդիսասրահը վերածուած էր մեղուափեթակի, ծնողներու, հարազատներու ու բարեկամներու կողքին, պատասխանատուներու, տնօրէններու, կրթական մշակներու ու հիւրերու ներկայութեամբ, որոնք եկած էին մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսի վկայականներու բաշխման հանդէսին մասնակցելու:
Հանդէսը կը վայելէր ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հովանաւորութիւնը, ներկայութեամբ ատենապետուհի՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի եւ անդամներ՝ Տիկ. Արտա Եանըքեանի եւ Պրն. Մայք Կիրիթլեանի:
Սրահը բեմահարթակը աչքառու զարդարանքներով ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնորոշողգոյներով եւ արտայայտութիւններով ողողուած էր, օրուան հանդիսութեան համապատասխանող խորհուրդով, գեղեցիկ պատրաստութեամբըուսուցչուհի Տիկ. Թամարա Շիր Յակոբեանի:
Հանդէսը սկսաւ ճիշդ ժամուն, ներկաները յոտընկայս ունկնդրելով Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄիութեան քայլերգները, որմէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց պատասխանատու մանկապաարտիզպանուհի Տիկ. Թալին Մարգարեան, շեշտելով թէ այս տարուան շրջանաւարտները կը նուիրուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին (Խօսքը՝ առանձին):
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ ու զարգացաւ հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
. «Կենդանի Պատկեր», որ կը ներկայացնէր Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, իր ազգային-ժողովրդային, մշակութային-մտաւորական, գեղջկական-ազնուական խօսուն երանգով եւ հանդերձանքներով, որուն յաջորդեց «Վերածնունդ»ը, հայ ժողովուրդին վերազարթօնքը եւ գոյութեան վճռակամութիւնը հաստատող եւ արտայայտող խօսքերով:
. «Բարի Գալուստ»ի գողտրիկ խօսքեր արտասանեցին՝ փոքրիկներ Սարոն եւ Մատլէնը, ապա, հաւաքական երգերը՝ «Մանուկներն ենք», «Հայաստան», «Ալ ու Ալուան», «Անոյշ Հայրենիք», «Սարերդ Բարձրիկ», հայրենական եւ ազգային ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին հանդիսականները, իրենց ոգեւորիչ բացականչութիւններով ու ծափողջոյններով:
Ճօնաթանը, Էլիօն, Մանօն, Էնթինին եւ Սարինը մանկաշունչ «զրոյց» մը ունեցան, որմէ ետք, Ծաղիկ դասարանը Արաբական պար մը հրամցուց, խանդավառելով սրահը, ապա, խրոխտ կշռոյթով արտասանուեցաւ «Մեր Ազգ»ը:
. Ալեքսի, Միքայէլի եւ Սագոյի «զրոյց»ը եւս գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ, որուն յաջորդեց Կոկոն դասարանի Յունական պարը, ապա, «Հայաստան» արտասանութիւնը,դարձեալ խանդավառող մթնոլորտի մը մէջ:
. Մարիլինի «խօսք»էն ետք, Ծիլ դասարանը ներկայացուց Եւրոպական պար մը, իսկ «Մատիկներ» երգը արժանացաւ բոլորին ծափահարութեան:
. Ուրիշ «զրոյց» մը ընթացաւ Ճօնաթանի, Գլարայի ու Սարինի միջեւ, մինչ բողբոջ դասարանը ներկայացուց ժամանակակից պար մը եւ «Բողբոջիկ եմ» արտասանութիւնը:
. Սարոյի եւ Մատլէնի «խօսք»էն ետք, Ծաղիկ դասարանը «Մեր Լեզուն» երգով ծաղկեցուց հանդէսը, իսկ հայկական պարերու շարանը՝ Ծաղիկ, կոկոն, ապա, մանկապարտէզի բոլոր աշակերտներու մասնակցութեամբ, թնդացուց սրահը:
. Քարտուղարուհի Օրդ. Սերենա Վարդապետեան շնորհակալական խօսք արտասանեց, բոլոր անոնց՝ Միութիւն, բարերարներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, ծնողներ, եւայլն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան վարժարանին գոյատեւման ու հզօրազման (Խօսքը՝ առանձին):
. Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, սրտի խօսքով, իր ուրախութիւնը ու գոհունակութիւնը յայտնեց այս հոյակապ հանդիսութեան ի տես, նախ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցին զայն, ապա, շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու ծնողները (Խօսքը՝ առանձին):
Այնուհետեւ, շրջանաւարտներու մուտքը, իրենց տարազներով, դիմաւորուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով, իսկ հայերէնով, արաբերէնով ու անգլերէնով «Մնաս Բարով»ները, հաւաքական արտասանութեամբ, յուզիչ եւ հպարտացնող էին:
Հուսկ՝ Օրդ. Վարդապետեան բեմ հրաւիրեց Պրն. Մայք Կիրիթլեանը, «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեանը, տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանը եւ Տիկ. Թալին Մարգարեանը, որոնց ձեռամբ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները, մէկական գունագեղ վարդով, այդ վերջինը նուիրելով իրենց ծնողներուն:
«Մնաս Բարով Մանկապարտէզ» հրաժեշտի երգով, աւարտին հասաւ այս շքեղ հանդէսը, մինչ շրջանաւարտները, խանդավառ տրամադրութեան մը ընդմէջէն, արժանացան շնորհաւորանքի, իրենց ծնողներէն, ուսուցիչներէն ու հարազատներէն:
Մանկապարտէզի Շրջանաւարտներու անուանացանկ
2014-2015
- Աւետիսեան Մարիլին
- Աւետիսեան Սարգիս
- Պոյաճեան Գլարա
- Յովհաննէսեան Միքայէլ
- Գազանճեան Մատլէն
- Քէօշկէրեան Սարին
- Գէորգ Էլիօ
- Մարտիրոսեան Սարօ
9.Մաթար Էնթընի
- Սահակեան Ալեքս
- Սերայտարեան Ճօնաթան
- Չարըքեան Մանուէլ