ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 9 Դեկտեմբերին, Թալին Եագուպեանի հիւրընկալութեամբ կայացած ՀԲԸՄ-ի «Հայ Կին» կազմակերպութեան նուիրահաւաք-ճաշկերոյթին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի անունով իր մասնակցութիւնը բերած է Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան։
«Հայ Կին» բարեգործական կազմակերպութեան վարչութիւնը, ատենապետութեամբ Սոնա Եագուպեանի՝ աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր անխոնջ կերպով կ՛օգնէ Հայաստանի յղի կանանց, որպէսզի անոնք բարեկեցիկ պայմաններու մէջ մեծցնեն իրենց երեխաները:
Այս կազմակերպութեան ժրաջան անդամուհիներէն մէկն է Արշակուհի Դաւթեանը, որ Դեկտեմբեր 9ի նուիրահաւաքին պատիւի արժանացաւ։ Ան երիտասարդ տարիքին ամուսինը կորսնցնելով՝ իր չորս երեխաները մեծցուցած է ու իւրաքանչիւրին որակաւոր կրթութիւն ապահոված:
Առաջնորդին անունով, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան Օրհնութեան եւ գնահատանքի վկայական յանձնեց Արշակուհի Դաւթեանին՝ փոխանցելով սրբազան հօր սէրը, օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները:
Այնուհետեւ, Արշակուհի Դաւթեանի վկայականներ յանձնուեցան ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲՄԸ-ին եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ, վերջինը՝ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաջանեանի ձեռամբ:
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ մեծարեալին կենսագրութիւնը, որմէ ետք Սոնա Եագուպեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Արշակուհի Դաւթեանի արժանիքներուն եւ նուիրումին մասին:
Նշենք, որ Արշակուհի Դաւթեան քոյրն է Արեւմտեան թեմի 33 տարիներու նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի: