Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Գալիֆորնիոյ նահանգի, Սթիւտիօ Սիթիի, «Պիսթրօ Կարտըն» սրահին մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու Համախմբումին նախաձեռնութեամբ, մեծարանքի շքեղ երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ, ի պատիւ Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանի, որ Մայիս ամսուան ընթացքին, վեց հայորդիներու եւ խումբ մը այլ արժանաւորներու հետ ստացաւ ամերիկեան ամենահեղինակաւոր «Էլիս Այլընտ» մետալը: Ինչպէս ծանօթ է, այս մետալը կը շնորհուի բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց շրջանակէն ներս մատուցած են երկար տարիներու բացառիկ ծառայութիւններ:
Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի զաւակ Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1975-ին աւարտած է Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) բժշկական բաժինը, ապա անցած Միացեալ Նահանգներ եւ մասնագիտացած Otolaryngology-ի մէջ՝ ականջ, քիթ, կոկորդ, նաեւ՝ գլուխ եւ վիզ, Թոմաս Ճեֆըրսըն համալսարանի մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա:
Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեան մասնագիտական իր յաջողութիւններուն զուգահեռ, ունի 40 տարուան ծառայութիւն հայ համայնքին եւ Հայաստանեայց եկեղեցիին: Գլխաւորած է եւ կը շարունակէ գլխաւորել բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ: Եղած է ատենապետը Հ.Ե.Ը. Հայ Համալսարանականներու Համախմբումին՝ Լիբանանի մէջ, փոխ-ատենապետը Միացեալ Նահանգներու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ ատենապետը՝ Միացեալ Նահանգներու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովին:
Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեան ներկայիս կը վարէ ատենապետութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, կազմակերպելով գրական եւ մշակութային բարձրորակ ծրագիրներ:
Առ ի գնահատանք, Հայ Եկեղեցիէն եւ ամերիկահայ գաղութէն ներս իր բերած ծառայութիւններուն, 2011 թուականին Տոքթոր Սիմոնեան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիսկոս Գարեգին Բ.-ի սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալին: Ի դէպ, 1988-ին հիւսիսային Հայաստանի մէջ պատահած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, ան երկու տարի շարունակ մեկնած է Հայաստան եւ մասնագիտական իր հմտութիւնները տրամադրած մեր հայորդիներուն: Տոքթոր Սիմոնեան ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչ զաւակ:
Երեկոյթին հանդիսավարութիւնը վարեց Ասպետներու նախկին ատենապետ պրն. Գուրգէն Պերքսանլար: Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց Գերշ. ՏԷր Վաչէ Արք. Յովսէփեան: Ապա խօսք առաւ Հ.Բ.Ը.Մ. – Ասպետներու ատենապետ Տոքթոր Յարութ Եաղսզեան: Ան անդրադարձաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մէջ Մեծարեալին ունեցած դերակատարութեան:
Տոթքոր Սիմոն Սիմոնեան մարդը, հայը եւ միութենականը ներկայացուց «Մաշտոց» Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան: Ապա, հերթաբար խօսք առին պրն. Սեւակ Սիմոնեան՝ Տոթքոր Սիմոնեանի որդին, պրն. Զաւէն Քէօշկերեան՝ Հ.Բ.Ը.Մ.- Ասպետներու վարչութենէն, Դոկտ. Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան՝ « Տը Արմինիըն Օպզըրվըր»ի խմբագիր, Մեծարեալին եղբայրը՝ տոքթոր Միհրան Սիմոնեան: Հ.Բ.Ը.Մ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի խօսքը փոխանցեց՝ վարչութեան փոխատենապետ պրն. Յակոբ Սեփեթճեան: Խօսք առաւ նաեւ Միութեան փոխատենապետ պրն. Սինան Սինանեան, որ միաժամանակ ընթերցեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորագիրը: Այս ուրախ առիթով, տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանին շնորհուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան «Պատուոյ, Անդամ»ի բարձր կոչումը: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատեց տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանի վաստակը եւ արժանին մատուցեց անոր: Խօսք առաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու անդրանիկ վարչութեան ատենապետ պրն. Ժագ Ապաճեան: Ընթերցուեցաւ լիբանանահայ մտաւորական Արամ Սեփեթճեանի շնորհաւորագիրը:
Շնորհաւորական խօսքերէն ետք, յոբելեար՝ տոքթոր Սիմոն Սիմոնեան փոխանցեց իր շնորհակալական խօսքը: Ան յատկապէս շեշտեց, թէ այդ ծառայութիւնները թերի պիտի մնային, առանց իր կեանքի ընկերջ՝ Լենայի ցուցաբերած հանդուրժողութեան եւ առողջ ըմբռնման, որուն շնորհիւ տոքթոր Սիմոն Սիմոնեան կամաւոր ծառայած էր ազգային հաստատութիւններուն եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ին:
Երեկոյթի աւարտին, Հ.Բ.Ը.Մ.-Ասպետներու ատենապետ տոքթոր Վարդան Եաղսզեան, Ասպետներու « Ոսկեայ Նշան»ով զարդարեց Մեծարեալին լամբակը, ինչպէս նաեւ երկու տարբեր յուշանուէրներ յանձնեց տէր եւ տիկին Սիմոնեաններուն:
Այս ուրախ պատեհութեան առիթով, Հ.Ե.Ը.-ի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանը, անոր ազնիւ տիկինը՝ Լենա Օգնայեան- Սիմոնեանը, մաղթելով՝ բոլորանուէր աշխատանք եւ քաջառողջութիւն, որպէսզի երիտասարդական աւիւնով շարունակեն հայ համայնքին եւ շրջապատին իրենց նպաստը:
On Saturday August 1, 2015 the AGBU Asbeds Committee of Los Angeles honored Dr. Simon Simonian, who had been rewarded with the “Ellis Island” Medal of Honor, in Studio City’s Bistro Garden Hall, California.
It is worth to note that during his study years at AUB, Dr. Simonian has been the chairman of the AYA University Students Committee of Lebanon for many years.
On this wonderful occasion, the AYA Central Committee of Lebanon congratulates Dr. Simon Simonian and his wife Mrs. Lena Oknayan-Simonian wishing them all the best in their future endeavors.