Յարգարժան պետական, միութենական ու կրթական պատասխանատուներ,
Սիրելի ծնողք եւ պատուարժան հիւրեր,
Թանկագին բարեկամներ,
Հպարտութեամբ ու սրտի անհուն գոհունակութեամբ ՝ կը ներկայացնեմ 2014-2015 տարեշրջանի՝ ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան Երկրդ. Վարժարանի կրթական հունձքը:
Կրթական այս տարեշրջանը եւ աշակերտներու այս խումբը, անկասկած, դրոշմուած պիտի մնան մեր վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան յիշողութեան մէջ: Վստահաբար, տարիներ ետք իսկ, պիտի յիշենք այս դասարանի աշակերտները, որոնք կը յատկանշուին ընկերասիրական բարձր ոգիով եւ զիրար օգնելու անսպառ պատրաստակամութեամբ: Մանաւանդ՝ այս աշակերտները կը յատկանշուին պետական քննութիւններուն իրենց արձանագրած փայլուն արդիւնքներով: Շնորհիւ իրենց տարած աշխատանքին, եւ ուսուցիչներուն խնամատար հոգատարութեան ու ցուցմունքներուն՝ Լիբանանի պետական քննութեանց մասնակցող 19 աշակերտներէն յաջողութեան հասան 18-ը, չորսը՝ «լաւ» յիշատակութեամբ, իսկ մէկը՝ «շատ լաւ» յիշատակութեամբ: Կենսաբանական (LS) եւ Գիտական (GS) դասարաններու աշակերտները արձանագրեցին 100% յաջողութիւն, իսկ ընկերատնտեսական բաժնի պարագային՝ 10 մասնակից աշակերտներէն յաջողութեան հասան 9-ը: Եկէք՝ ծափահարութեամբ մը ողջունենք մեր սաներուն այս հոյակապ յաղթանակը, եւ մաղթենք, որ այս իրագործումը՝ գալիք բազմաթիւ յաջողութիւններու նախաբանը ըլլայ իսկապէս:
Պետական քննութիւններուն՝ նմանատիպ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին նաեւ 9-րդ դասարանի աշակերտները: Պրէօվէյի պարագային՝ ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարաններէն քննութեան ներկայացան 20 աշակերտներ, որոնցմէ 19-ը հասան յաջողութեան, երեքը՝ «լաւ» յիշատակութեամբ, իսկ երկուքը ՝ «շատ լաւ» յիշատակութեամբ: Եկէք, ծափահարութեամբ մը դիմաւորենք նաեւ մեր 9-րդ դասարաններու աշակերտներուն այս իրագործումը, եւ յաջողութիւն մաղթենք քննութեանց երկրորդ շրջանին պատրաստուող մեր երկու աշակերտներուն:
Պետական քննութեանց յաջողութեան այս արդիւնքերը անակնկալ ու զարմանալի չեն բնաւ: Հիմնադրութեան օրէն ի վեր, եւ աւելի քան 75 տարիներու վրայ երկարող իրենց առաքելութեան ընթացքին, ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարանները միշտ արձանագրած են այսպիսի պատուաբեր արդիւնքներ: Վստահ ենք, որ այս աւանդութիւնը պիտի շարունակուի ապագային, եւ ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու աշակերտները՝ նմանօրինակ նուաճումներ պիտի իրագործեն գալիք տարիներուն եւս, իրենց ջանասիրութեան եւ ուսուցիչներու արհեստավարժ մօտեցումին ու նուիրական աշխատանքին շնորհիւ, եւ մեր վարժարաններու ջամբած բարձրորակ կրթութեան եւ արդի դաստիարակչութեան վրայ հիմնուած ուսումին շնորհիւ:
Դպրոցի մը կատարած շնորհակալ գործը, սակայն, կարելի չէ արժեւորել միայն պետական քննութեանց ընթացքին անոր աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքներով: Թիւն ու հաշիւը, գիտութիւնն ու լեզուները կարեւոր են անկասկած, սակայն՝ չմոռնանք, թէ մեր վարժարանի հիմնական առաքելութիւնը կը կայանայ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանման, տարածման ու զարգացման մէջ: Մեր վարժարանները ճիգ ու աշխատանք չեն խնայեր՝ այս առաքելութիւնը իր կատարման հասցնելու համար, թէ՛ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասաւանդութեամբ, թէ՛ շաբաթական ատենամարզանքներու միջոցաւ, եւ թէ՛ արտադասարանային աշխատանքներու եւ նախաձեռնութիւններու ճամբով: Այս տարի, վարժարանիս աշակերտները մեծ շուքով կատարեցին Սրբոց Թարգմանչաց եւ Վարդանանց տօնակատարութիւնները, եւ զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Հայեցի արժէքներու պահպանման ու նոր սերունդներու փոխանցման գործընթացին կարեւոր մէկ օղակը նաեւ՝ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ՝ մեր վարժարաններու Շուշի թատերախումբի ներկայացուցած «Վերադարձ» թատերախաղն էր, որ ներկայացուեցաւ գրեթէ արհեստավարժ դրոյթով, եւ արժանացաւ հանդիսատեսին գնահատանքին եւ երկար ծափահարութիւններուն:
Իւրայատուկ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յանձնախումբին նախաձեռնած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Հայոց Պատմութեան ու Մշակոյթի զարգացման մրցումը, որ տեղի ունեցաւ 15 Ապրիլին, ՀԲԸ Միութեան 109-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւններու ընթացքին: Մրցանքին մասնակցեցան ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններու վերին նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդականի բոլոր աշակերտները. 33 աշակերտներ արժանացան մրցանակի, եւ իւրաքանչիւրը ստացաւ նորագոյն արհեստագիտութեամբ օժտուած tablet-ներ՝ շնորհիւ Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններու, եւ Տէր եւ Տիկ. Գրիգոր եւ Մարալ Մահսերեճեաններու նուիրատուութեան: Նոյն ծիրէն ներս, այս տարի եւս, ինչպէս անցեալ 4 տարիներու ընթացքին, ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններէն՝ ուսումնապէս ու վարքով յառաջադէմ աշակերտներ, շնորհիւ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեաններու նուիրատուութեան, Օգոստոս 3-21 անվճար դրութեամբ պիտի ուղղուին Հայաստան՝ ՀԲԸՄ «բացայայտիր Հայաստանը» “Discover Armenia” ճամբարին մասնակցելու, ուր պիտի լիցքաւորուին հայրենիքի համով ու շունչով, ու անհուն սիրով պիտի կապուին անոր:
Հայապահպանման ու նկարագրի կերտման այս աշխատանքին հետ զուգահեռ՝ մեր վարժարաններէն ներս, դասաւանդութեան, շաբաթական ատենամարզանքներու եւ դաստիարակչական պտոյտներու միջոցաւ՝ մենք շարունակեցինք արուեստներու կարողութիւններու զարգացման հոլովոյթը: Մեր սաները բազմաթիւ թանգարաններ ու մշակութային կեդրոններ այցելեցին: Բազմաթիւ ատենամարզանքներու միջոցաւ՝ անոնք զարգացուցին արուեստի իրենց ձիրքերը, որուն հետ աճ արձանագրեց նաեւ անոնց ինքնավստահութիւնը: Մեր սաները սորվեցան նաեւ առողջ ապրելու արուեստը: Մարզանքը՝ լայն տեղ գրաւեց դպրոցական եւ յետ-դպրոցական մեր գործունէութիւններուն մէջ, որուն ծիրէն ներս՝ մեր սաները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին Beirut Marathon եւ Beirut Youth Marathon-ին, իսկ ուրբաթօրեայ յետ-դպրոցական խմբակներու գործունէութեան շնորհիւ, մեր աշակերտները թէքուանտօյի, ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ ճատրակի նման մարզաձեւերու հետեւելու առիթն ունեցան:
Պէտք է յիշել նաեւ, թէ մեր վարժարանէն ներս՝ գործի զանազան ասպարէզներու ծանօթացումն ու ընտրութեան գործընթացը (career planning and orientation) արժանացաւ յատուկ ուշադրութեան: Ուսումնական տարուան ընթացքին, մեր աշակերտները այցելեցին զանազան համալսարաններ, եւ մասնակցեցան տարբեր համալսարաններու մէջ կազմակերպուած դասընթացներու: Օրինակի համար, կարելի է յիշել՝ Model United Nations ծրագիրը, կամ այս օրերուն LAU համալսարանին մէջ կազմակերպուած ամառնային երկշաբաթեայ մասնագիտական դասընթացները, որուն կը մասնակցին 11-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ: Իւրայատուկ էր նաեւ մեր Վարժարանի կազմակերպած “Shadow Day” ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս՝ ինչպէս անցեալ տարիներուն, 11-րդ դասարաններու մեր սաները ուղղուեցան տարբեր առեւտրական կամ բարեսիրական հաստատութիւններ, եւ տեղեկութիւններ քաղեցին զիրենք հետաքրքրող մասնագիտութիւններուն մասին:
Նշենք թէ բազմերես այս ծրագիրները իրականացան ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին ու մեր բարերարներուն նուիրատուութիւններուն եւ անձուրաց կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ: Այս առթիւ, թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել վարժարանս հովանաւորող Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ անոր տարբեր կառոյցներու բոլոր անդամներուն եւ բարերարներուն՝ մեր Վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած խնամքին եւ տրամադրած նիւթաբարոյական նեցուկին համար: Յատուկ շնորհակալութիւն՝ Կրթական Յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք մօտէն հետեւեցան մեր վարժարաններու աշխատանքին, կատարեցին իրենց նիւթական ու բարոյական ներդրումը, սատար կանգնեցան մեր սաներուն՝ համալասարանական իրենց ուսումնառութեան ընթացքին իսկ, եւ մասնագիտական զարգացման ու գիտելիքներու թարմացման առիթներ ստեղծեցին մեր ուսուցիչներուն համար: Վարձքերնիդ կատար սիրելիներ:
Այսօր, ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կրնանք յայտարարել, թէ ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններէն ներս, աշակերտներուն միջեւ կը տիրէ ընկերային օրինակելի եւ առողջ մթնոլորտ մը, որուն ստեղծման ու պահպանման մէջ, մանաւանդ՝ արտադպրոցական գործունէութիւնները համակարգելու եւ կազմակերպելու իմաստով, իրենց գնահատելի ներդրումը ունին նաեւ ՀԵԸ-ի սկաուտական խումբերը, փողերախումբն ու «Արին» պարախումբը: Բարձր կը գնահատենք ՀԵԸ-ի տարբեր կառոյցներուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ որ կը նպաստէ մեր վարժարաններու աշակերտութեան ընկերային, մարմնային ու հոգեկան առողջ զարգացման, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ու Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անթիլիաս Սեւան գործադիր մարմիններուն՝ ընթացիկ տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած համագործակցական բարձր ոգիին ու պատրաստակամութեան համար:
Շնորհակալութիւն «խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրակազմին, ինչպէս նաեւ Տեմիրճեան Կեդրոնի տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան՝ տարեշրջանի ընթացքին իրենց ցուցաբերած համագործակցական լայն ոգիին համար, ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի անդամներուն իրենց անշահախնդիր աշխատանքին համար:
Թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել մեր ծնողներուն, որոնք մեր դպրոցի ապահով միջավայրին վստահեցան իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը, եւ համբերութեամբ հետեւեցան իրենց զաւակներուն ուսումնական աշխատանքներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Վարժարանիս բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ուսումնական այս տարեշրջանին ընթացքին իրենց տարած անշահախնդիր, տքնաջան աշխատանքին համար, որուն հիւթեղ պտուղները կը քաղենք այսօր մենք: Վարձքերնիդ կատար, սիրելիներ:
Կատարուած այս հսկայական աշխատանքին արդիւնքը՝ յայտնի է բոլորիս: Մեր շրջանաւարտները՝ թէ Լիբանանի, եւ թէ արտերկրի տարբեր եւ լաւագոյն համալսարաններուն մէջ, կ՛արձանագրեն պատուաբեր արդիւնքներ, կ՛աւարտեն բարձր պատուոյ եւ գերազանց յիշատակութիւններով, արժանանալով բազմազան մրցանակներու: Վստահ ենք, թէ այսօրուան մեր շրջանաւարտները եւս պիտի քալեն նոյն ճամբով, ու տարբեր համալսարաններու մէջ՝ կատարեալ ու հպարտալի արդիւնքներ ձեռք ձգելով՝ բարձր կը պահեն մեր դպրոցին անունն ու պատիւը:
Սիրելի շրջանաւարտներ,
Ձեր ուսումնառութեան ընթացքին՝ մեր սիրելի վարժարանէն ներս դուք գիր ու խօսք սորվեցաք, ու վայելեցիք ազատ ու անկաշկանդ արտայայտուելու բացառիկ ազատութիւնը: Գիտէք, խօսք կայ՝ որ շինիչ է, եւ խօսք կայ՝ որ կ՛աւերէ ու կը քանդէ: Կը յուսանք, որ արդէն սորված էք ձեր խօսքերը իմաստութեամբ ընտրելու դժուարին արուեստը:
Մեր վարժարանը պայմաններ ստեղծեց, խթանեց ու զարգացուց ձեր ինքնավստահութիւնը: Գիտէք սակայն, թէ ինքնավստահ ու համարձակ ըլլալը պէտք չէ շփոթել անքաղաքավար ու արհամարհական կեցուածքի հետ: Կը յուսանք, թէ ձեր մէջ զարգացաւ նաեւ այս երկուքը զանազանելու ունակութիւնը:
Մեր վարժարանը նաեւ ձեզի սորվեցուց լուրջ աշխատանքով՝ հասնիլ լաւագոյնին, հաւատալ ու ձգտիլ գեղեցիկին, բարիին ու վսեմին: Յուսանք, թէ դուք ձեր հետ կը տանիք այս շունչը, եւ կը գործէք այնպէս՝ որ հպարտ ըլլաք ձեր աշխատանքի արդիւնքով, եւ ձեր ծնողները, ուսուցիչները, վարժարանն ու միութիւնը հպարտ ըլլան ձեր ապագայ իրագործումներով:
Մեծ պատիւ է ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալը: Պատիւ, որ ամէն մարդու չի տրուիր: Մեր մեծ աշուղ՝ Սայաթ Նովայի խօսքերով՝
Ամէն մարդ չի կանայ խմի՝ իմ ջուրն ո՛ւրիշ ջրէն է,
Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ՝ իմ գիրըն ո՛ւրիշ գըրէն է:
Ամէն մարդ չի կրնար այս վկայականին արժանանալ, մեր ջամբած լոյսը ու՛րիշ լոյսէն է: Պարտաւորիչ է ձեր ստանալիք այս վկայականը, եւ ձեզ կը դնէ՝ բոլորին միշտ յարգելու, հայ ժողովուրդին անսակարկ ծառայելու, ձեր զաւակները՝ հայկական վարժարան ուղղարկելու, արդար ու լայնամիտ ըլլալու բարոյական ծանր ու անխուսափելի պարտականութեան տակ: կը յուսանք, որ դուք գիտակցիք ձեզի շնորհուած այս վկայականի կարեւորութեան, արժէքին եւ իմաստին, ու յետ այսու եւ միշտ՝ տէր կը կանգնիք ձեր ստանձնած համապատասխան պարտաւորութիւններուն:
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները,
Յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ,
Շնորհակալութիւն: