Ուրբաթ, 18 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանի հրաւէրով աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան,պաշտօնէութեան եւ ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Միութեան գործունէութեան մասին: Ապա տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում:
Հանդիպումը աւարտեցաւ աշխատանքները շարունակելու յանձնառութեամբ եւ յիշատակի նկարով: