Յարգարժան անդամ-անդամուհիներ՝
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբ. Շրջանակի
Յարգելիներ,
15 Ապրիլ 1906 թուականը ոչ միայն յատկանշական օր է ՀԲԸՄ-ի անդամութեան համար, այլ եզակի ու ուրախառիթ թուական՝ ամբողջ հայ ժողովուրդի զանգուածներուն համար, քանի որ այդ թուին է, որ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշա եւ իր հաւատքի ու տեսիլքի տէր ընկերները, ապագայի նկատմամբ ունենալով բարձր ու յստակ գիտակցութիւն, հիմնադրեցին ազգային գաղափարական ամուր արմատներու վրայ բարձրանալիք այս ազգանուէր Միութիւնը, որպէսզի ան օգտակար հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք, աննահանջ ոգիով:
Այսօր, այդ թուականէն անցած են 115 երկար տարիներ եւ սակայն ՀԲԸՄ-ը երբեք ու երբեք չէ կորսնցուցած իր երիտասարդ ու խանդավառ կենսունակութիւնը, այլ, ընդհակառակը քալելով ժամանակի հետ եւ գոհացնելով ժամանակի պահանջքը, հասած է մեր օրերը, շահելով մեծ վարկ ու համբաւ, շահելով բարի ու օրինակելի անուն, որովհետեւ ան միշտ ալ սա- տար հանդիսացած է հայ ժողովուրդին, անոր թէ՛ տխուր եւ թէ՛ ուրախ օրերուն, դառնալով ըստ պահանջքի եւ դերի՝ որբախնամ, աղքատախնամ, գուրգուրալով բոլոր սեռերը՝ ըլլան անոնք երիտասարդ թէ տարեց, պանդուխտ թէ տնանկ՝ անխտրական ոգիով, անոնց աչքերուն արցունքի փոխան ցանելով ուրախութեան զգացում:
Ան՝ ՀԲԸՄիութիւնը, 115 տարի շարունակ ծառայած է նաեւ հայոց հայրենիքին, առանց նկատի ունենալու Հայաստանի հողին վրայ բարձրացած ու ծածանող դրօշակին գոյնը կամ հոն հնչող գաղափարական կարգախօսը՝ մինչեւ մեր օրերը:
Բարեգործականի ղեկավարութիւնը, ստուգապէս հաւատալով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ունեցած դրական դարաւոր դերին, անտեսած ամէն տեսակ աժան քննադատութիւն, նեցուկ կանգնած է նաեւ եկեղեցւոյ անսասանութեան՝ գնահատելով Եկեղեցւոյ ազգապահպանման ժառանգն ու աւանդը:
Սիրելիներ, ձեզի, բոլորիդ մօտէն ծանօթ են ՀԲԸՄիութեան տարած ազգօգուտ ծառայութիւնները բոլոր հայագաղութներէն ներս, մանաւանդ՝ Լիբանանէն ներս՝ 1910 թուականէն մինչեւ այսօր: Անոր տարիներու վրայ երկարած Մարդասիրական, Բարեգործական, Կրթական, Մշակութային, Ընկերային, Երիտասարդական, Մարզական ծաւալուն գործունէութիւնը արժանի է բացառիկ գնահատականի եւ պատուական ներբողի: Անոր մէկ ցցուն փաստն է ՀԲԸՄիութեան վերջին տարիներուն Լիբանանէ ներս կատարած բազմաբեղուն բարեգործութիւնը եւ մարդասիրութիւնը՝ շատ մը բնագաւառներէ ներս, զորս կը վկայէ ամբողջ լիբանանահայութիւնը:
Սակայն, շատ պիտի փափաքէի, որ գիտնայիք մէկ բան.
Բարեգործականը, փառքի համար չէ, որ աշխատած է..:
Բարեգործականը, դիրքի համար չէ, որ աշխատած է..:
Բարեգործականը, պաշտօն ու վարկ շահելու համար չէ, որ աշխատած է:
Ան աշխատած է միշտ լուռ ու անաղմուկ, հանդիսանալով ազգային առողջ գաղափարական ունեցող ամուր կառոյց, չհետապնդելով որեւէ քաղաքական աժան շահ, ակնկալութիւն կամ հետապնդում՝ իր առաքելութեան ընթացքին: Պէտք չէ մտահան ընել մէկ բան, որ անոր քաղաքական ուղղութիւնը եղած է միմիայն ազգային եւ անոր համար ալ արժանաւորապէս գնահատուած է բոլորէն: Արդարեւ, իր հիմնադրութենէն ի վեր Բարեգործականը իրեն ուղեգիծ ընտրած է բարոյական բարձր աշխատաոճ՝ որպէսզի մնայուն կերպով բարձր պահէ հայութեան անունը՝ ազգային, թէ միջազգային հարթակներու վրայ:
Յարգելիներ, այսօր, իր հիմնադրութենէն 115 տարիներ ետք, ազգանուէր այս մեծ Միութիւնը մեր ժողովուրդին ու պատմութեան կը ներկայանայ բոլոր ժամանակներէն աւելի բարձրաճակատ, ժիր ու աշխոյժ տրամադրութեամբ, երիտասարդ ու կորովի կամքով, իր ամէնահաս նուիրուածութեամբ սատար հանդիսանալու հայութեան բոլոր բեկորներուն ու նոյն բծախնդրութեամբ շարունակելու իր ազգադաւան սեպուհ առաքելութիւնը, քալելով ժամանակի շունչին հետ միասին, առանց վհատելու, առանց յուսահատելու, սկզբունք որպէս որդեգրած ըլլալով հիմնադիրներուն ու նախագահներուն անշեղ ուղեցոյցը՝ «ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ Է» կարգախօսը, համոզուած ըլլալով անոր գործնական առաքելութեան:
Յարգելի անդամ-անդամուհիներ եւ ՀԲԸ Միութեան սիրելի ու հաւատարիմ բարեկամներ.
Առանց մտահան ընելու ժամանակէ մը ի վեր մեր սիրելի հայրենիք Լիբանանէ ներս տիրող տագնապներն ու անորոշութիւնները, հաւատալով, յուսալով ու մաղթելով ամենաբարին մեր երկրին, ներկայ գիրով երբ կու գամ ողջունել ձեր բոլորը՝ Միութեան 115-րդ ուրախ տարեդարձին առիթով, կու գամ ըսել նաեւ, որ մեծ հարստութիւն ու հպարտութիւն է հայ ազգին համար ունենալ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նման առողջ ու կայտառ ազգային պատուաբեր կառոյց մը:
Եւ ես այսօր ուրախ եմ մեծապէս, որ ՀԲԸՄ-ը, իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ, երիտասարդի խիզախ խանդավառութեամբ եւ ամենայն վստահութեամբ կը նայի դէպի հայութեան վաղը-ն, դէպի մեր ազգի վրայ ծագելիք նորանոր արշալոյսներուն, միշտ հաւա- տալով իր հեռատես ղեկավարութեան գծած ազգային առողջ ճանապարհին ուղղութեան, յանձնառու պատասխանատուութեամբ հայապահպանութեան ջահը փոխանցելու համար գալիք սերունդներուն:
Սիրելիներ, այս բոլորը յանձնելէ ետք ձեր ուշադրութեան, կ’ըսեմ բարձրաձայն.
-Թող շնորհաւոր ու օրհնաբեր ըլլայ ՀԲԸՄ-ի 115 ամեակը՝ բոլորիդ ու մեր ժողովուրդին: Այս ուրախ առիթով ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, բարի տրամադրութիւն եւ յաջողութիւն՝ ձեր անձնական ու միութենանուէր գործերուն մէջ, յուսալով ամենաբարին:
Յարգանքներով ու սիրով՝
ՀԲԸՄիութեան
Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի
Ատենապետ՝
Ժէրար Թիւֆէնքճեան