13 Յունիս 2015-ին, Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի, մասնակցեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանի ի պատիւ կայացած ճաշկերոյթին:
Ճաշկերոյթը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղին կողմէ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին. Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան, Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Անի Մանուկեան եւ Լենա Սարգիսեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Յանձնախումբերու անդամներ, Հայկական Մշակութային Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ նուիրատուներ:
Նոյն օրը, Տիար Սեդրակեան մասնակցեցաւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարանի աւարտական հանդէսին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ: